Որոնել

«Աստուած սէր է եւ խոնարհ սէրը չի բարձրանար այլ կը նուաստանայ». Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը։

Յիսուս իր աշակերտներուն կը ներկայացնէ կարեւոր ուսուցում մը, դիտել տալով` որ իսկական փառքը ձեռք չի բերուիր միւսներուն վրայ գերակայելով, այլ ապրելով այն նոյն մկրտութիւնը` որ ինք պիտի ընդունէր քիչ ժամանակ ետք Երուսաղէմի մէջ, այսինքն չարչարանքը, որով Յիսուս պիտի մխրճուէր մահուան մէջ, իր կեանքը նուիրելով մեր փրկութեան համար։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 17 հոկտեմբերի կէսօրին Սրբազան Պապը գլխաւորեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, որուն ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց օրուան աւետարանական ընթերցումին վրայ, ուր Մարկոս աւետարանիչը կը պատմէ (Մարկ. 10,35-45) երկու աշակերտներու մասին` Յակոբ եւ Յովհաննէսը, որոնք Տիրոջմէ կը խնդրեն օր մը անոր աջ ու ձախ կողմը նստիլ, Իր Փառքին մէջ։

Ծառայութեան մկրտութիւնը

Յիսուս այս խնդրանքին ի տես իր աշակերտներուն կը ներկայացնէ կարեւոր ուսուցում մը, դիտել տալով` որ իսկական փառքը ձեռք չի բերուիր միւսներուն վրայ գերակայելով, այլ ապրելով այն նոյն մկրտութիւնը` որ ինք պիտի ընդուներ քիչ ժամանակ ետք Երուսաղէմի մէջ, այսինքն չարչարանքը, որով Յիսուս պիտի մխրճուէր մահուան մէջ, իր կեանքը նուիրելով մեր փրկութեան համար։

«Ուստի Անոր փառքը, Աստուծոյ փառքը սէրն է, որ ծառայութիւն կը դառնայ, ոչ թէ իշխանութիւնը որ կը ձգտի տիրապետութեան» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը նշելով, որ ասոր համար Յիսուս անոնց կ՜ըսէ. «Այն որ կ՛ուզէ ձեր մէջ մեծը ըլլալ, թող ձեր ծառան ըլլայ» (Մարկ. 10,43)։

«Կը գտնուինք երկու տարբեր տրամաբանութիւններու դիմաց` մէկ կողմէն աշակերտները, որոնք կ՛ուզեն երեւնալ եւ միւս կողմէն Յիսուսը, որ կ՛ուզէ մխրճուիլ» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը շեշտը դնելով երկու բայերուն վրայ «ի յայտ գալ» եւ «մխրճուիլ»։

Քննել մեր սրտին իսկական դիտաւորութիւնները 

«Մենք ալ, ըսաւ Ան, յաճախ կը ջանանք մեր ձգտումները սնուցել, յաջողութեան աստիճաններուն վրայ բարձրանալու համար» եւ «անձնական հեղինակութեան որոնումը կրնայ հոգիի հիւանդութիւն դառնալ» աւելցուց Սրբազան Պապը թելադրելով միշտ քննել մեր սրտին իսկական դիտաւորութիւնները ու հարց տալ, թէ ի՞նչու յառաջ կը տանինք որոշ աշխատանքներ, եթէ անոնք սահմանուած են ծառայութեան, թէ պարզապէս երեւնալու եւ գովաբանութիւններ ընդունելու»։

Աշխարհիկ եւ Յիսուսին տրամաբանութիւնները

«Աշխարհիկ տրամաբանութեան կը հակազդէ Յիսուսը, որ միւսներուն վրայ գերակայելու տեղ վար կու գայ պատուանդանէն` ծառայելու համար անոնց» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը, ընդգծելով «մխրճուիլ» բառին նշանակութիւնը ու մատնանշելով, որ Յիսուս մեզմէ կը խնդրէ կարեկցութեամբ մխրճուիլ կեանքին մէջ անոնց, որոնց կը հանդիպինք, այնպէս ինչպէս ինքը ըրաւ մեր հետը։

Նայինք Խաչեալ Քրիստոսին ու պիտի բացայայտենք Աստուծոյ գործելաոճը։ Ան չի մնաց վերը, երկնքի մէջ, մեզ դիտելով վերէն վար, այլ նուաստացաւ լուալու համար մեր ոտքերը։

Մենք մեզ դնել ի սպաս ծառայութեան

«Աստուած սէր է եւ խոնարհ սէրը չի բարձրանար այլ կ՛իջնէ դէպի վարը. Նման անձրեւին որ գետին կ՛իյնայ եւ կեանք կը բերէ» ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը բացատրելով, թէ դիւրին չէ երեւնալու տրամաբանութենէն անցնիլ մխրճուելու եւ ծառայութեան տրամաբանութեան ու թէ այս անընչութեամբ մենք կարիքը ունինք ուժի մը, որ մեզի կը պարգեւուի Մկրտութեամբ, որով մենք մխրճուեցանք Յիսուսին մէջ եւ ընդունեցանք շնորհքը, որ մեզ կը մղէ Անոր հետեւելու եւ չի փնտռելու մեր շահը, այլ մենք մեզ դնելու ի սպաս ծառայութեան։

«Ասիկա շնորհք մըն է, կրակն է, որ Սուրբ Հոգին վառեց մեր մէջ, եւ որ պէտք է միշտ սնուցենք» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը, հրաւիրելով դիմել Սուրբ Հոգիին, որպէսզի ան մեր մէջ նորոգէ Մկրտութեան շնորհքը, «Յիսուսին մէջ մխրճուիլը, Անոր էութեան եւ ծառայութեան մէջ մխրճուիլը» յարեց Սրբազան Պապը հրաւիրելով նոյնպէս աղօթելու Տիրամօր` որպէսզի մեզի օգնէ հանդիպելու համար Յիսուսին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/10/2021, 12:08

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >