Որոնել

«Ազատութիւնը կ՛իրականանայ եղբայրսիրութեան մէջ». Հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը։

Քրիստոսին սէրը մեզ ազատեց ամենավատ ստրկութենէն որ մեր եսն է։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Արդարեւ, դուք, եղբայրներ, ազատութեան կանչուեցաք, միայն թէ այս ազատութիւնը պատրուակի չփոխուի մարմինին համար, այլ դուք, փոխադարձաբար, իրարու ծառայեցէք սիրով։ Որովհետեւ ամբողջ Օրէնքը կը բովանդակուի մէկ խօսքի մէջ. Պիտի սիրես ընկերդ քու անձիդ պէս։ Բայց եթէ դուք զիրար խածատէք եւ բզքտէք, զգոյշ եղէք, թերեւս զիրար բնաջնջէք» (Գաղ. 5,13-14) ։

Պօղոս առաքեալի գաղատացիներուն ուղղած նամակէն առնուած վերոնշեալ հատուածը առանցքը կազմեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին չորեքշաբթի 20 հոկտեմբերի հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութեան, զոր Սրբազան Պապը գլխաւորեց Պօղոս Զ անուան դահլիճէն ներս, շարունակելով այս առթիւ մեկնաբանել Հեթանոսներու առաքեալ` Սուրբ Պօղոսին գաղատացիներուն ուղղած նամակը։

Հաւատքի նորութիւնը եւ Եսէն ազատագրումը

«Առաքեալը գաղատացիներուն ուղղած նամակով կամաց կամաց մեզի կը ներկայացնէ հաւատքին նորութիւնները։ Այդ մէկը իրապէս հիանալի նորութիւն է, քանի որ ան չի նորոգեր միայն կեանքին մի քանի կերպարանքները այլ մեզ կը դնէ այդ «նոր կեանքին» մէջ, զոր մենք ընդունեցանք Սուրբ Մկրտութեամբ» ըսաւ Սրբազան Պապը հաստատելով, որ Մկրտութեան մէջ մենք ընդունեցանք գոյութիւն ունեցող ամենամեծ պարգեւը` Աստուծոյ զաւակներ դառնալու պարգեւը։

«Մենք վերածնած Քրիստոսով վախի եւ մեղքի ստրկութենէն անցանք Աստուծոյ զաւակներու ազատութեան» յարեց ապա Քահանայապետը հաստատելով, որ «իսկական ազատութիւնը կ՛արտայայտուի եղբայրսիրութեան մէջ։ Քրիստոսին սէրը մեզ ազատեց ամենավատ ստրկութենէն, որ մեր եսն է» ։

Ազատութիւնը այն սէրն է, որ կը ցոլայ ձրի ծառայութեան մէջ

Գաղատացիներուն նամակին մէջ Սուրբ Պօղոսը կը հաստատէ, թէ ազատութիւնը մարմինին համար պատրուակ մը չէ, Յիսուսին ազատութիւնը մեզ կ՛առաջնորդէ «մէկը միւսին ծառայելու»։ Իսկական ազատութիւնը լիապէս կ՛արտայայտուի եղբայրսիրութեան մէջ։ Ան կ՛աճի սիրոյ միջոցաւ։ «Մենք ազատ ենք ծառայելով ուրիշներուն ու կեանք կ՛ունենաք զայն կորսնցնելով» յայտնեց Ֆրանչիսկոս Պապը մէջբերելով աւետարանական խօսքեր, ապա աւելցուց թէ` «Ազատութիւնը այն սէրն է, որ կը ցոլայ ձրի ծառայութեան մէջ, կաղապարուած Յիսուսի ծառայութեան վրայ, որ լուալով իր աշակերտներուն ոտքերը ըսաւ. «օրինակ մը տուի ձեզի, որ ինչ որ ես ըրի ձեզի դուք ալ նոյնը ընէք իրարու» (Յովհ. 13,15)։

Սուրբ Պօղոսին համար ազատութիւնը «մեր ուզած ու հաճելի բաները ընելը չէ». Այդ տեսակ ազատութիւնը, ունայն ազատութիւն պիտի ըլլար։ Որովհետեւ ան պարապութիւն կը թողու մեր մէջ, եթէ մենք չի կարողանանք ընտրել բարին մեզի եւ ուրիշներուն համար։

Սիրով ոգեւորուած ազատութիւնը մեզ կ՛առաջնորդէ դէպի աղքատները

«Սիրով առաջնորդուած ազատութիւնը միակն է, որ ազատ կը դարձնէ միւսները ու նաեւ մեզ, անիկայ գիտէ ունկնդրել առանց պարտադրելու, գիտէ սիրել առանց բռնադատելու, անիկա կը կառուցէ եւ չի կործաներ, ուրիշները չի չարաշահեր սեփական հանգստութեան համար այլ անոնց բարիք կ՛ընէ առանց անձնական շահը փնտռելու»։

Մէկ խօսքով, եթէ ազատութիւնը չծառայէ բարիքին, ապա ան կը գտնուի ամլութեան եւ անպտղաբերութեան վտանգի եզրին: Մինչ սիրով ոգեւորուած ազատութիւնը մեզ կ՛առաջնորդէ դէպի աղքատները, անոնց դիմագիծերուն մէջ ճանչնալով Քրիստոսին դիմագիծը։

Քրիստոնէական ազատութեան ընկերային չափանիշը

«Բոլորս գիտենք, որ ազատութեան ժամանակակից ամենայայտնի պատկերացումներէն մէկն է. «Իմ ազատութիւնՍ կ՛աւարտի այնտեղ, որտեղ կը սկսի միւսին ազատութիւնը»: Բայց այստեղ կը պակսի յարաբերութիւնը։ Ասիկա անհատական տեսութիւն մըն է» ըսաւ Սրբազան Պապը, դիտել տալով `որ Յիսուսին միջոցաւ բերուած ազատութիւնը մեզի տեսնել կու տայ մարդ արարածը ներառուած հասարակութեան մէջ։ Եւ քրիստոնեաներուս համար ընկերային չափանիշը շատ կարեւոր է, որովհետեւ մեզի հնարաւորութիւն կու տայ նայելու հասարակաց բարիքին եւ ոչ թէ անհատական շահերուն։

«Համավարակը մեզի սորվեցուց թէ կարիքը ունինք մէկը միւսին

«Մասնաւորապէս այս պատմական պահուն մենք կարիքը ունինք վերագտնելու ազատութեան ոչ թէ անհատապաշտ այլ հասարակական չափանիշը» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը խորհրդածութեան աւարտին, ընդգծելով` որ «Համավարակը մեզի սորվեցուց թէ կարիքը ունինք մէկը միւսին, բայց չի բաւեր այս մէկը գիտնալը, պէտք է զայն ընտրենք ամէն օր` գործնականին մէջ։

«Ըսենք եւ հաւատանք թէ միւսները մեր ազատութեան համար արգելք մը չեն, այլ կարելիութիւնը զայն լիապէս իրականացնելու։ Որովհետեւ մեր ազատութիւնը ծնունդ կ՛առնէ Աստուծոյ սէրէն, որ կ՜աճի սիրոյ մէջ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/10/2021, 09:29

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >