Որոնել

Հրապարակային ունկդնրութիւն Հրապարակային ունկդնրութիւն

Քրիստոնէական հաւատքը ազատագրումի տիեզերական թթխմոր։

«Եթէ մենք ուզենանք հաւատքի մասին խօսիլ այնպէս ինչպէս կը խօսէինք անցեալ դարերուն հասկնալի պիտի չըլլանք նոր սերունդին, որովհետեւ քրիստոնէական հաւատքը, կեանքի եւ մշակոյթի վերաբերեալ տեսութիւնը, անշարժ չէ այլ շարժուն»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 13 հոկտեմբեր 2021ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճէն ներս գլխաւորեց չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը, որուն առթիւ ներկայացուցած խորհրդածութեան ընթացքին շարունակեց Սուրբ Պօղոս առաքեալի Գաղատացիներուն ուղղած նամակին մեկնաբանութիւնը։

Յիսուս մեզ ազատեց մեղքի եւ մահուան ստրկութենէն

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր Սուրբ Պօղոսը մեզի կը սորվեցնէ, որ Յիսուս մեզ ազատեց մեղքի եւ մահուան ստրկութենէն» ըսաւ Սրբազան Պապը, «ազատուած շնորհքի միջոցաւ, սիրոյ միջոցաւ, որ դարձաւ քրիստոնէական կեանքի նոր եւ գերագոյն օրէնք» աւելցուց Ան։

Սուրբ Պօղոսը կ՛ըսէ` թէ Քրիստոսին յարելու համար կարեւոր չէ հրեայ կամ հեթանոս ըլլալը։ Միակ բանը, որ կարեւոր է ` Հաւատքն է, որ կը գործէ բարեգործութեան միջոցաւ» (Գաղատ. 5,6)։

Պօղոսին հակառակորդները անոր դէմ կը յարձակէին անոր բացայայտած նորութեան համար, պատճառաբանելով, որ ան այս դիրքը բռնած է իր հովուական պատեհապաշտութեան համար, այսինքն «բոլորին հաճոյք» պատճառելու համար։ Ասիկա ցոյց կու տայ, որ աւետարանութեան նորութիւններուն դէմ քննադատութիւնները միայն մեր օրերու իրականութիւն մը չեն, այլ ունիՆերկար պատմութիւն։

Սուրբ Պօղոսը սակայն լուր չի մնար ու կը պատասխանէ «Արդ ես հիմա, արդեօք մարդո՞ց հաճութիւնը պիտի փնտռեմ թէ Աստուծոյ։ Արդեօք ես պիտի ջանամ մարդո՞ց հաճելի ըլլալ։ Եթէ ես ուզէի տակաւին մարդոց հաճելի ըլլալ, պիտի չըլլայի Քրիստոսի ծառան» (Գաղ. 1,10)։

Հաւատքը մուտք կը գործէ բոլոր մշակոյթներուն մէջ

«Սուրբ Պօղոսին համար հաւատքը ընդունիլը չի նշանակեր հրաժարիլ մշակոյթներու եւ աւանդութիւններուն սրտէն այլ միայն այն բաներէն, որոնք կարող են արգելք ըլլալ Աւետարանի նորութեան եւ մաքրութեան», ըսաւ Սրբազան Պապը հաստատելով, որ հաւատքը մուտք կը գործէ բոլոր մշակոյթներուն մէջ, ան կը ճանչնայ ճշմարտութեան եւ զարգացումի սերմերը իր կատարելագործութեան հասցնելով անոնց մէջ պարունակուած բարիքը։

«Տիրոջ Յարութեամբ եւ մահով ձեռք բերուած ազատութիւնը, Սուրբ Մկրտութեամբ ընկալուած ազատութիւնը մեզի թոյլ կու տայ ընդունելու Աստուծոյ զաւակներու լիակատար արժանապատւութիւնը, մինչ մխրճուած կը մնանք մեր մշակութային արմատներուն մէջ ու միեւնոյն ժամանակ կը բացուինք հաւատքի տիեզերականութեան, որ ամէն օր կը մտնէ իւրաքանչիւր մշակոյթին մէջ» յարեց հուսկ Սրբազան Պապը, դիտել տալով, որ այսպէսով է` որ Փրկիչ Քրիստոսին աւետիսը կը յարգէ բոլոր այն բարի բաները, որոնք ներկայ են այն մշակոյթներուն մէջ, որոնց կը դիմէ։

Աւետարանի մշակութայնացումը

«Ասիկա Աւետարանի մշակութայնացումն է, որ դիւրին բան մը չէ» ըսաւ Սրբազան Պապը ակնարկելով պատմութեան հոլովոյթին այս ուղղութեամբ գործուած սխալներուն ու նշելով, որ «Եկեղեցին տիեզերական բացուածք մըն է` բոլոր ժամանակներու համայն ժողովուրդներուն, ու ասիկա Կաթողիկէ բառին նշանակութիւնն է, որովհետեւ Քրիստոսը ծնաւ , մեռաւ եւ յարութիւն առաւ բոլոր մարդոց համար»։

«Կաթողիկէ բառը ածական մըն է` որ կը նշանակէ տիեզերական», ըսաւ ապա Սրբազան Պապը դիտել տալով, որ «մշակոյթը իր բնութեամբ յարատեւ յեղաշրջումի մէջ է», ու հրաւիրեց մտածել` թէ ինչպէս մենք ալ կանչուած ենք Աւետարանը հռչակելու այս մշակութային մեծ յեղաշրջումի պատմական պահի ընթացքին, երբ կը թուի` թէ կը գերակշռէ միշտ աւելի յառաջադէմ արհեստագիտութիւն մը։

Քրիստոնէական հաւատքի, կեանքի եւ մշակոյթի տեսութիւնը շարժուն է

«Եթէ մենք ուզենանք հաւատքի մասին խօսիլ այնպէս ինչպէս կը խօսէին անցեալ դարերուն հասկնալի պիտի չըլլանք նոր սերունդին, որովհետեւ քրիստոնէական հաւատքի, կեանքի եւ մշակոյթի վերաբերեալ տեսութիւնը, անշարժ չէ այլ շարժուն»։

Քրիստոնէական ազատութիւնը պարգեւ մըն է` զոր պէտք է պաշտպանենք եւ աճեցնենք մինչեւ, որ ան հասնի իր լիութեան։ Ան կը պահանջէ յարատեւ ուղեւորութիւն։ Անիկայ ուխտաւորի իրավիճակն է. Ճանապարհորդներու իրավիճակը, որ յարատեւողական ելքի մէջ է. «Ազատուած ստրկութենէն քալելու համար դէպի ազատութեան լիութիւնը»։ Ահա այս է Յիսուս Քրիստոսին մեզի ընծայած մեծ պարգեւը։ Ան մեզ ստրկութենէն ազատեց ձրիաբար ու մեզ դրաւ ճանապարհին վրայ` որպէսզի քալենք լիակատար ազատութեան մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/10/2021, 09:25

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >