Որոնել

Ուքրանիոյ մէջ ռմբակոծումներ Ուքրանիոյ մէջ ռմբակոծումներ 

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Ուժային ռազմավարութիւններէն անցնիլ դէպի համաշխարհային խաղաղութեան նախագիծ»։

Մարեմեան աղօթքի աւարտին ֆրանչիսկոս Պապ կոչ ուղղեց Ուքրանիոյ եւ Համայն աշխարհի մէջ խաղաղութեան համար։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Կիրակի 3 յուլիսին, Վատիկանի առաքելական պալատի իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան աղօթքի աւարտին ներկայացուցած խորհրդածութենէն ետք Ֆրանչիսկոս Պապ յիշելով շաբաթ, 3 յուլիսին, Արժանթինի մէջ երանելի հռչակուած Հայր Փետրօ Օրթիզ Տէ Զարաթէ եւ Հայր Անթոնիօ Սոլինաս նշեց, թէ այդ երկու միսիոնարները իրենց կեանքը նուիրեցին բնիկ ժողովուրդներուն հաւատք սփռելու համար ու սպաննուեցան Աւետարանի խաղաղութեան պատգամը հաղորդելու պատճառով։ Նորին Սրբութիւնը հայցեց, որ այդ երկու մարտիրոսներու օրինակը՝ օգնէ վկայելու համար առանց փոխզիջումի բարի լուրը, վեհանձնօրէն նուիրուելով տկարներուն ծառայութեան։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա հրաւիրեց աղօթել Ուքրանիոյ եւ համայն աշխարհի մէջ խաղաղութեան համար, կոչ ուղղելով ազգերու ղեկավարներուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն, որպէսզի հակազդեն համակամարտութեան եւ հակադրութեան միտումներուն շետելով, որ աշխարհը խաղաղութեան կարիքը ունի եւ ոչ թէ սպառազինութիւններուն հաւասարակշռութեան կամ ալ փոխադարձ վախի վրայ հիմնուած խաղաղութիւն։

Ֆրանչիսկոս Պապ շեշտեց, թէ պէտք է անցնինք քաղաքական, տնտեսական եւ ռազմական ուժային ռազմավարութիւններէն դէպի համաշխարհային խաղաղութեան ծրագիր. ոչ հակամարտող ուժերու միջեւ բաժնուած աշխարհ մը, այո աշխարհի մը որ միացած է իրար յարգող ժողովուրդներուն։ Ըսաւ Նորին Սրբութիւնը

Կոչի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ ողջունեց Հռոմէացի, լեհ, Ալպանացի ուխտաւորները ու անոնց ընկերացած ժողովրդապետները, ինչպէս նաեւ հրապարակը գտնուող Նէօ Քաթուքէմէնալ շարժումին անդամները

Ֆրանչիսկոս Պապ բարի կիրակի մաղթելով խնդրեց, որ աղօթեն իրեն համար։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/07/2022, 14:22