Որոնել

Հրապարակային ունկդնրութիւն Հրապարակային ունկդնրութիւն

«Տարեցները ընտանիքին, մարդկութեան եւ Երկրին յիշողութիւնն են». Հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւն

Ծերութիւնը վրայ կը հասնի բոլորի համար։ Եւ այնպէս ինչպէս դուն կը փափաքիս որ քու հետդ վերաբերուին ծերութեան պահուն այսօր վերաբերուիր տարեցներուն հետ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան -  Վատիկան

«Տէր դուն ես իմ ապաւէնս, իմ յոյսս, Տէր երիտասարդութենէն ի վեր։ Մօր Արգանդէն իսկ դուն ես ապաստանս, մօրս որովայնէն դուն ես իմ օգնականս։ Դուն եղար միշտ իմ գովաբանութիւնս։ ...Դուն ցոյց տուիր ինծի այնքան անչարչարանք, եւ անձկութիւններ, եւ հիմա դարձեալ կեանք կու տաս ինծի, դարձեալ կը դնես զիս երկրի անդունդները։ Դուն աւելացուցիր իմ զօրութիւնս, դարձեալ մխիթարեցիր զիս երկրի խորխորատներէն» (Սաղմոս 71,5-6.20-21)։

Ծերունիին աղօթքը

Սաղմոսերգուն սոյն ծերունիին աղօթքը առանցքը կազմեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ, Յունիս մէկին նախագահած չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան խորհրդածութեան, որուն ընթացքին ան շարունակեց խօսիլ ծերութեան նիւթի մասին։

«Սաղմոսերգուին ծերունիի աղօթքը, զոր կը գտնենք 71րդ սաղմոսին մէջ մեզ կը քաջալերէ խոկալու այն զօրեղ լարուածութեան մասին, որ կ՜ապրուի ծերութեան վիճակին մէջ, երբ յաղթահարած դժուարութիւններուն և ընկալուած օրհնութիւններուն յիշողութիւնը ենթարկուած է հաւատքի եւ յոյսի փորձութեան» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը դիտել տալով, որ «այդ փորձութիւնը կը ներկայանայ տկարութեան հետ, որ կ՜ընկերակցի դէպի յառաջացած տարիք տանող դիւրաբեկութեան եւ խոցելիութեան եւ այս մէկը յաճախ անոնց նկատմամբ կը յառաջացնէ լքում, խաբէութիւն, գերիշխանութիւն եւ չարաշահում»։

Ընկերութիւնը պէտք է հոգ տանի տարեցներուն

Քահանայապետը ակնարկեց ապա յաճախ թերթերու էջերուն մէջ գտնուող լուրերուն, որոնք կը խօսին չարաշահուած կամ խաբեբաներու ձեռքը ինկած տարեցներու մասին կամ այն ծերերու մասին, որոնք լքուած են, առանց պաշտպանութեան կամ խնամքի։ «Այս դաժանութիւնները կը պատահին նաեւ ընտանիքներուն մէջ» յարեց Սրբազան Պապը ընդգծելով, որ ընկերութիւնը պէտք է արագօրէն գործէ` հոգ տանելու համար «միշտ աւելիով բազմաթիւ ծերերուն, եւ յաճախ միշտ աւելիով լքուած»։

Մնացորդացի մշակոյթը

«Երբ լսենք լուրեր տարեցներու մասին, որոնք զրկուած են իրենց ինքնավարութենէն, իրենց անվտանգութենէն ու նաեւ իրենց բնակարաններէն կը հասկնանք թէ այսօրուան ընկերութեան երկիմաստ կեցուածքը` հանդէպ տարեցներուն, պատահական արտակարգ իրավիճակի խնդիր մը չէ, այլ մնացորդացի մշակոյթին յատկանիշն է, որ կը թունաւորէ աշխարհը` որուն մէջ կ՜ապրինք», ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը մէջբերելով սաղմոսերգուին խօսքը «Վասն զի թշնամիներս ինծի համար կը խօսին, ու իմ անձս պաշարողները մէկտեղ խորհուրդ կ’ընեն ըսելով. «Աստուած թողուց զանիկա. Հալածեցէ՛ք ու բռնեցէ՛ք զանիկա, վասն զի ալ ազատող չկայ»։

