Որոնել

Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթք Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթք 

Քահանայապետը յիշեց Պրազիլի փոթորիկներու զոհերը ու հրաւիրեց աղօթել քրիստոնեաներու միութեան համար

«Աղօթքի Շաբթուան ընթացքին մեր յոգնութիւններն ու ցաւերը նուիրենք քրիստոնեաներու միութեան համար»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 16 Յունուար 2022ի կէսօրին, իր գրասենեակի պատուհանէն գլխաւորած Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի աւարտին, Սրբազան Քահանայապետը խօսքը ուղղելով Սուրբ Պետրոսի հրապարակ ժամանած վրայ հաւատացեալներուն նախ «մօտիկութիւն յայտնեց Պրազիլի մէջ զօրեղ անձրեւներու եւ ջրհեղեղներու թիրախ անձերուն» յատուկէն աղօթելով զոհերուն ու անոնց ընտանիքներուն համար ինչպէս նաեւ անոնց համար որոնք մնացին անտուն։

Պրազիլի մէջ փոթորիկներ

«Թող Աստուած թիկունք կանգնի անոնց որոնք շտապ օգնութեամբ կը զբաղին» ըսաւ Սրբազան Պապը յիշելով որ յառաջիկայ «18էն 25 Յունուարին տեղի կ՜ունենայ Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթը, որ այս տարի կ՛առաջարկէ վերապրիլ Մոգերուն փորձառութիւնը, որոնք արեւելքէն եկան Բեթղեհէմ պաշտամունք կատարելու Մեսիային։

Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթ

«Մենք ալ քրիստոնեաներս մեր տարբեր դաւանանքներու եւ աւանդութիւններուն մէջ, ուղեւորութեան մէջ ուխտաւորներ ենք դէպի լիակատար միութիւն եւ կը մօտենանք նպատակին այն չափով որ մեր հայեացքը ուղիղ կը պահենք Յիսուսին` մեր միակ Տիրոջ վրայ» ըսաւ Սրբազան Պապը հրաւիրելով «Աղօթքի Շաբթուան ընթացքին մեր յոգնութիւններն ու ցաւերը նուիրենք քրիստոնեաներու միութեան համար»։

Քահանայապետը ողջունեց ապա հրապարակ ժամանած զանազան ուխտաւորներու խումբերը անոնց մաղթելով բարի կիրակի եւ ինչպէս միշտ խնդրելով` որ բարեհաճին աղօթել իրեն համար

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/01/2022, 12:15