Որոնել

Իտալացի Կաթողիկէներու Ընկերային 49րդ շաբաթը Իտալացի Կաթողիկէներու Ընկերային 49րդ շաբաթը 

«Պէտք ունինք յոյսին եւ ընթացքի փոփոխութեան». Քահանայապետին պատգամը Թարանթոյի Ընկերային Շաբաթուայ մասնակիցներուն։

«Մոլորակը, զոր կը փափաքինք. Շրջակայ միջավայր, աշխատանք, ապագայ: Ամէն ինչ կապուած է».
Ունկնդրէ լուրը

 Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան    

Իտալիոյ Թարանթօ քաղաքին մէջ 21 հոկտեմբերէն սկսեալ եւ մինչեւ 24 հոկտեմբեր, տեղի կ՜ունենայ Իտալացի Կաթողիկէներու Ընկերային 49րդ շաբաթը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Իտալիոյ տարբեր թեմերու ներկայացուցիչներ, շարժումներու եւ ընկերակցութիւններու պատուիրակութիւններ, եկեղեցական եւ աշխարհական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ։

Այս տարուայ հաւաքին բնաբանն է. «Մոլորակը, զոր կը փափաքինք. Շրջակայ միջավայր, աշխատանք, ապագայ: Ամէն ինչ կապուած է».

Հաւաքին առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը պատգամ մը ուղղած է ժողովականներուն, որուն մէջ անդրադարձած է համավարակի ճգնաժամին ու յետ համաճարակեան պահուն, քաջալերելով իտալացի կաթողիկէները աւելի մեծ քաջութիւն ունենալու եւ ստանձնելու իրենց պատասխանատուութիւնը` հանդէպ ուրիշներուն եւ ընկերութեան։

Մենք պէտք ունինք յոյսին

«Մենք կոչուած ենք ըլլալու թթխմոր որ խմորը կը թթուեցնէ (Մատթ. 13,33)» գրած է Նորին Սրբութիւնը պատգամին մէջ դիտել տալով, որ համավարակը ի յայտ դրաւ մեր ժամանակներու պատրանքը` մենք մեզ նկատելու ամենակարող, ոտնահարելով տարածքները ուր մենք կ՛ապրինք եւ բնութիւնը` որուն մէջ կը բնակինք։

«Վերականգնելու համար պէտք է, որ դարձի գանք, դէպի Աստուած, ու սորվինք անոր պարգեւներուն բարի գործածութիւնը, սկսեալ արարչագործութենէն» նշած է ապա Սրբազան Պապը յոյս յայտնելով, որ «Ընկերային այս Շաբաթը ներկայացնէ սիւնհոդոսական փորձառութիւն մը, Սուրբ Հոգիին Իտալիոյ մէջ հրահրած կոչումներու եւ տաղանդներու բաժնեկցութիւնը», ու հաստատելով` թէ «այս մէկը իրականացնելու համար պէտք է նաեւ անսալ աղքատներուն, վերջիններուն, յուսահատներուն ցաւին, ու նաեւ ապականած միջավայրերու մէջ ապրող չարաշահուած, հրկիզուած, ու կաշառակերութենէն ու քայքայումէն զգետնուած ընտանիքներուն ցաւին»։

«Մենք պէտք ունինք յոյսին» նշեց ապա Սրբազան Պապը մատնանշելով հաւաքի բնաբանին ու մի քանի մտորումներ առաջարկեց, որոնք կարող են օգնել «համարձակ քալելու յոյսի ճանապարհով», ու զանոնք պատկերացուց երեք ճանապարհային «նշաններով»։

Ճանապարհանցումին ուշադրութիւն

Առաջինը` ուշադրութիւն ճանապարհանցումին. Այս ծիրէն ներս Սրբազան Պապը ակնարկեց այն յուսահատութեան մէջ գտնուող բազմաթիւ մարդոց, որոնց կը հանդիպինք կեանքի ընթացքին, անոնց շարքին դասելով չարաշահուած եւ գործազուրկ երիտասարդները, որոնք ստիպուած են թողուլ իրենց հայրենիքը գաղթելու համար այլուր, կիները` որոնք համավարակի ընթացքին կորսնցուցին իրենց աշխատանքը, տանը մնացող աշխատաւորներ` որոնց նոր հնարաւորութիւններ չէ ընծայուած, աղքատներ ու գաղթականներ որոնք ոչ ընկալուած են ու ոչ ալ ընդելուզուած, տարեցներ, որոնք լքուած են մինակութեան մէջ ընտանիքներ, որոնք զոհ են կաշառակերութեան, գործատէրեր, որոնք կը գտնուին դժուարութեան մէջ, հիւանդներ…. «Դէմքեր եւ պատմութիւններ, որոնք մեզ կը հարցաքննեն եւ որոնց դիմաց կարելի չէ անտարբեր մնալ»։

«Այս մեր եղբայրներն ու քոյրերը խաչուած են ու կը սպասեն յարութիւնը։ Թող որ Սուրբ Հոգիին ստեղծագործութիւնը օգնէ մեզի, որեւէ ջանք չի խնայելու, որպէսզի անոնց օրինական յոյսը իրականութիւն դառնայ»։

Կայանման արգելքը

Խօսելով ճանապարհային երկրորդ նշանի մասին Քահանայապետը ակնարկեց Կայանման արգելքին, մատնանշելով եկեղեցական կառոյցներուն, որոնք բարդ իրադարձութիւններու դիմաց, յոգնած եւ յուսալքուած կ՛երեւնան, այս ուղղութեամբ հաստատելով` որ «Աստուծոյ սէրը երբեք չի յոգնիր եւ հրաժարողական կեցուածք չունի»։ Ան մեզ կը մղէ եւ մեզ կ՛արգիլէ կանգ առնելու։ Յոյսը միշտ շարժումի մէջ է ու լաւ պիտի ըլլար, որ ապականութեամբ յատկանշուած այն տարածքներուն մէջ քրիստոնեաները չի բաւարարուին միայն բողոքներ ներկայացնելով, այլ ստանձնեն պատասխանատուութիւնը` ստեղծելու վերականգման ցանցեր։

Շրջադարձ կատարելու պարտաւորութիւնը

Շրջադարձ կատարելու պարտաւորութիւնը եղաւ Նորին Սրբութեան ճանապարհային նշաններով ներկայացուած երրորդ մտորումին նիւթը, որուն ծիրէն ներս Ան հաստատեց թէ աղքատներուն եւ երկրին ճիչն է որ կը պահանջէ այդ շրջադարձային քայլը։

«Յոյսը մեզ կը հրաւիրէ գիտակցելու թէ կարող ենք փոխել ընթացքը, թէ կարող ենք բան մը ընել հարցերը լուծելու համար» նշեց Սրբազան Քահանայապետը դիտել տալով, որ` շրջապատի բնապահպանութիւնը փոխելէ առաջ, պէտք է փոխել մարդկայինը` սրտի բնապահպանութիւնը, ու թէ այս մէկը կարելի պիտի ըլլայ միայն եթէ գիտնանք խիղճերը կազմաւորել ու չի փնտռել դիւրին լուծումներ։

Երկիրը զոր կը փափաքինք

«Երկիրը զոր կը փափաքինք այն երկիրն է` ուր երկխօսութեան եւ խաղաղութեան մշակոյթը ծնունդ կու տան նոր օրուայ մը, ուր աշխատանքը արժանապատւութիւն կը շնորհէ մարդ անհատին ու կը պահպանէ արարչութիւնը, ուր մշակութային երկու իրարմէ հեռու աշխարհներ իրար կը միանան, ոգեւորուած հասարակաց բարիքին նկատմամբ միեւնոյն մտահոգութեամբ» յարեց Սրբազան Պապը պատգամի աւարտին զոր եզրափակեց ապահովելով իր աղօթքներն ու քաջալերանքը ու Տիրոջմէ հայցելով որ ժողովականները լիացնէ յոյսով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/10/2021, 15:30