Տարեցներուն նկատմամբ անզգայ քաղաքակրթութիւնը

«Սաղմոսերգուն իր ծերութիւնը կը տեսնէ որպէս պարտութիւն։ Ծերութիւնը ոչ միայն կը կորսնցնէ իր արժանապատւութիւնը, այլ կը տարակուսի նոյնիսկ այն հարցի մասին եթէ արժանի է շարունակել կեանքը։ Այդպիսով մենք յաճախ կը ջանանք թաքնացնել մեր դիւրաբեկութիւնը, մեր հիւանդութիւնները, մեր տարիքը ու մեր ծերութիւնը, որովհետեւ կը վախնանք, որ այս բաները մեր արժանապատւութեան կորուստին նախասենեակն ըլլան» յարեց Սրբազան Քահանայապետը հարցեր ուղղելով. եթէ այդ զգացումները մարդկային են եւ թէ ի՞նչու արդի քաղաքակրթութիւնը, որ այդքան յառաջացած է եւ արդիւնաբեր անհանգիստ է հիւանդութեան եւ ծերութեան դիմաց։ Ի՞նչու քաղաքականութիւնը, որ այնքան յանձնառու կ՛երեւնայ կարգաւորելու համար արժանավայել վերապրումի մը սահմանները, միեւնոյն ժամանակ անզգայ է ծերերուն եւ հիւանդներուն հետ համակեցութեան արժանապատւութեան նկատմամբ։

Աղօթքը  կը նորոգէ Աստուծոյ օրհնութեան եւ հաւատարմութեան խոստումը

«Ամօթը պէտք է պատէ անոնք` որոնք կը շահագործեն հիւանդութեան եւ ծերութեան տկարութիւնները» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը նշելով, որ «Աղօթքը տարեցի սրտին մէջ կը նորոգէ Աստուծոյ օրհնութեան եւ հաւատարմութեան խոստումը, եւ մենք գիտենք որ Յիսուս մշտապէս մտիկ կ՜ընէ աղօթքներուն անոնց` որոնք օգնութեան կարիքը ունին»։

«Տարեցները կրնան կեանքի այլ տարիքներ ապրողներուն սորվեցնել, որ բոլորս ալ կարիքը ունինք մենք մեզ յանձնելու Տիրոջ եւ հայցելու Անոր օգնութիւնը։ Այս իմաստով բոլորս ալ պէտք է սորվինք ծերութենէն, որ մեզի կը սորվեցնէ վստահիլ ուրիշներուն սկսեալ Աստուծմէ» ըսաւ Քահանայապետը խօսելով «դիւրաբեկութեան վարդապետութեան» մասին, զոր ծերութիւնը կարող է յիշեցնել հաւատալի կերպով մարդկային համայն կեանքի հոլովոյթին։

Դիւրաբեկութեան վարդապետութիւնը

«Այս վարդապետութիւնը վճռական հորիզոն մը կը բանայ մեր քաղաքակրթութեան դիմաց» ընդգծեց Նորին Սրբութիւնը հրամայական նկատելով բարեփոխում մը` ի շահ բոլորի համակեցութեան։

«Ծերութեան հայեցակարգային և գործնական լուսանցքայնացումը կը փճացնէ ոչ միայն ծերութիւնը` այլ կեանքի բոլոր եղանակները: Մեզմէ իւրաքանչիւրս այսօր կրնայ մտածել տարեցներուն ու թէ ինչ ձեւով կը վերաբերուինք անոնց հետ. Անոնք կեանքի իմաստութիւն են։ Ծերութիւնը վրայ կը հասնի բոլորիս համար։ Եւ այնպէս ինչպէս դուն կը փափաքիս, որ քու հետդ վերաբերուին ծերութեան պահուն, այսօր նոյն ձեւով վերաբերուիր տարեցներուն հետ։ Անոնք ընտանիքին, մարդկութեան եւ Երկրին յիշողութիւնն են» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը մաղթելով` որ «Տէրը Եկեղեցւոյ մաս կազմող երէցներուն պարգեւէ այս կոչումի և դրդումի վեհանձնութիւնը յանուն բոլորի բարիքին»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/06/2022, 09:55

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >