Որոնել

1656849972551.JPG

Քրիստոսի հետքերուն վրայ քալելով հաւատացեալը կը սորվի Սամարացիին նման տեսնել եւ գթութիւն ունենալ։

Բարի Սամարացիին առակը առանցքը կազմեց Ֆրանչիսկոս Պապին Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութեան։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 10 Յուլիս 2022-ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն գլխաւորած Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքին խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց Ղուկասի աւետարանիչէն քաղուած օրուան աւետարանական հատուածին վրայ ուր Յիսուս կը պատմէ Բարի Սամարացիին առակը ( Ղուկ. 10,25-37)։

Աւետարանական հատուածը մեկնաբանելով Քահանայապետը դիտել տալով, որ ոչ քահանան եւ ոչ  ալ Ղեւտացին կանգ կ՜առնեն օգնելու համար աւազակներու ձեռքը ինկած ու ճամբուն եզերքը լքուած մարդուն։ Իսկ Սամարացի մը, որ ճամբորդ էր անոր մօտէն անցնելով վրան կը գթայ։ «Չի մոռնաք այս բառերը. գթաց անոր վրայ։ Այս է այն ինչ որ կ՜ընէ Աստուած մեր հետ ամէն անգամ որ հարց մը ունենանք, մեղքի մէջ իյնանք. Կը գթայ մեր վրայ», ըսաւ Քահանայապետը։

Հաւատացեալը շատ նման է Սամարացիին

Աւետարանիչը կ՛ընդգծէ թէ սամարացին ճամբորդութեան մէջ էր, ուստի հակառակ` որ արդեն ծրագրուած օրակարգ մը ունէր,  Ան պատրուակներու չի դիմեր եւ թոյլ կու տայ ներգրաւուիլ ճամբուն ընթացքին պատահածով,  «ճիշդ ինչպէս մեզի կը սորվեցնէ Տէրը», դիտել տուաւ Սրբազան Պապը հաստատելով, թէ յատկանշական էր որ առաջին քրիստոնեաները «ճանապարհի աշակերտներ» կոչուած էին (Գործք առաքելոց 9,2) եւ ասկէ մեկնելով նշեց` թէ «հաւատացեալը շատ նման է Սամարացիին։ Ան ճամբորդութեան մէջ է, եւ գիտէ թէ նպատակին հասած անձ մը չէ, այլ կ՛ուզէ ամէն օր սորվիլ, հետեւելով Յիսուսին, որ ըսաւ. «Ես եմ ճանապարհ, ճշմարտութիւնն եւ կեանք» (Յովհ 14,6)։

Ճանապարհի աշակերտներ

Քրիստոսին աշակերտը կը քալէ Անոր հետեւելով եւ այդպիսով կը դառնայ Ճանապարհի աշակերտ։ Տիրոջ կը հետեւի, որ ճամբուն վրայ կը հանդիպի մարդոց, կը բուժէ հիւանդները, կ՜այցելէ քաղաքներն ու գիւղերը։

Քրիստոսի հետքերուն վրայ քալելով հաւատացեալը կը սորվի Սամարացիին նման տեսնել եւ գթութիւն ունենալ։ Ան նախ կը տեսնէ, աչքերը կը բանայ իրականութեան վրայ, փակ չէ իր մտածումներուն մէջ։ Իսկ Քահանան եւ Ղեւտացին կը տեսնեն մահամերձ մարդը սակայն կ՜անցնին ու կ՛երթան։

Տեսնել եւ գթալ

Աւետարանը մեզ կը դաստիարակէ տեսնելու։ Մեզմէ իւրաքանչիւրս կ՜առաջնորդէ իրականութիւնը տեսնելու յստակ կերպով. Օրէ օր շրջանցելով նախապաշարումները։ Ապա Յիսուսին հետեւիլը մեզի կը սորվեցնէ գթութիւն ունենալ եւ ուշադիր ըլլալ միւսներուն յատկապէս անոր, որ կը տառապի, անոր որ կարիքաւոր է, եւ կը սորվեցնէ միջամտել` նման Սամարացիին։

Աւետարանական այս առակին դիմաց կրնայ պատահիլ , որ մենք մեզ մեղադրենք կամ մեղադրենք ուրիշները։ Մատնացոյց կ՜ընենք միւսները զանոնք նմանեցնելով քահանային եւ Ղեւտացիին կամ ալ մենք մեզ կը մեղադրենք ի տես մեր կողմէն մերձաւորին նկատմամբ ուշադրութեան պակասին, յարեց ապա Քահանայապետը ու հրաւիրեց այս առնչութեամբ դիմել Տիրոջ Անորմէ Խնդրելով, որ մեզի դուրս բերէ մեր եսասէր անտարբերութիւնէն ու մեզ դնէ Ճանապարհին վրայ։

Հայցենք Սուրբ Կոյսին բարեխօսութիւնը 

«Խնդրենք Անորմէ, որ կարողանանք տեսնել եւ գթալ անոնց վրայ որոնց կը հանդիպինք ճանապարհի երկայնքին, որպէսզի մօտենանք ու մեր կրցածը ընենք ձեռք երկարելու համար» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, որ ապա ընգծեց, թէ երբ ողորմութիւն ընենք պէտք է, որ աղքատին ձեռքին դպչինք, աչքերուն նայինք, տեսնենք եւ գթանք։ Ան ապա խորհրդածութիւնը եզրափակեց հայցելով, որ Սուրբ Կոյս Մարիամը, մեզի ընկերանայ, այս հասունութեան ճանապարհորդութեան մէջ։ Ան` որ մեզի ցոյց կու տայ Ճանապարհը, այսինքն Յիսուսը, թող մեզի օգնէ` որպէսզի միշտ աւելիով դառնանք «Ճանապարհի աշակերտներ» ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/07/2022, 12:08

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >