Որոնել

«Քրիստոնէական ազատութիւնը». Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութեան նիւթը։

«Ազատութիւնը գանձ մըն է, որ իրապէս կ՜արժեւորուի միայն երբ զայն կը կորսնցնենք։ Մեզի շատերուս համար, որ վարժ ենք ազատութեան մէջ ապրիլ, այդ մէկը շատ անգամ կը թուի իբրեւ ձեռք բերուած իրաւունք մը, քան իբրեւ պարգեւ եւ ժառանգութիւնը` զոր պէտք է պաշտպանենք»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սուրբ Պօղոսի Գաղատացիներուն ուղղած նամակը շարունակեց առանցք հանդիսանալ Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետին չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւններուն։

Այս անգամ Նորին Սրբութիւնը ընտրեց հետեւեալ հատուածը։

«Երբ հասաւ ժամանակներու լրումը, Աստուած ղրկեց իր Որդին, որ ծնաւ կնոջմէ, մտաւ Օրէնքի տակ, որպէս զի ազատագրէ օրէնքի հպատակները եւ մեզի պարգեւէ որդեգրութեան շնորհքը։ Քրիստոս մեզ ազատագրեց, որպէս զի ազատ մնանք։ Հաստատ կեցէք եւ ստրկութեան լուծին մի ենթարկուիք» (Գաղատաց. 4,4-5; 5,1) ։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, ըսաւ Սրբազան Պապը, Սուրբ Պօղոս առաքեալը Գաղատացիներուն ուղղած նամակին մէջ, անմահ խօսքեր գրած է քրիստոնէական ազատութեան մասին։ Մենք այսօր պիտի անդրադառնանք այս նիւթին։

«Ազատութիւնը գանձ մըն է, որ իրապէս կ՜արժեւորուի միայն երբ զայն կը կորսնցնենք։ Մեզի շատերուս համար, որ վարժուած ենք ազատութեան մէջ ապրիլ , այդ մէկը շատ անգամ կը թուի իբրեւ ձեռք բերուած իրաւունք մը, քան իբրեւ պարգեւ եւ ժառանգութիւն` զոր պէտք է պաշտպանենք» ըսաւ Սրբազան Պապը։

Սուրբ Մկրտութեամբ ընդունուած Քրիստոնէական ազատութիւնը

Գաղատացիներուն պարագային առաքեալը չէր կրնար հանդուրժել այն քրիստոնեաները, որոնք ունկնդրելէ ու ծանօթանալէ ետք Քրիստոսի ճշմարտութեան, թոյլ կու տային գրաւուիլ խաբուսիկ առաջարկներէ ու ազատութենէ, անցնելով ստրկութեան։ Ան ուստի քրիստոնեաները կը հրաւիրէ հաստատ մնալու ազատութեան մէջ, զոր անոնք ընդունեցան Սուրբ Մկրտութեամբ, առանց որ ստրկութեան լուծին ենթարկուին։

Սուրբ Պօղոսը նախանձախնդիր է Քրիստոսի միջոցաւ քրիստոնեաներուն ձեռք բերած ազատութեան նկատմամբ։ Ան գիտակից է` որ մի քանի «սուտ եղբայրներ» սպրդած մտած են հասարակութեան մէջ «լրտեսելու համար ազատութիւնը, զոր ունինք ի Քրիստոս, որպէսզի մեզ վերստին ծառայեցնեն» կը գրէ Ան (Գաղ.2,4)։

«Արդարեւ կարելի չէ` ազատող Յիսուսի ներկայութենէն անցնիլ մեղքի եւ օրինականութեան ստրկութեան։ Քարոզչութիւն մը, որ կը խոչընդոտէ Քրիստոսին ազատութիւնը, աւետարանական չէ» հաստատեց Քահանայապետը դիտել տալով, որ «Երբեք չենք կարող մէկ մը ստիպել, ոչ ալ զայն ստրուկ դարձնել, մեզ փրկող Յիսուսին անունով»։

Ազատութիւն կը նշանակէ մնալ Յիսուսին մէջ

Սուրբ Պօղոսին համար ազատութիւնը կը նշանակելէ մնալ Յիսուսն մէջ, որ ճշմարտութեան աղբիւրն է, որ մեզ ազատ կը դարձնէ, ինչպէս նշած է Յովհաննէս Աւետարանիչը. «Եթէ մնաք իմ խօսքիս մէջ, դուք իմ իսկական աշակերտներս էք. Պիտի ճանչնաք ճշմարտութիւնը եւ ճշմարտութիւնը ձեզ ազատ պիտի դարձնէ (Յովհ. 8,31-32)։

Քրիստոնէական ազատութիւնը ուստի կը հիմնուի երկու հիմնական սիւներու վրայ. Մեր Տիրոջ Յիսուսին շնորհքը ու Քրիստոսին մէջ յայտնուած ճշմարտութիւնը։

Ազատութիւն Տիրոջմէ պարգեւ է 

Մէկ կողմէն ազատութիւնը Տիրոջ  մեզի շնորհած պարգեւ մըն է. Անիկա պտուղն է Յիսուսին մահուան ու յարութեան։ Իսկական ազատութիւնը ծնած է Քրիստոսի խաչին մէջ։ Ճիշտ այնտեղ ուր Յիսուս թոյլ տուաւ քամուիլ, Աստուած զետեղեց մարդու արմատական ազատութեան աղբիւրը։ Ասիկա Աստուծոյ սիրոյ խորհուրդն է։

«Սուրբ Պօղոսը փորձարկած էր այս սիրոյ խորհուրդը եւ ասոր համար է, որ Ան գաղատացիներուն կ՜ըսէ «Ես խաչուեցայ Քրիստոսին հետ (Գաղ. 2, 19) եւ իր այս Տիրոջ հետ վեհագոյն միութեան արարքին մէջ ան գիտէ թէ ընդունեցաւ կեանքի ամենամեծ պարգեւը` Ազատութիւնը» յարեց Սրբազան Քահանայապետը ։

Ճշմարտութիւնը ազատ կը դարձնէ 

Ազատութեան երկրորդ սիւնը ճշմարտութիւնն է։ Յիշելու ենք թէ իսկական հաւատքը վերացական տեսութիւն մը չէ, այլ կենդանի Քրիստոսին իրականութիւնը, որ անմիջական կերպով կը դպչի մեր առօրեայի անձնական համայն կեանքին։

Ճշմարտութիւնը ազատ կը դարձնէ այն չափով, որով մարդուն կեանքը կը փոխակերպէ ու զայն կ՛ուղղէ դէպի բարիին։

Իրապէս ազատ ըլլալու համար պէտք ունինք ոչ միայն ճանչնալու մենք զմեզ, հոգեբանական գետնի վրայ, այլ մասնաւորապէս ճշմարտութիւնը յայտնաբերելու մեր մէջ։ Հոն է` սրտին մէջ է, որ կը բացուինք Քրիստոսի շնորհքին։ Ճշմարտութիւնը պէտք է հարցաքննէ մեզ, յարատեւ հարցումներ ուղղէ, որպէսզի կարողանանք միշտ աւելի խորերը թափանցել։

Սէրը մեզի կը յայտնէ ճշմարտութիւնը ու մեզի կը պարգեւէ ազատութիւնը

«Ճշմարտութիւնն ու ազատութիւնը կեանքի դժուար ուղեւորութիւն մըն են։ Ուղեւորութիւն` որուն մէջ մեզ կ՛առաջնորդէ եւ մեզի թիկունք կը կանգնի Սէրը, որ կու գայ Խաչէն։ Սէրը մեզի կը յայտնէ ճշմարտութիւնը ու մեզի կը պարգեւէ ազատութիւնը։ Ասիկա է երջանկութեան ճանապարհը» ըսաւ հուսկ Քահանայապետը եզրափակով խորհրդածութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/10/2021, 09:33

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >