Որոնել

«Անմիտ գաղատացիներ». Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը։

Ամուր պահենք այդ վստահութիւնը թէ երբ կը փորձուինք հեռանալ Աստուած կը շարունակէ իր պարգեւները զեղուլ մեր վրայ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի մէկ սեպտեմբեր 2021-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ նախագահեց հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան որուն առթիւ շարունակելով Պօղոս առաքեալի գաղատացիներուն ուղղած նամակին մեկնաբանութիւնը խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց նամակէն քաղուած հետեւեալ հատուածին վրայ

«Ո՛վ անմիտ Գաղատացիներ, ո՞վ հրապուրեց ձեզ. եւ սակայն ձեր աչքերուն առջեւ պատկերացուեցաւ խաչուած Յիսուս Քրիստոսը։Կ՛ուզեմ միայն հետեւեալը իմանալ ձեզմէ. արդեօք դուք Հոգին ընդունեցաք որովհետեւ Օրէ՞նքը գործադրեցիք, թէ որովհետեւ քարոզութեան հաւատացիք։  Այնքան անմի՞տ էք դուք, որ հոգիով սկսաք եւ հիմա վախճանին կը հասնիք` մարմինով»։

Նախկին խորհրդածութիւններուն մէջ տեսանք թէ ինչպէս Պօղոս առաքեալը գաղատացւոյ առաջին քրիստոնեաներուն ցոյց կու տայ թէ որքան վտանգաւոր է լքել իրենց սկսած ճանապարհը ընկալելու համար Աւետարանը. Վտանգը այն է որ անոնք իյնան ձեւակերպութեան մէջ ու ժխտեն իրենց ընդունած նոր արժանապատուութիւնը։

Վերոնշեալ հատուածը սկիզբն է նամակի երկրորդ մասին։ Մինչեւ հոս Պօղոսը խօսեցաւ իր կեանքի եւ իր կոչումի մասին. Թէ ինչպէս Աստուծոյ շնորհքը փոխակերպեց իր կեանքը զայն ամբողջութեամբ դնելով Աւետարանի ծառայութեան տակ։

Սուրբ Պօղոսին յորդորը չի հեռանալու Աւետարանի ուղիէն

Եւ ահա այժմ ան հարց կ՛ուղղէ գաղատացիներուն զանոնք դնելով իրենց կատարած ընտրանքին դիմաց ու անոնց ներկայ իրավիճակին դիմաց որ կարող է անհետացնել անոնց ապրած շնորհքի փորձառութիւնը։

Սուրբ Պօղոս արդարեւ զարմանք ու տխրութիւնը կ՜արտայայտէ անոնց վերաբերումին ի տես։ Ան դառնութեամբ անոնց կը յիշեցնէ իրենց ընդունած առաջին քարոզչութիւնը։ Քրիստոսի մէջ անոնց հաւատքը պտուղն է Աւետարանի քարոզութեամբ ընդունած շնորհքին։

Առաքեալը գաղատացիները «անմիտ» կ՜անուանէ երկու անգամ։ Այս կ՛ըսէ ոչ թէ որովհետեւ խելացի չեն այլ որովհետեւ առանց նոյնիսկ անդրադառնալու անոնք կը վտանգեն իրենց հաւատքը Քրիստոսի մէջ։

Սուրբ Պօղոսը գաղատացիներուն կ՛ուղղէ հարցումներ անոնց խիճը շարժելու միտումով։ Ան զանոնք կը գրգռէ որպէսզի անոնք յիշեն առաջին քարոզութիւնը զոր իրմէ ընդունեցան,  որով անոնց նուիրեց կարելիութիւնը ձեռք բերելու ազատութիւն մը որ մինչեւ այդ պահուն անյուսալի էր։

Քրիստոսի մէջ հաւատքը պտուղն է Աւետարանի քարոզութեան շնորհքին

Հռետորական հարցեր են անոնք որովհետեւ գաղատացիները լաւապէս գիտեն թէ Քրիստոսի մէջ հաւատքը պտուղն է Աւետարանի քարոզութեամբ ընդունած շնորհքին։ Սուրբ Պօղոսէն ունկնդրած քարոզութիւնը կեդրոնացած էր Աստուծոյ սիրոյ վրայ որ լիապէս յայտնուեցաւ Յիսուսի մահուան ու յարութեան մէջ։

«Սակայն ո՛չ ես, այլ Քրիստոս կ՛ապրի իմ մէջս։ Ես ներկայ կեանքս կ՛ապրիմ մարմինի մէջ` հաւատքովը Աստուծոյ Որդիին, որ սիրեց զիս եւ ինքզինքը զոհեց ինծի համար» կրկնած էր յաճախ առաքեալը։

Հաւատքին ծնունդը Աստուծոյ նախաձեռնութիւն  է եւ ոչ թէ մարդոց

Սուրբ Պօղոսին համար միայն Խաչեալ Քրիստոսը կարեւոր է։ Հաւատքին ծնունդը Աստուծոյ նախաձեռնութիւն  է եւ ոչ թէ մարդոց։ Սուրբ Հոգին է արդարեւ գաղատացիներուն փորձառութեան դերակատարը ու այժմ զայն երկրորդ դասակրագի վրայ դասելը առաջնութիւն տալու համար սեփական գործերուն պիտի ըլլար անմիտութիւն։

Սուրբ Պօղոսը մեզ ալ կը հրաւիրէ խորհելու հաւատքը ապրելու կերպի մասին մեր առօրեային մէջ. «Խաչեալ ու Յարուցեալ Քրիստոսին սէրը կը մնայ մեր կեանքին կորիզը, որպէս աղբիւր փրկութեան թէ կը բաւարարուինք կրօնական ձեւակերպութեամբ որպէսզի մեր խիղճը մաքուր նկատենք»։

Անցողականը յաճախ կը թակէ մեր առօրեայի դուրը սակայն անիկայ տխուր պատրանք մըն է, որ մեզ կ՞իյնացնէ մակերեսութեան մէջ ու մեզի արգելք կը հանդիսանայ զատորոշելու թէ ինչն է որ իսկապէս կ՜արժէ ապրիլ։

Աստուած երբեք չի դադրիր իր պարգեւները զեղելու մեր վրայ

Ամուր պահենք առ այդ վստահութիւնը թէ երբ կը փորձուինք հեռանալ Աստուած կը շարունակէ իր պարգեւները զեղուլ մեր վրայ։

Հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն Աստուած մեզ չի լքեր այլ կը մնայ մեր հետ իր ողորմած սիրով։ Ան նման է այն հօր որ ամէն օր կը սպասէր  իր զաւկին վերադարձը. Հօր սէրը յոգնութիւն չի ճանչնար։  Հայցենք իմաստութիւնը որպէսզի մշտապէս ի նկատի ունենաք այս իրականութիւնը ու հեռու պահենք ծայրայեղ մարդիկը որոնք մեզի կ՛առաջարկեն շինծու ճգնութեան կեանք մը։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/09/2021, 09:41

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >