Որոնել

Մարեմեան աղօթք։ «Ըլլանք մանուկներ, որոնք կը վստահին Հօրը».Ֆրանչիսկոս Պապ։

«Մենք մեզ փոքր ճանչնալը, մենք մեզ փրկութեան կարիքաւորներ ընդունիլը անհրաժեշտ բան է ընկալելու համար Տէրը» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, հաստատելով, որ «այս առաջին քայլն է բացուելու համար Անոր», թէեւ շատ յաճախ մենք կը մոռնանք այս մէկը երբ կը գտնուինք բարօրութեան մէջ ու մեզի կը թուի թէ ինքնաբաւ ենք եւ թէ կարիքը չունինք Աստուծոյ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 3 հոկտեմբեր 2021ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն գլխաւորեց Կիրակի օրուայ «Հրեշտակ Տեառն» Մարեմեան աղօթքը, որուն առթիւ սովորութեան համաձայն ներկայացուց աւանդական խորհրդածութիւնը մեկնաբանելով օրուան Աւետարանը, որ քաղուած էր Մարկոս Աւետարանիչէն, ուր Յիսուս անգամ մը եւս մանուկները կը ներկայացնէ որպէս տիպարներ, ինքզինք նոյնացնելով անոնց հետ։

Ունկնդրէ լուրը

Յիսուս իր աշակերտներուն սորվեցուցած էր, որ «ծառայութիւնը ամէնէն առաջ պէտք է մատուցի ամենափոքրիկներուն, այսինքն անոնց որոնց կեանքը կախեալ է ուրիշներէն» (Հմմտ. Մարկոս 9,35-37)։

Արդարեւ «այն որ զԱստուած կը փնտռէ, զայն կը գտնէ այնտեղ, փոքրիկներուն մէջ, կարիքաւորներուն մէջ» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը մատնանշելով, որ Յիսուս կը դժգոհի իր աշակերտներէն ու կը յանդիմանէ զանոնք, երբ անոնք կը սաստեն Իր մօտ մանուկները բերողները։

«Ճշմարիտ կ՜ըսեմ ձեզի, պիտի չմտնէ Աստուծոյ Արքայութիւնը, ով որ զայն չընդունիր մանուկի պէս» (Մարկոս 10,15) կ՛ըսէ Յիսուս իր աշակերտներուն ամբողջացնելով առաջին ուսուցումը, այսինքն աշակերտը պէտք չէ միայն ծառայէ մանուկին, այլեւ անոր մէջ պէտք է գտնէ ինքզինք, նոյնանայ անոր հետ։

«Մենք մեզ փոքր ճանչնալը, մենք մեզ փրկութեան կարիքաւորներ ընդունիլը, անհրաժեշտ բան է ընկալելու համար Տէրը» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, հաստատելով, որ «այս առաջին քայլն է բացուելու համար Անոր», թէեւ, աւելցուց Ան, շատ յաճախ մենք կը մոռնանք այս մէկը, այն ժամանակ երբ կը գտնուինք բարօրութեան մէջ ու մեզի կը թուի թէ ինքնաբաւ ենք եւ թէ կարիքը չունինք Աստուծոյ։

«Կեանքին մէջ մենք մեզ փոքր ճանչնալը մեկնակէտն է` որպէսզի մեծ դառնանք։ Եթէ պահ մը խորհինք պիտի հասկնանք, որ մենք կ՛աճինք ոչ թէ մեր յաջողութիւններուն հիման վրայ այլ եւ մասնաւորապէս պայքարի եւ տկարութեան պահերու ընթացքին» ըսաւ Քահանայապետը հաստատելով, որ «Հոն է` որ մենք կը հասուննանք, այնտեղ է, որ կը բանանք մեր սիրտը Աստուծոյ, միւսներուն ու կեանքի իմաստին»։.

«Աստուծոյ հետ դիւրաբեկութիւնը արգելք մը չէ այլ հնարադրութիւն է» ընդգծեց Ֆրանչիսկոս Պապը, դիտել տալով, որ այդ դիւրաբեկութեան մէջ է, որ մենք կը բացայայտենք, թէ որքանով Աստուած մեզի խնամք կը տանի։

Խաւարի եւ առանձնութեան պահերուն Աստուծոյ քնքշութիւնը աւելի շօշափելի կը դառնայ։ Մեզի խաղաղութիւն կը պարգեւէ, մեզ կ՜աճեցնէ։ Աղօթքին մէջ Տէրը մեզ իրեն կը սեղմէ` նման հօր մը իր զաւակին հետ։ «Այդպէսով է, որ մենք մեծ կը դառնանք այն զօրութեամբ, որ մենք Հօր մէջ կը դնենք բոլոր մեր յոյսերը, այնպէս ինչպէս կ՛ընեն մանուկները» ըսաւ ապա Քահանայապետը ու խորհրդածութիւնը եզրափակեց հրաւիրելով Սուրբ Կոյսէն հայցել փոքրիկ ըլլալու շնորհքը։

«Ըլլանք մանուկներ, որոնք կը վստահին Հօրը այն համոզումով որ Ան երբեք պիտի չի զլանայ հոգ տանելու մեզի»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/10/2021, 12:09

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >