«Սորվինք բարեխօսութեան աղօթքը» Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Մայիս ամսուայ վերջին կիրակին` 29 Մայիսը, այս տարի աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ կը զուգադիպի Համբարձման տօնին, որուն վրայ հիմնուելով է, որ Ֆրանչիսկոս Պապը, իր գրասենեակի պատուհանէն ներկայացուց Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը, Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ, մեկնաբանելով Ղուկաս Աւետարանիչին պատմած Յարուցեալ Քրիստոսին վերջին երեւումը աշակերտներուն, նախ քան երկինք համբառնալը (Ղուկ. 24,46-53)։
Համբարձումը եւ Սուրբ Հոգին
Յիսուսին այս աշխարհին վրայ կեանքը իր գագաթնակէտին կը հասնի համբարձումով, որ կը դաւանինք հաւատամքի մէջ «ելեալ ի յերկինս նովին մարմնով՝ նստաւ ընդ աջմէ Հօր», ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը խօսքը կեդրոնացնելով Յիսուսին երկու արարքներու վրայ. «Ան կը հռչակէ Սուրբ Հոգւոյն պարգեւը ապա կ՜օրհնէ աշակերտները»։
Յիսուս իր բարեկամներուն կը յայտնէ, թէ պիտի ուղարկէ Ան զոր Հայրը խոստացաւ` Սուրբ Հոգին, մխիթարիչը, որ անոնց պիտի ուղեկցի, պիտի առաջնորդէ, պիտի աջակցի անոնց առաքելութեան, ու զանոնք պիտի պաշտպանէ հոգեկան հակամարտութիւններու ընթացքին։ Յիսուս արդարեւ չի լքեր իր աշակերտները, Ան մեզ միայնակ չի թողուր։ Դէպի հայրը բարձրանալով ան կը խոստանայ Սուրբ Հոգւոյն զեղումը։ Ասոր մէջ ալ արդարեւ կը տեսնուի Յիսուսին սէրը մեր նկատմամբ. Անոր սէրը չի սահմանափակեր մեր ազատութիւնը, որովհետեւ իսկական սէրը մօտիկութիւն կը յարուցէ եւ չի ճնշեր։ Ան երկինք բարձրանալով, փոխանակ մարմնով մօտիկ ըլլալու միայն մի քանիներուն, Սուրբ Հոգիին միջոցաւ մօտիկ կը դառնայ բոլորին։ Սուրբ Հոգին Յիսուսը ներկայ կը դարձնէ մեր մէջ, ժամանակի եւ տարածքներու պատնէշներէն անդին, որպէսզի մեզ դարձնէ աշխարհի մէջ իր վկաները», յարեց հուսկ Սրբազան Պապը խօսելով Յիսուսին երկրորդ արարքի մասին, «Ան ձեռքերը բարձրացնելով օրհնեց առաքեալները»։
Յիսուսին օրհնութիւնը
Այս մէկը քահանայական ժեստ մըն է եւ Աւետարանը մեզի կ՜ուզէ ըսել, որ Յիսուս մեր կեանքին Աւագ Քահանան է։ Յիսուս հօր մօտ կ՜երթայ բարեխօսելու մեզի համար, Անոր ներկայացնելու մեր մարդկութիւնը, մեր կեանքը մեր յոյսերը ու մեր վէրքերը։ Ան Երկինք մեկնեցաւ մեզի համար տեղ պատրաստելու համար եւ այժմէն իսկ մեզի համար կը բարեխօսէ, որպէսզի միշտ օրհնուած ըլլանք Հօրմէն։
«Եղբայրներ եւ քոյրեր, մտաբերենք այսօր Սուրբ Հոգիին պարգեւները, զոր ընդունեցանք Յիսուսէն, որպէսզի դառնանք Աւետարանի վկաները։ Սակայն հարց տանք, եթէ մենք իսկապէս վկաներ ենք, եթէ կարող ենք սիրելու միւսները, զանոնք ազատ թողելով ու անոնց տեղ տալով։ Հարց տանք, եթէ կը ծառայենք միւսներուն եթէ գիտենք աղօթել անոնց համար։ Եկէք սորվինք` Բարեխօսութեան աղօթքը, բարեխօսել աշխարհի յոյսին ու տառապանքներուն համար, խաղաղութեան համար։ Եւ հայեացքով ու խօսքով օրհնենք անոնք որոնց կը հանդիպինք ամէն օր եւ այժմ աղօթենք Աստուածամօր, կիներուն մէջ օրհնեալը, լի Սուրբ Հոգիով, որպէսզի միշտ բարեխօսէ մեզի համար» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը աւարտելով խորհրդածութիւնը։