Որոնել

«Կիները անհրաժեշտ են կերտելու համար աշխարհի մը` որ ըլլայ բոլորին տունը». «Կիները անհրաժեշտ են կերտելու համար աշխարհի մը` որ ըլլայ բոլորին տունը».  

«Կիները անհրաժեշտ են կերտելու համար աշխարհ մը` որ ըլլայ բոլորին տունը». Ֆրանչիսկոս Պապ։

«Մեր աշխարհը կարիքը ունի կիներու աջակցութեան, անոնց կարողութեան ու ղեկավարութեան ինչպէս նաեւ անոնց նուիրումին եւ յայտնատեսութեան»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Միլանի Բազմարուեստի վարժարանի մէջ կազմակերպուած է «Women's Forum G20 Italy» նպատակ ունենալով բացայայտել առաջնահերթութիւններն ու ուղեցոյցները յետքովիտեան ներառող տնտեսութեան և ընկերութեան վերականգնումին համար, որպէս այդ վերականգնումի կեդրոն ընտրելով կիները։

Աշխարհը կարիքը ունի կիներուն

Այս առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապը` Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի միջոցաւ ժողովականներուն ուղղեց լսատեսողական պատգամ մը, որուն մէջ ընդգծեց թէ «մեր աշխարհը կարիքը ունի կիներու աջակցութեան, անոնց կարողութեան ու ղեկավարութեան ինչպէս նաեւ անոնց նուիրումին եւ յայտնատեսութեան»։

«Women's Forum for the Economy & Society»ի մօտ ներկայացուցիչ Քիարա Քորացցայի ուղղուած լսատեսողական պատգամին մէջ Կարդինալ Փարոլինը, յանուն Քահանայապետին, ողջունելով ժողովականները, նշեց` թէ այս ժամադրութիւնը շատ հաճելի է, «որովհետեւ այսօր մեծ կարիքը կայ, վերսկսումի, Քովիտ19ի ողբալի փորձառութենէն ետք, որ աղէտալի հետեւանքներ թողուց մարդկութեան վրայ»։

Ծիրանաւորը ապա ընդգծեց այդ վերականգնումին ծիրէն ներս կիներուն ներգրաւուածութեան կարեւորութիւնը։

Պետական Քարտուղարը յիշեց թէ «1995 թուականին, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ը կը գրէր, թէ «ապագայի քաղաքականութեան մէջ, մեր առջեւ կայացած հարցերը, միշտ աւելիով ներգրաւած պիտի տեսնեն կիները» ու այս «պիտի ստիպէ վերատեսել համակարգերը, ի նպաստ մարդկայնութեան գործընթացին, որ կ՜ուրուագծէ «սիրոյ քաղաքակրթութիւնը»։

Մարդիկ ու կիներ կոչուած են ըլլալու ընկերութիւնը կառուցողները

«Ֆրանչիսկոս Պապն ալ յաճախ շեշտը կը դնէ «կիներու անփոխարինելի սատարին վրայ` կառուցելու համար աշխարհ մը, որ ըլլայ բոլորին տունը», անոնց վերագրելով կարողութիւնը խթանելու այլասիրութեան իմաստը, որ անհրաժեշտ է մեր հասարակաց տան խնամքի ուղղութեամբ կատարուած ջանքերուն համար ու անմիջական շահեր դիզելու ապակայունացնող տրամաբանութեան դէմ պայքարին մէջ» նշեց ապա Կարդինալ Փարոլինը, յայտնելով` որ «Մարդոց եւ կիներուն մէջ փոխադարձութիւնն ու զօրակցութիւնը ընկերութեան համար շատ անհրաժեշտ են» եւ ընդգծեց` թէ «անոնցմէ իւրաքանչիւրը իր իւրայատուկ յատկութիւններով կանչուած է իր կոչումը ողջագուրելու եւ ըլլալու ընկերութեան գործունեայ կառուցողը»։

Պատանի եւ երիտասարդ կիներուն կազմաւորման անհրաժեշտութիւնը

«Այս մէկը կը պահանջէ ընկերային կեանքին տիպարի փոփոխութիւն» հաստատեց հուսկ Վատիկանի թիւ մէկ դիւանագէտը ու պատգամին աւարտին զօրեղ քաջալերանք ուղղեց, միշտ յանուն Ֆրանչիսկոս Պապին, որպէսզի պատշաճ կազմաւորում երաշխաւորուի բոլոր երկիրներու պատանի ու երիտասարդ աղջիկներուն։

«Անոնցմէ իւրաքանչիւրը թող կարելիութիւնն ունենայ որակաւոր կրթութիւն ստանալու», այնպէս` որ կարողանայ «զարգացնել իր ներուժն ու տաղանդները» եւ օժանդակէ ու սատարէ «միացած ընկերութիւններուն»։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/10/2021, 15:11