Որոնել

«Խաչելութեան առջեւ հայցենք սրտի խաղաղութիւն ու խաղաղութիւն աշխարհին». Ֆրանչիսկոս Պապ

Խաղաղութիւն կը թողում ձեզի, ի՛մ խաղաղութիւնս կու տամ ձեզի, ո՛չ թէ ինչպէս աշխարհս կու տայ՝ ես ձեզի կու տամ։ Ձեր սրտերը չխռովին ու չվախնաք։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 13 ապրիլ 2022ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը գլխաւորեց չորեքշաբթի օրուան հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը եւ սովորութեան համաձայն ունկնդրութեան մասնակցող ուխտաւորներուն ներկայացուց խորհրդածութիւն մը. զոր այս անգամ ուզեց կեդրոնացնել աւագ շաբթուայ աւետաբեր Զատկուայ տօնին խաղաղութեան վրայ։

Աւագ շաբաթը

«Կը գտնուինք Աւագ շաբաթուայ սրտին մէջ՝ Ծաղկազարդի և Զատկուայ կիրակիներու միջև գտնուող ժամանակահատուածին մէջ» ըսաւ Սրբազան Պապը սկիզբ տալով խորհրդածութեան ու մատնանշելով, թէ երկու այս կիրակիները յատկանշուած են տօնախմբութեամբ, որ կը կատարուի Յիսուսին շուրջը։

Անոնք տարբեր տօնակատարութիւններ են. Անցեալ կիրակի տեսանք Յիսուսը, որ փառաւոր մուտք կը կատարէր Երուսաղէմ եւ ընկալուած էր որպէս հզօր Մեսիա մը, որ փառաւոր խաղաղութիւն պիտի բերէր` ժողովուրդը ազատելով Հռովմէացիներէն։ Այս էր այդ մարդոց սպասումը։

 Խաղաղութիւնը հեզութեան և ողորմութեան միջոցաւ

Բայց Յիսուս երբեք այս մասին չի խօսիր։ Իր առջեւ ունի տարբեր Զատիկ մը։ միակ բանը, որուն կը մտածէ մուտք գործելու համար Երուսաղէմ, իշու աւանակը հեծնել էր « որուն վրայ բնաւ մարդ նստած չէ» (Ղուկաս 19,30)։ Ահա թէ ինչպէս Յիսուս խաղաղութիւնը կը բերէ աշխարհ. հեզութեան և ողորմութեան միջոցաւ, որ խորհրդանշուած են այդ կապուած աւանակին մէջ, որուն վրայ «ոչ մէկ մարդ նստած է»։ «Ոչ մէկը, որովհետեւ Աստուծոյ գործելակերպը կը տարբերի աշխարհի գործելակերպէն» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։

Յիսուս արդարեւ Զատիկէն առաջ իր աշակերտներուն կը բացատրէ «Խաղաղութիւն կը թողում ձեզի, ի՛մ խաղաղութիւնս կու տամ ձեզի, ո՛չ թէ ինչպէս աշխարհը կու տայ՝ ես ձեզի կու տամ» (Յովհաննէս 14,27)։

Տիրոջ խաղաղութիւնը կը հետեւի խաչի եւ խոնարհութեան ճանապարհին

Զատկուան օրը մեզի պարգեւած Յիսուսին խաղաղութիւնը չի հետեւիր աշխարհի ռազմավարութեան, որ կը մտածէ զայն ձեռք բերել բռնի ուժով, արշաւանքով կամ որեւէ այլ բռնատիրութեան միջոցներով։ Այդպիսի խաղաղութիւն մը իրականին մէջ պատերազմներու միջեւ ընդմէջում մըն է։ Տիրոջ խաղաղութիւնը կը հետեւի խաչի եւ խոնարհութեան ճանապարհին. Անիկա կը նշանակէ միւսներուն բեռը վերցնել։ Քրիստոս արդարեւ իր վրայ առաւ չարը, մեր մեղքերը, մեր մահը։ Եւ այդպէսով մեզ ազատեց։ Անոր խաղաղութիւնը փոխզիջումի մը պտուղը չէ այլ ծնունդ կ՜առնէ անձնուիրումէն։ Սակայն դժուար է ընկալել այս խոնարհ եւ քաջ խաղաղութիւնը եւ արդարեւ Յիսուսը փառաբանող ամբոխը նոյնն է, որ մի քանի օրեր ետք բացականչեց «ի խաչ հան»։

Յիսուսին խաղաղութիւնը չի տիրապետեր ուրիշներուն վրայ, ան երբեք զինուած խաղաղութիւն մը չէ։ Աւետարանի զէնքերն են` աղօթքը, քնքշութիւնը, ներողամտութիւնը և ձրի սէրը մերձաւորին` իւրաքանչիւր մերձաւորի նկատմամբ:

Պատերազմնեը նախատինք են Աստուծոյ դէմ

Այսպէս է, որ Աստուծոյ խաղաղութիւնը կը բերուի աշխարհ: Ահա թէ ինչու այս օրերուն զինուած յարձակումը, նման բոլոր պատերազմներուն, նախատինք է Աստուծոյ նկատմամբ, սրբապիղծ դաւաճանութիւն է Զատկուան Տիրոջ հանդէպ, որով Անոր հեզ դէմքին կը նախընտրենք այս աշխարհիս կեղծ աստծոյ դէմքը:

Յիսուս նախ քան իր վերջին Զատիկը կատարելը աշակերտներուն ըսաւ «Թող չխռովին ձեր սրտերը, մի վրդովիք» (Յովհ. 14,27)։ Այո որովհետեւ մինչ աշխարհին իշխանութիւնը միայն մահ եւ կործանում կը թողու, Անոր խաղաղութիւնը կը կերտէ պատմութիւնը, սկսեալ զայն ընկալող իւրաքանչիւր մարդու սրտէն։

«Խաղաղութիւն ձեզի»

Զատիկը ուստի Աստուծոյ եւ մարդու իսկական տօնն է, որովհետեւ խաղաղութիւնը, զոր Քրիստոս ձեռք բերաւ իր խաչին վրայ զոհաբերումով, մեզի կը բաժնուի։ Ասոր համար է, որ Յարուցեալը Զատկուան օրը աշակերտներուն կը յայտնուի եւ կ՛ըսէ «Խաղաղութիւն ձեզի»։

Եղբայրներ եւ քոյրեր, Զատիկ կը նշանակէ «անցում»: Եւ յատկապէս այս տարի ան օրհնեալ առիթն է՝ անցնելու աշխարհիկ աստուծմէ դէպի քրիստոնեայ Աստուածը , մեր մէջ գտնուող ժլատութենէն, դէպի մեզ ազատող գթասիրութիւնը, ուժով բերուած խաղաղութեան ակնկալիքէն դէպի յանձնառում գործնական կերպով վկայելու Յիսուսին խաղաղութիւնը: Մենք մեզ դնենք Խաչելութեան առջեւ, որ մեր խաղաղութեան ակունքն է, եւ անորմէ հայցենք սրտի խաղաղութիւնը ու խաղաղութիւն աշխարհին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/04/2022, 09:15

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >