Որոնել

 Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ

«Հաւատքը պարտականութիւն մը չէ` անիկայ սիրոյ հայեացք է, որ գիտէ ընկալել». Ֆրանչիսկոս Պապ։

«Հաւատք մը առանց պարգեւի, առանց ձրիութեան, առանց սիրոյ գործերու վերջ ի վերջոյ կը տխրեցնէ»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Այսօրուան ծիսակատարութիւնը մեզի կ՜առաջարկէ Յիսուսին հանդիպումը «շատ հարուստ» մարդու մը հետ (Մարկ. 10,22)։ Եւ այդ հանդիպումը մեզի թոյլ կու տայ քննելու համար մեր հաւատքը»։ Այս խօսքերով է որ Ֆրանչիսկոս Պապը սկիզբ տուաւ 10 հոկտեմբերի Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութեան զոր Ան  սովորութեան համաձայն արտասանեց իր գրասենեակի պատուհանէն, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ։ 

Հաւատքը պարտականութիւն չէ` ապրում է

Այդ երիտասարդը Յիսուսին հարց կու տայ. «Ի՞նչ պէտք է ընեմ, որպէսզի յաւիտենական կեանքը որպէս բաժին ժառանգեմ»։ Նկատի առնենք անոր օգտագործած բայերը «պէտք է ընեմ», «ունենալու» համար, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, նշելով, որ անոր հոգեւորականութիւնը «պարտաւորութիւն» նկատուած է` բան մը ընել ինծի ծառայող բան մը ընդունելու համար։

«Ասիկա առեւտրական յարաբերութիւն է Աստուծոյ հետ. Մինչ հաւատքը ազատութեան եւ սիրոյ հարց է» յարեց Սրբազան Քահանայապետը, հրաւիրելով հարցաքննել մեր հաւատքը ու տեսնել` եթէ մենք զայն կը նկատենք սակարկութեան լումայ, կամ փրկութեան պարգեւ եւ ասկէ մեկնելով, հրաւիրեց նախ ձերբազատուիլ առեւտրական հաւատքէն ու հետեւիլ Յիսուսի ուսուցումին որ` «նայելով այդ երիտասարդին, սիրեց զինք»։

Հաւատքը սիրոյ հայեացք է

«Հաւատքը պարտականութիւն մը չէ, անիկայ սիրոյ հայեացք է, որ գիտէ ընկալել» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը։ «Քրիստոնէական կեանքը գեղեցիկ կը դառնայ այն պահուն երբ չի հիմնուիր մեր կարողութիւններուն եւ ծրագիրներուն վրայ այլ Աստուծոյ հայեացքին վրայ», աւելցուց Ան յանձնարարելով միշտ փնտռել Աստուծոյ հայեացքը, թոյլ տալով որ Ան մեզ սիրէ։

Յիսուսին հրաւէրը

Հարցումէն եւ հայեացքէն ետք կայ երրորդ հանգրուան մը` Յիսուսին հրաւէրը, որ երիտասարդին կ՜ըսէ «միայն մէկ բան կը պակսի քեզի. Գնա ծախէ բոլոր ինչքերդ բաժնէ աղքատներուն եւ երկինքի մէջ գանձ պիտի գտնես»։

«Հարուստ մարդու մը ի՞նչ բան կրնայ պակսիլ եթէ ոչ նուիրումը, ձրիութիւնը» հարց տուաւ Քահանայապետը ու մատնանշեց` թէ մենք եւս շատ անգամ կը բաւարարուինք պատկանութիւնները կատարելով, կանոնները պահպանելով կամ մի քանի աղօթքներ արտասանելով, մինչ Աստուած` որ մեզի կեանք կը պարգեւէ, մեզմէ կը խնդրէ նաեւ կեանքի սլացքներ։

հաւատք մը առանց պարգեւի անկատար հաւատք է

«Այսօրուայ աւետարանին մէջ Յիսուս խօսքը կը սկսի երիտասարդին յիշեցնելով նախ պատուիրանները, ապա կամաց կամաց կը հասնի դրական առաջարկին. «գնա ծախէ ինչքերդ եւ հետեւէ ինծի»։ Հաւատքը կարելի չէ սահմանափակել «ոչ»երու մէջ, որովհետեւ քրիստոնէական կեանքը «այո» մըն է, սիրոյ այո՛յ մը» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը, հաստատելով, որ «հաւատք մը առանց պարգեւի անկատար հաւատք է։ Կը նմանի հարուստ եւ սննդարար կերակուրի մը, որմէ սակայն համը կը պակսի, կամ ալ ոտնագունդի գեղեցիկ խաղի մը` առանց «կոլի»։

Հաւատք մը առանց պարգեւի, առանց ձրիութեան, առանց սիրոյ գործերու վերջ ի վերջոյ կը տխրեցնէ, նման այդ երիտասարդին, որ`  հակառակ որ Յիսուսին սիրոյ հայեացքը վայելեց, «մեկնեցաւ տխուր» ու «մռայլ դէմքով»։

Խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Պապը հրաւիրեց քննել մեր հաւատքը ապա հայցեց Սուրբ Կոյս Մարիամին բարեխօսութիւնը, Ան` որ ամբողջական «այո» մը ըսաւ Աստուծոյ, առանց տատամսումի, թող մեզի համտեսել տայ կեանքը պարգեւ դարձնելու գեղեցկութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/10/2021, 12:15

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >