Որոնել

Հրապարակային ունկդնրութիւն Հրապարակային ունկդնրութիւն

«Հաւատքի մէջ կեանքը». Ֆրանչիսկոս Պապին խորհրդածութիւնը

Հաւատքին լոյսը մեզի թոյլ կու տայ ճանչնալու, թէ որքան անսահման է Աստուծոյ ողորմութիւնը, այդ շնորհքը` որ կը գործէ մեր բարիքին համար։ Բայց այս միեւնոյն լոյսը` մեզի ցոյց կու տաղ նաեւ պատասխանատուութիւնը որ մեզի վստահուած է համագործակցելու համար Աստուած հետ, անոր փրկութեան ծրագրին մէջ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Ես խաչուած եմ Քրիստոսի հետ, այլեւս ես չեմ որ կ՛ապրիմ այլ Քրիստոս կ՛ապրի իմ մէջս։ Կ՛ապրիմ ներկայ կեանքս հաւատքին մէջ Աստուծոյ Որդիին. Որ զիս սիրեց եւ ինքզինք զոհեց ինծի համար» Սուրբ Պօղոսին գաղատացիներուն թուղթէն առնուած այս հատուածը առանցքը կազմեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, 29 սեպտեմբերի չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան զոր Ան գլխաւորեց Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճէն ներս, բազմահազար հաւատացեալներու մասնակցութեամբ։

«Սուրբ Պօղոսը գաղատացիներուն ուղղած իր նամակին մէջ կը քննարկէ «արդարացման» թեման, հաւատքին համար վճռական նիւթ մը» ըսաւ Սրբազան Պապը։

Աստուծոյ ներումը

Աստուած արդարեւ Յիսուսին մահուան միջոցաւ կործանեց մեղքը ու մեզի վերջնական կերպով շնորհեց ներումը եւ փրկութիւնը։

Արդարացումը զոր Աստուած կը գործէ մեր մէջ մեզի թոյլ կու տայ վերագտնելու այն անմեղութիւնը զոր կորսնցուցինք մեղքի պատճառաւ։ Անիկայ հետեւանքն է Աստուծոյ ողորմութեան, որ մեզի ներում կը շնորհէ (Քրիստոնէական Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ թիւ 1990)։

Պօղոս առաքեալ միշտ ի միտ ունի փորձառութիւնը, զոր փոխեց անոր կեանքը` Դամասկոսի ճամբուն վրայ Յիսուսին հետ հանդիպումը, որ զինք փոխակերպեց առիթ տալով բացայայտելու ճշմարտութիւնը, որ մինչեւ այդ պահը թաքուն էր իր աչքերուն։

Մենք արդարացանք շնորհիւ Յիսուս Քրիստոսի զոհաբերումին

Արդարացումը կարելի կ՛ըլլայ Յիսուս Քրիստոսի հաւատքին միջոցաւ, որ մեռաւ եւ յարութիւն առաւ մեզի համար։ Մենք արդար կը դառնանք ոչ թէ մեր ջանքերով, այլ Քրիստոսն է` որ իր շնորհքի զօրութեամբ մեզ արդար կը դարձնէ։

Իհարկէ, պատուիրանները պահելը էական է մեր հոգևոր կեանքին մէջ, բայց այս ալ նոյնպէս գործն է շնորհքին, զոր մենք կը ստանանք Քրիստոսէն:

Անորմէ է, որ մենք կ՜ընդունինք այն ձրի սէրը, որ մեզի թոյլ կու տայ, մեր կարգին, սիրելու շօշափելի կերպով։

Արդարացումը մեզ կը տեղադրէ փրկութեան երկար պատմութեան մէջ, որ մեզի ցոյց կու տայ Աստուծոյ արդարութիւնը. Մեր շարունակական անկումներու եւ մեր անբաւարար ուժերու դիմաց, Ան չի վհատեցաւ, այլ ուզեց մեզ արդար դարձնել ու այդ ըրաւ շնորհքի միջոցաւ, Յիսուս Քրիստոսին զոհաբերումով, անոր մահովն ու յարութեամբը։

Աստուծոյ ոճը

«Աստուծոյ ոճը մօտիկութիւն է, կարեկցութիւն ու քնքշութիւն է։ Եւ արդարացումը Աստուծոյ ամենամեծ մօտիկութիւնն է, Անոր Ամենամեծ կարեկցութիւնն է մեր հանդէպ եւ նաեւ Հօր ամենամեծ քնքշութիւնն է» ըսաւ Սրբազան Պապը հաստատելով որ արդարացումը Քրիստոսին մահուան ու յարութեան միջոցաւ մեր ազատ դարձնող պարգեւն է։

Այսպէսով հաւատքին լոյսը մեզի թոյլ կու տայ ճանչնալու, թէ որքան անսահման է Աստուծոյ ողորմութիւնը, այդ շնորհքը` որ կը գործէ մեր բարիքին համար։ Բայց այս միեւնոյն լոյսը` մեզի ցոյց կու տայ նաեւ պատասխանատուութիւնը, որ մեզի վստահուած է համագործակցելու համար Աստուած հետ, Անոր փրկութեան ծրագրին մէջ։

Վկայել Աստուծոյ անհուն սէրը

Սուրբ Յակոբը կը սորվեցնէ որ առանց գործերու հաւատքը կը մեռնի։ Ուստի հաւատքին պատասխանը կը պահանջէ, որ գործունեայ ըլլանք Աստուծոյ սիրոյն եւ մերձաւորի սիրոյն մէջ։ Շնորհքին զօրութիւնը կարիքը ունի միանալու մեր ողորմութեան գործերուն, զոր կոչուած ենք ապրելու վկայելու համար որքան մեծ է Աստուծոյ սէրը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/09/2021, 09:24

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >