Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Նմանիլ Յիսուսին, որդեգրելով սուրբերուն աւետարանին հետ ապրած հոգեւորական կեանքը։»

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Թէաթինի միաբանութեան անդամներուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 15 յունուարին, Վատիկանի մէջ ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Թէաթինի» անուան միաբանութեան անդամները, միաբանութեան տարեկան ընդհանուր ժողովին առիթով։

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ ներկայացուած պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը ողջունելէ ետք ներկաները անդրադարձաւ վերոնշեալ միաբանութեան ընդհանուր ժողովին նիւթին՝ որ է առաքելութիւն, ընդգծելով որ այդ նիւթը եկեղեցւոյ հիմնական ուղին է, որ կը ներգրաւէ ամէն քրիստոնեայ ու հասարակութիւն ինչպէս նաեւ միաբանութեան հիմնադիր Սուրբ Կաէթանօ Թիանիին ու համահիմնադիրներուն շնորհապարգեւն է։

Ֆրանչիսկոս Պապ՝ հուսկ նկատել տուաւ որ Սուրբ Կայէթանոյին ինչպէս նաեւ շատ մը սուրբերուն մէջ հետաքրքրական այն է որ կայ միշտ երկրորդ դարձ մը, որակի բարելաւում մը, այսինքն բարի կեանքէն դէպի սուրբ Կեանք անցնիլը,որ կը յառաջանայ սուրբ Հոգիէն։ Այս յառաջդիմութիւնը ըսաւ Սրբազան հայրը կ՝աճեցնէ ոչ միայն այր մարդուն ու կնոջ կեանքը, նաեւ եկեղեցւոյ կեանքը։

Նմանիլ Յիսուսին

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա յորդորեց նմանիլ Յիսուսին, որդեգրելով սուրբերուն մեթոտը, աւետարանին հետ ապրած հոգեւորական կեանքը, առօրեայ կեանքին մէջ։

Ան ապա ընդհանուր անդրադարձ կատարեց Միաբանութեան կէտնպատակին. «որ է այժմէականացնել սուբր Թէաթինոյին շնորհապարգեւը, պատասխանելու համար ժամանակից մարտահրաւէրներուն՝ սկսեալ միաբանութեան ինքնութենէն։

Ֆրանչիսկոս Պապ խօսեցաւ բարեփոխութեան մասին նշելով որ անիկա կը սկսի մարդու ինքնութենէն, օրինակ բերելով սուրբ Կաէթանոյէն որ առօրեայ աշխատանքէն անդին կը յաճախէ Աստուծոյ սիրոյ ժողովրդապետութիւնը , մշակելով աղօթք եւ հոգեւորական կազմաւորում, այցելելով հիւնադանոցներն ու հիւանդները։

Հաղորդութիւն

ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տուաւ որ Սուրբ Հոգին, Սուրբ Կաէթանոն չմղեց անհատական ուղեւորութեան վրայ ընթանալու, այլ ներշնչեց կազմելու կղերականներու հասարակութիւն մը ապրելու համար աւետարանը, Առաքեալներու ապրած կեանքի համաձայն։

Առաքելութիւն

Ի վերջոյ միաբանութեան նպատակներէն մին է առաքելութիւնը։ Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տուաւ որ Սուրբ Կաէթանոն ու անոր ընկերները եկեղեցւոյ ծառայեցին ու աճեցուցի իբրեւ դաշտային հիւանդանոցի նման, որուն կարիքը կայ այսօր եւս։

Ֆրանչիսկոս Պապ քաջալերեց ներկաները ընթանալու Միաբանութեան հիմնադիրներուն շուքին ներքեւ, հնազանդելով Սուրբ Հոգիին ու հաստատակամ ըլլալով էական իրողութիւններէն ներս. Աղօթք, երկրպագութիւն, հասարակաց կեանք, եղբայրական սէր ու բարի հոգիով փնտռել Աստուծոյ արքայութիւնը։

Ֆրանչիսկո Պապ հայցելով Սուրբ Կայեթանոյի ու Տիրամօր բարեխօսութիւնը պատգամը աւարտեց տալով բոլորին իր առաքելական օրհնութիւնը ու խնդրելով որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/01/2022, 12:54