Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Եթէ չկայ եղբայրութիւն աւետարանական առաքելութիւնը յառաջ չ՝երթար»։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքին խորհրդածութիւնը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Կիրակի, 3 յուլիսին, կէսօրին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած բազմաթիւ հաւատացեալներու ներկայութեամբ, առաքելական պալատին իր գրասնեակի պատուհանէն արտասանեց կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը ապա ներկայացուց օրուան խորհրդածութիւնը, ներշնչուելով կիրակնօրեայ Աւետարանին ընթերցումէն ուր կը խօսուի, թէ Յիսուս ուրիշ եօթանասուն առաքեալներ իր առջեւէն երկու-երկու կը ղրկէ, բոլոր քաղաքներն ու տեղերը՝ ուր ինք պիտի երթար: (Ղուկ 10,1)։

Նորին Սրբութիւնը խորհրդածութեան սկիզբը նկատել տուաւ, որ  երկու երկու առաքելութեան երթալը, գործնական տեսանկիւնէն աւելի շատ թերութիւններ ունի քան առաւելութիւններ։ Արդարեւ վտանգ կայ, որ երկուքը համաձայն չգտնուին եւ ունենան տարբեր քայլեր՝ ճամբան մէկը յոգնելով կամ հիւանդանալով՝ միւսին կը ստիպէ նոյնպէս կանգ առնել։ Մինչ՝ երբ առանցին ենք, ուղեւորութիւնը աւելի առագ կ՝ընթանայ առանց դժուարութիւններուն։ Յիսուս սակայն այպէս չմտածեր, իր առջեւէն երկու երկու կ՝ուղարկէ։ Ըսաւ Նորին Սրբութիւն աւելցնելով, որ առաքեալներու միսիոնարութեան առաջին շօշափելի գործողութիւնը այն է, երկու երկու երթալը ու առաքեալներու միեւնոյն կեանքը՝ Աւետարանը հռչակելու համար, միասին գտնուելու գիտակցութիւն է, յարգելով մէկը միւսին եւ չցանկանալով ցոյց տալ, որ մէկը միւսէն աւելի կարող եւ ընդունակ է։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա նկատել տուաւ, որ կարելի է հովուական ծառայութեան ծրագիրներ ուսումնասիրել եւ նախաձեռնութիւններ կատարել, կարելի է հաւաքներ կազմակերպել եւ ունենալ շատ մը միջոցներ, սակայն երբ չկայ եղբայրութեան պատրաստակամութիւնը, աւետարանական առաքելութիւնը յառաջ չ՝երթար, որովհետեւ աւետարանումի առաքելութիւնը չի հիմնուիր անձնական գործունէութեան վրայ, այլ եղբայրական սիրոյ վկայութեան վրայ, նաեւ միասին ապրելու հետ կապուած դժուարութիւններու միջոցաւ։

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց խորհրդածութիւնը, յորդորելով Աւետարանի բարի լուրը տարածել եղբայրական հոգիով, համագործակցելով ու անկեղծօրէն յարգելով մօտիկ գտնուող անձին, նկատի առնելով անոր տեսակէտը։

Թող Սուրբ Կոյս Մարիամը Եկեղեցւոյ Մայրը սորվեցնէ մեզի Տիրոջ ճամբան պատրաստել եղբայրութեան վկայութեամբ։
Ըսաւ Սրբազան Հայրը։
.
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/07/2022, 12:13