Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ

Մարեմեան աղօթք. Առանց Յիսուսի ներկայութեան մեր կեանքը կը մթագնի։

«Երկրպագելով Քրիստոսի Մարմնոյ եւ Արեան դիմաց բոլոր սրտով հայցենք. Տէր տուր ինծի առօրեայ հացը, որպէսզի կարենամ յառաջ ընթանալ եւ կշտացուր զիս քու ներկայութեամբ»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 19 Յունիս 2022 կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը Սուրբ Պետրոս հրատարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ։

Այս առթիւ ներկայացուցած խորհրդածութեան մէջ Սրբազան Պապը շեշտը դրաւ Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդին վրայ մատնանշելով, որ «այսօր Իտալիոյ ու տարբեր Երկիրներու մէջ կը տօնուի Քրիստոսի Մարմնոյ եւ Արեան տօնը»։

Օրուան աւետարանական ընթերցումը քաղուած էր Ղուկասի Աւետարանէն (Գլ. 9,11-17) եւ կը խօսէր հացերու բազմացումի հրաշքի մասին։

Յիսուսին հոգատարութիւնը

Քահանայապետը դիտել տուաւ, որ Յիսուս հոգ կը տանի մեծ ամբոխին որ իրեն ետեւէն գնաց ունկնդրելու համար իր խօսքը եւ ազատելու տարբեր չարիքներէն։ Կ՜օրհնէ հինգ հացեր եւ երկու ձուկեր, կը բեկանէ, եւ աշակերտները կը բաժնեն զանոնք ու «Ամէնքը կերան ու կշտացան»։

«Սուրբ Հաղորդութեան մէջ իւրաքանչիւրս կարող է փորձարկել Տիրոջ այս ներդաշնակ եւ շօշափելի ուշադրութիւնը։ Ան, որ հաւատքով կ՛ընդուի Յիսուսի Մարմինն ու Արիւնը ոչ միայն կը ճաշակէ այլ նաեւ կը կշտանայ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, շեշտը դնելով ուտել ու կշտանալ բառերուն վրայ, որոնք, ըսաւ Ան, «երկու հիմնական կարիքներ են որոնք Սուրբ Հաղորդութեան մէջ գոհացում կը գտնեն»։

Հացի եւ ձուկերու բազմացումի հրաշքը չի կատարուիր տպաւորիչ ձեւով այլ գրեթէ գաղտնի, Կանայի հարսանիքի նման։ Հացը արդարեւ կը բազմանայ ձեռքէ ձեռք։ Եւ ուտելու ժամանակ ամբոխը կ՜անդրադառնայ թէ ինչպէս Յիսուս Հոգ կը տանի ամէն բանի։ «Ահա այս է Տէրը` որ ներկայ է Սուրբ Հաղորդութեան մէջ» հաստատեց Սրբազան Պապը։

Մենք ալ հոգ տանելու ենք մերձաւորին

Տէրը իր վրայ կ՜առնէ մեր բոլոր կարիքները, ամենատարրական կարիքներէն սկսեալ։ Եւ Ան կ՜ուզէ նաեւ օրինակ տալ իր աշակերտներուն, երբ անոնց կ՜ըսէ «դուք տուէք անոնց կերակուրը»։

«Սուրբ Հաղորդութեան մեր պաշտամունքը իր ստուգումը կը գտնէ երբ մենք հոգ կը տանինք մերձաւորին։ Մեր շուրջն ալ կայ կերակուրի անօթութիւն, բայց նաեւ ուղեկցութեան, մխիթարութեան, բարեկամութեան եւ ուշադրութեան սով» նկատել տուաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, հաստատելով ,որ Սուրբ Հաղորդութեան մէջ մենք կը գտնենք Քրիստոսին ուշադրութիւնը մեր կարիքներուն նկատմամբ ու նաեւ հրաւէրը` մեր կարգին այնպէս գործելու։

Ուտելէ անդին կշտանալ

«Ամբոխը ուտելէ անդին կշտացաւ կերակուրի արատութեան բերումով» նշեց ապա Ֆրանչիսկոս Պապը ընդգծելով, որ կերակուրէն անդին մենք կարիքն ունինք նաեւ կշտանալու եւ գիտակցելու, որ այդ սնունդը մեզի կը տրուի սիրոյ համար։

Քրիստոսի Մարմնոյն եւ Արեան մէջ մենք կը գտնենք Անոր ներկայութիւնը, Անոր կեանքը, որ նուիրուած է իւրաքանչիւրիս։ Ան պարզապէս մեզ չօգներ յառաջ ընթանալու համար այլ մեզի կը պարգեւէ ինքզինքը, կը դառնայ մեր ճանապարհորդակիցը, կը մտնէ մեր կեանքին մէջ, մեզ կ՜այցելէ մենակութեան ընթացքին մեզի պարգեւելով խանդավառութեան իմաստը։ «Ահա այս է, որ մեզ կը կշտացնէ` Տիրոջ ներկայութիւնը» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը հաստատելով, որ «այդ ներկայութեամբ` մեր կեանքը կը փոխուի, մինչ առանց Յիսուսին ամէն բան կը մթագնի»։

Տէր տուր ինծի առօրեայ հացը, որպէսզի կարենամ յառաջ ընթանալ եւ կշտացուր զիս քու ներկայութեամբ

«Երկրպագելով Քրիստոսի Մարմնոյ եւ Արեան դիմաց բոլոր սրտով հայցենք. Տէր տուր ինծի առօրեայ հացը, որպէսզի կարենամ յառաջ ընթանալ եւ կշտացուր զիս քու ներկայութեամբ» հրաւէր ուղղեց Քահանայապետը հայցելով Սուրբ Կոյսին բարեխօսութիւնը, որպէսզի մեզի սորվեցնէ պաշտել Յիսուսը` որ կենդանի է Սուրբ Հաղորդութեան մէջ ու զայն կիսել մեր եղբայրներու եւ քոյրերուն հետ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/06/2022, 12:06

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >