Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը. «Աստուծոյ խօսքը ուրախութեան աղբիւր է»։

Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրեց աղօթել Քոնկոյի հանրապետութեան մէջ խաղաղութեան եւ համերաշխութեան համար, աղօթել որպէսզի քրիստոնեաները խաղաղութեան վկաները դառնան, յաղթահարելով ատելութեան եւ վրէժխնդրութեան ամէն զգացումները։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Կիրակի 3 յուլիսին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը ծունկի ցաւին պատճառաւ դէպի Քոնկօ առաքելական ճամբորդութիւնը յետաձգելու համար, Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ նախագահեց սուրբ Պատարագին, ներկայութեամբ Հռոմի Քոնկոլացի հասարակութեան։

Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը յարեց, թէ Աստուծոյ խօսքը ուրախութեամբ կը լեցնէ, որովհետեւ Յիսուս Աւետարանին մէջ կ՝ըսէ. « Աստուծոյ արքայութիւնը մօտիկ է» (Ղուկ 10,11) եւ Աստուծոյ մօտիկութիւնը՝ Յիսուսին մէջ, ուրախութեան աղբիւրն է, ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով, որ ուրախութիւնը որ կը ծնի Աստուծմէ՝ մինչ խաղաղութիւն կը պարգեւէ, կեանքը կը փոխէ ու անակնկալներով կը լեցնէ։

Նորին Սրբութիւնը ապա խօսքը կեդրոնացուց միսիոնարականութեան երեք անակնկալներու վրայ։

Առաջին անակնկալը, սարքաւորումներն են։ Այս առնչութեամբ Սրբազան Հայրը յարեց, թէ վայրի մը մէջ միսիոնարութիւնը ապրելու համար հարկ է մեր հետ փոխադրել տարբեր ու էական բաներ։ Սակայն Յիսուս չ՝ըսեր ինչ տանիլ մեր հետ, այլ կ՝ըսէ ինչ չտանիլ։ Յիսուս կը խնդրէ, ոչ դրամ ոչ պարկ եւ ոչ սանտալներ տանիլ ըսաւ Սրբազան հայրը հրաւիրելով չվստահիլ հարստութիւններու եւ չ՝ամչնալ աղքատութենէն, նիւթական մարդկային աղքատութենէն։

Երկրորդ անակնկալ միսոնարականութեան պատգամն է ։ Յիսուս աշակերտներու կը փոխանցէ երկու նախադասութիւնները։ Ուր որ մտնէք նախ եւ առաջ ըսէք խաղաղութիւն այս տան։ Յիսուս կը խնդրէ ներկայանալ որպէս խաղաղութեան դեսպաններ։ Երբ կը շատախօսենք, բաժանումներ կը ստեղծենք եւ հաղորդութիւնը կը խոչընդոտենք, Յիսուսի անունով չէ որ կը գործենք։

Այսօր սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, աղօթենք Քոնկոյին հանրապետութեան մէջ խաղաղութեան եւ համերաշխութեան համար, աղօթենք, որպէսզի քրիստոնեաները խաղաղութեան վկաները դառնան, կարող յաղթահարելու ատելութեան եւ վրէժխնդրութեան ամէն զգացում։ ըսաւ Նորին Սրբութիւնը աւելցնելով ,որ խաղաղութեան ողջոյնէն ետք, առաքեալներու վստահած պատգամը կը կրճատուի մի քանի բառերով, որ Յիսուս կը կրկնէ երկու անգամ։ «Մօտիկ է Աստուծոյ արքայութիւնը։»

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց որ յոյսն ու դարձի գալը կը ծնին հաւատալէ թէ Աստուած մօտիկ է ու կը հսկէ մեր վրայ, Ան բոլորին հայրն է։ Եթէ ապրինք այս հայեացքին տակ, ամբողջ աշխարհը պիտի չդառնայ պատերազմի դաշտ այլ խաղաղութեան պարտէզ։

Միսիոնարականութեան երրորդ անակնկալը։ Յիսուս կը խնդրէ առաքեալներէն, ամբողջ աշխարհը երթալ, որպէս գառնուկ գայլերուն մէջ։ Ան որ իբրեւ գառնուկ կ՝ապրի չի յարձակիր, եւ վայրի չդառնար այլ ապահովութիւն կը գտնէ իր Հովիւին մէջ, ոչ թէ ուժի, եւ դրամի մէջ, որ մեծ վնասներ պատճառեց Քոնկոյին Հանրապետութեան։ ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, Ան ապա եզրափակեց իր քարոզը հայցելով Աստուծմէ, որ բոլորիս օգնէ միսիոնարներ դառնալու ընթանալով եղբայրներու եւ քոյրերուն հետ միասին, շրթունքին վրայ ունենալով Աստուծոյ խաղաղութիւնն ու մօտիկութիւնը, տանելով մեր սիրտին մէջ Յիսուսի բարութիւնը, գառնուկը որ կը քաւէ աշխարհի մեղքերը։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/07/2022, 10:00