Որոնել

«Կեանքով վկայենք Աստուած-Սէր խորհուրդը». Ֆրանչիսկոս Պապ

«Մենք կղզիներ չենք, աշխարհի մէջ ենք ապրելու համար Աստուծոյ պատկերին համաձայն»
Ունկնդրէ լուրը

 Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 12 Յունիսին Ֆրանչիսկոս Պապը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, որուն առթիւ ներկայացուցած խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց օրուան տօնին վրայ` Սուրբ Երրորդութեան տօնը։

Երրորդութիւնը տօնախմբելը ապրելակերպի յեղափոխութիւն է

«Յիսուս այսօրուայ Աւետարանին մէջ մեզի կը ներկայացնէ աստուածային միւս երկու Անձերը` Հայրը եւ Սուրբ Հոգին» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը դիտել տալով, որ Յիսուս Սուրբ Հոգին կը ներկայացնէ որպէս Ան` որ կը խօսի, բայց ոչ իր անձի մասին, Ան կը հռչակէ Յիսուսը եւ կը յայտնէ Հայրը։ Իսկ Հայրը, որ կը տիրապետէ ամէն ինչի եւ որ ամէն բանի սկզբնաւորումն է, Որդիին կու տամ այն ամէն բան որ ինք ունի։ Ինքնիրեն ոչ մէկ բան կը պահէ եւ ամբողջութեամբ կը նուիրուի Որդիին», յարեց Սրբազան Քահանայապետը, հրաւիրելով նայելու մենք մեզի ու մեր վարուելակերպը բաղդատելու Սուրբ Երրորդութեան իրականութեան հետ եւ ասկէ մեկնելով հաստատեց, թէ «Սուրբ Երրորդութիւնը տօնախմբելը աստուածաբանական վարժութիւն մը չէ, այլ մեր ապրելակերպի յեղափոխութիւնը»։

Վկայել կեանքով

Մենք կարող ենք մեզ մեզի հարց տալ եթէ մեր կեանքը կը ցոլացնէ Աստուածը որուն կը հաւատանք. Ես` որ կը դաւանիմ հաւատքը Հօր, Որդւոյն եւ Սուրբ Հոգիին մէջ իրապէս կը հաւատամ թէ ապրելու համար կարիքը ունիմ միւսներուն, կարիքը ունիմ անձս նուիրելու ուրիշներուն, կարիքը` ծառայելու ուրիշներուն։ Ապա այս մէկը միայն խօսքո՞վ կը հաստատեմ թէ նաեւ կեանքով։

«Աստուած, որ կեանքին հեղինակն է կը փոխանցուի կեանքի վկայութեամբ» շարունակեց Սրբազան Պապը յղում կատարելով Յովհաննէս աւետարանիչին, որ կը գրէ, թէ «Աստուած սէր է» եւ «կը յայտնուի սիրոյ միջոցաւ», ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատելով, որ «սիրել չի նշանակեր միայն բարիք գործել ու սէր արտայայտել, այլ անկէ առաջ` ընկալել միւսները, միւսներուն տեղ ու տարածք տրամադրել»։

Կարելի չէ ապրիլ առանց միւսներուն

Սրբազան Պապը հրաւիրեց նաեւ մտածել խաչակնքումին` Հօր Աստուծոյ, Որդւոյն եւ Սուրբ Հոգիին, հաստատելով, որ «անոնցմէ իւրաքանչիւրին մէջ կայ միշտ միւսին ներկայութիւնը»։

Արդարեւ, յարեց Քահանայապետը, Սուրբ Երրորդութիւնը մեզի կը սորվեցնէ թէ կարելի չէ երբեք առանց միւսին ապրիլ։ Մենք կղզիներ չենք, աշխարհ եկած ենք ապրելու համար Աստուծոյ նմանութեամբ, բաց, կարիքաւոր միւսներուն եւ կարիքաւոր միւսները օգնելու։

Վկայել Աստուած - Սէր խորհուրդը

«Ուստի հարց տանք. Ամէնօրեայ կեանքին մէջ արդեօք ես ալ Սուրբ Երրորդութեան ցոլացումն եմ։ Խաչակնքումը` զոր ամէն օր կը կատարեմ արդեօք կը ներշնչէ իմ խօսելու, հանդիպելու, պատասխանելու դատելու եւ Ներելու ապրելակերպս» ըսաւ Սրբազան Պապը հայցելով Սուրբ Կոյսին բարեխօսութիւնը «Հօր դուստրը, Որդիին մայրը եւ Սուրբ Հոգիին հարսը մեզի թող օգնէ ընկալելու եւ կեանքին մէջ վկայելու Աստուած-Սէր խորհուրդը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/06/2022, 12:15

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >