Որոնել

Թարանքոյի Ընկերային Շաբաթուան նշանաբանը Թարանքոյի Ընկերային Շաբաթուան նշանաբանը 

Քահանայապետին լսատեսողական պատգամը Թարանքոյի Ընկերային Շաբաթուան առիթով։

«Մոլորակը զոր կը փափաքինք կը խնդրէ քաջութիւն եւ վերականգնումի իղձ։ Ան այժմէն իսկ կը պահանջէ նորոգուած ապրելու ոճեր, ուր շրջապատը, աշխատանքը եւ ապագան իրար միջեւ հակասական չըլլան, այլ ըլլան ներդաշնակ» աւելցուց Սրբազան Քահանայապետը յիշեցնելով որ ամէն ինչ իրար կապուած է»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 21 հոկտեմբերին Թարանքօ քաղաքին մէջ կայացած «մոլորակը զոր կը փափաքինք» նիւթով իտալացի կաթողիկէներու Ընկերային Շաբթուան բացման արարողութեան առթիւ Սրբազան Քահանայապետը անակնկալ լսատեսողական պատգամով մը հանդէս եկաւ ողջունելով հաւաքին մասնակցողները եւ ընդգծելով ժողովին նիւթին կարեւորութիւնը որ կը հայի մեր ապագային եւ ապագայի սերունդներուն ըսաւ Ան։

«Մոլորակը զոր կը փափաքինք կը խնդրէ քաջութիւն եւ վերականգնումի իղձ։ Ան այժմէն իսկ կը պահանջէ նորոգուած ապրելու ոճեր, ուր շրջապատը, աշխատանքը եւ ապագան իրար միջեւ հակասական չըլլան, այլ ըլլան ներդաշնակ» աւելցուց Սրբազան Քահանայապետը յիշեցնելով որ ամէն ինչ իրար կապուած է»։

Ան ապա յատուկ խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն անոնցմէ խնդրելով որ մեզի սորվեցնեն պաշտպանել արարչութիւնը։ «Դուք ներկան էք, դուք մոլորակին այսօրն էք, դուք ձեզ երբեք ծրագիրներու եւ մտորումներու ծայրամասերը մի զգաք։ Ձեր երազները պէտք են ըլլալ բոլորին երազները եւ բնապահպանութեան մասին դուք շատ բաներ ունիք սորվեցնելիք» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, որ հակիրճ պատգամի աւարտին յատուկ քնքուշ շոյանք մը ուզեց ուղարկել Թարանթոյի բոլոր մայրերուն ու հայրերուն- որոնք կու լան ու լացին իրենց զաւակներուն մահն ու ցաւը։ Ձեզ բոլորդ կ՛ողջագուրեմ ու ձեզի կ՛ապահովեցնեմ իմ աղօթքներս, յարեց Ան հայցելով Տիրոջ օրհնութիւնները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/10/2021, 08:38