Որոնել

Հռոմի «Քաթթոլիքա» համալսարանը Հռոմի «Քաթթոլիքա» համալսարանը 

5 նոյեմբերին Ֆրանչիսկոս Պապը պատարագ պիտի մատուցէ Հռոմի «Քաթթոլիքա» համալսարանին մէջ։

Համալսարանի բժշկութեան և վիրաբուժութեան մասնաճիւղի վաթսուն ամեակ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յիշելու եւ տօնախմբելու առիթ մը։ Այս պիտի ըլլայ յառաջիկայ 5 նոյեմբերին առաւօտեան ժամը 10.30-ին, Հռոմի Սուրբ Սրտի Կաթողիկէ համալսարանին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին գլխաւորելիք պատարագին դիտաւորութիւնը, համալսարանի բժշկութեան և վիրաբուժութեան մասնաճիւղի վաթսուն ամեակին առիթով։ Լուրը հաղորդեց Քահանայապետական Տան Հոգաբարձութիւնը։

Անցեալ Յուլիս ամսուայ մէջ, Ճեմելլի հիւանդանոցէն դուրս գալէն մի քանի օր ետք, Քահանայապետը Քաթթոլիքա Համալսարանի Ռէկտոր` Տիար Ֆրանքօ Անելլիին Համալսարանի Հիմնադրութեան հարիւր ամեակի առթիւ յղած նամակին մէջ, նշած էր` թէ համալսարանի առաջնային կոչումն է «մարդ անհատի մշակութային եւ համապարփակ խթանումը», ընդգծելով` որ այս առաքելութիւնը «սրտի արտայայտութիւն է» ու թէ ան «դռները կը բանայ դէպի ապագայ»։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/10/2021, 09:00