Որոնել

1655280898701.jpg

15 Յունիսի Քահանայապետական Հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը. Սուրբ Պետրոսի զոքանչը եւ ծերութիւնը

Քրիստոնեայ հասարակութիւնը պէտք է հոգ տանի տարեցներուն։ Տարեցներուն տարուած այցելութիւնը պէտք է ըլլայ յաճախակի ու միասնաբար։ Մասնաւորապէս այսօր` որ տարեցներուն թիւը ակնյայտօրէն աճած է։ Պէտք է պատասխանատուութիւնն զգանք այցելելու զանոնք, որ յաճախ միայնակ են ու պէտք է զանոնք ներկայացնենք Տիրոջ մեր աղօթքին հետ միասին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Մարկոս Աւետարանիչին պատմած Սուրբ Պետրոսի զոքանչին բժշկութեան արարքը առանցքը կազմեց Ֆրանչիսկոս Պապին 15 Յունիսի հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութեան, զոր Ան դարձեալ կեդրոնացուց ծերութեան վրայ ու հաւատքի եւ երախտագիտութեան զգացումին վրայ ։

Աւետարանիչը կը գրէ.

Հազիւ ժողովարանէն ելած` Յակոբոսի եւ Յովհաննէսի հետ գնաց Սիմոնի եւ Անդրէասի տունը, ուր ջերմով պառկած էր Սիմոնի զոքանչը. իսկոյն անոր մասին խօսեցան Յիսուսի։ Մօտենալով հիւանդին` ձեռքէն բռնեց եւ ոտքի հանեց զայն. ջերմը անցաւ եւ սկսաւ անոնց սպասարկել։

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր ունկնդրեցինք Մարկոսի Աւետարանին Սիմոնի զոքանչի ապաքինման պարզ եւ յուզիչ պատմութիւնը», ըսաւ Սրբազան Պապը դիտել տալով, որ  Սիմոնը տակաւին Պետրոս չէր անուանուած եւ զոքանչը անկողին պառկած էր ջերմով։

Հիւանդութիւնն ու ծերութիւնը 

«Մենք չենք գիտեր եթէ անոր կացութիւնը ծանր էր թէ ոչ բայց ծերութեան ընթացքին նոյնիսկ ամէնատկար ջերմութիւնն իսկ կարող է վտանգաւոր ըլլալ» յարեց հուսկ Նորին Սրբուիւնը եւ աւելցուց, որ «Հիւանդութիւնը ծանր կը կշռէ տարեց մարդոց վրայ նոր եւ տարբեր ձեւով մինչեւ այն աստիճան, որ ան կը թուայ թէ կ՜արագացնէ մահը եւ կը նուազեցնէ կեանքի տեւողութիւնը, որ արդեն չափազանց կարճ կը համարուի»։

Տարակոյս կը ծագի թէ այդ հիւանդութիւնը վերջինն է ու թէ կարելի չէ ապագան երազել։ Բայց մեր ունկնդրած Աւետարանական հատուածը մեզի կ՛օգնէ, որպէսզի յուսանք ու մեզի կը նուիրէ առաջին մէկ ուսուցում մը. Յիսուս առանձին չերթար այնտեղ, այլ աշակերտներուն հետ։

Քրիստոնեայ հասարակութեան պարտականութիւնը 

Քրիստոնեայ հասարակութիւնն է արդարեւ, որ պէտք է հոգ տանիլ տարեցներուն։ Տարեցներուն տարուած այցելութիւնը պէտք է ըլլայ յաճախակի ու միասնաբար։ Երբեք պէտք չէ մոռնանք աւետարանական այս տողերը։ Մասնաւորապէս այսօր` որ տարեցներու թիւը ակնյայտօրէն աճած է։ «Պէտք է պատասխանատուութիւնն զգանք այցելելու տարեցները, որոնք յաճախ միայնակ են ու պէտք է զանոնք ներկայացնենք Տիրոջ մեր աղօթքին հետ միասին» ըսաւ Սրբազան Պապը հաստատելով, որ «Նոյնինքն Յիսուսը մեզի պիտի սորվեցնէ ինչպէս սիրել զանոնք»։

1Ընկերութիւնը իսկապէս հիւրընկալ է կեանքի նկատմամբ այն ժամանակ երբ ան կը գիտակցի թէ կեանքը արժէքաւոր է նաեւ ծերութեան, անկարութեան, ծանր հիւանդութեան ժամանակ ու նաեւ այն ժամանակ երբ ան կը մարի (Քահանայապետական Կեանքի Ակադեմիայի` ուղղուած պատգամ, 19 փետրուար 2014)։

Տարեցները կեանքի իմաստութեան աղբիւր

«Յիսուս տարեց եւ հիւանդ կնոջ ձեռքը կը բռնէ եւ զայն կը բուժէ։ Այս սիրոյ արարքով Ան իր աշակերտներուն կու տայ առաջին դաս մը. Փրկութիւնը կը հռչակուի կամ կը փոխանցուի հիւանդ անհատի նկատմամբ ուշադրութեան միջոցաւ։ Այդպիսով այդ կնոջ հաւատքը կը ցոլայ երախտագիտութեան մէջ Աստուծոյ քնքշութեան նկատմամբ, որ անոր վրայ կը հպի» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը դարձեալ ակնարկելով իր յաճախ կրկնած «մնացորդացի» մշակոյթին, որ կ՜ուզէ «ոչնչացնել տարեցները»։ Այո զանոնք չի սպաներ, բայց կը ջնջէ սոցիալական գետնի վրայ, կարծես թէ բեռ մ՛ըլլային։ Տարեցները շատ բաներ ունին փոխանցելիք եւ ըսելիք մեզի, անոնք կեանքի իմաստութիւնն ունին։ Շատ բաներ ունին մեզի սորվեցնելու, ասոր համար է` որ մենք պէտք է վարժեցնենք մանուկները մօտիկ ըլլալու իրենց մեծ հայր մեծ մայրերուն։ «Երիտասարդներու, մանուկներու եւ տատիկ պապիկներու միջեւ երկխօսութիւնը հիմնական է ընկերութեան համար, հիմնական է Եկեղեցւոյ համար ու նաեւ կեանքի առողջութեան համար», հաստատեց Սրբազան Պապը։

Սպասարկելու պատասխանատուութիւնը

Եթէ Յիսուս պարգեւեց առաջին ուսուցումը երկրորդը զայն մեցի կու տայ տարեց կինը, որ «ոտքի ելաւ եւ սկսաւ սպասարկել»։

Արդարեւ ծերութեան ժամանակ եւս կարելի եւ պէտք է ծառայել հասարակութեան։ Լաւ է, որ տարեցները շարունակեն մշակել սպասարկելու պատասխանատուութիւնը, յաղթահարելով փորձութիւնը իրենք զիրենք մէկդի դնելու։ «Տէրը զանոնք չի բացառէր, ընդհակառակը անոնց կը պարգեւէ ծառայելու ուժը» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը հաստատելով, որ «տարեցները ամենէ բիւրեղ օրինակն են հաւատքին ընկերացող երախտագիտութեան»։

«Տարեցներու երախտագիտութիւնը իրենց կեանքին մէջ Աստուծմէ ընդունած պարգեւներուն համար, ինչպէս մեզի կը սորվեցնէ Պետրոսին զոքանչը, հասարակութեան կը վերապարգեւէ համակեցութեան բերկրանքը եւ աշակերտներու հաւատքին կը հաղորդէ անոր նպատակակէտի էական յատկանիշը» հաստատեց Քահանայապետը։

Այնուամենայնիւ, մենք պէտք է քաջ գիտակցինք, որ բարեխօսութեան և ծառայութեան ոգին, զոր Յիսուս կը պատուիրէ իր բոլոր աշակերտներուն, միայն կանանց խնդիր չէ և անիկայ գրուած չէ տղամարդոց տեսլականին մէջ` ուր մարդը վարպետ է և կինը` ծառայ։ Այս մէկը չի բացառէր, որ կիները կարող են այր մարդոց սորվեցնել երախտագիտութեան, քնքշութեան եւ հաւատքի մասին բաներ։

Ապագայի յոյսը

«Պետրոսին զոքանչը աշակերտներուն ցոյց տուաւ Յիսուսին նմանելու ճանապարհը։ Եւ Յիսուսին նրբանկատութիւնը տկարներու և հիւանդներու նկատմամբ ակնյայտօրէն ցոյց կու տայ անոր առանձնայատուկ զգայունութիւնը, որ սորված է իր մօրմէն» ըսաւ հուսկ Քահանայապետը հրաւիրելով դարձեալ, որ սերտ կապ հաստատուի նոր սերունդի եւ տարեցներու միջեւ, որպէսզի փոխանցուի կեանքի յիշողութիւնը կեանքի փորձառութիւն եւ կեանքի իմաստութիւն։ Այս մէկը, յարեց Քահանայապետը կարող է մեր ընկերութեան պարգեւել ապագայի համար յոյս»։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/06/2022, 09:53

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >