Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Մարզանքէն նաեւ թող յառաջանայ առանց պատերազմի աշխարհի մը յանձնառութիւնը ։»։

ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Եւրոպայի լողի լիկայի ղեկավարներուն

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի, 4 յուլիսին, Ֆրանչիսկոս Պապ Վատիկանի մէջ ընդունեց Եւրոպայի լողի լիկայի ղեկավարները, ի տես Հռոմի մէջ յառաջիկայ օգոստոս ամիս կայանալիք Լողի եւրոպական ախոյանութեան մրցումներուն։

Այս առթիւ արտասանած պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ իր ուրախութիւնը յայտնեց Հռոմի մէջ կայանալիք լողի մրցումներու համար, նշելով որ «այս պահուն մարզանքի յոյժ կարիքը կը զգացուի, փոխհատուցելու համար չափազանց մեծ հակամարտութիւնը, որ կը ծանրացնէ մեր աշխարհը եւ դժբախտաբար նաեւ Եւրոպական ցամաքամասը»։ ըսաւ Նորին Սրբութիւնը աւելցնելով «ասոր համար ընդունեցայ ձեր առաջարկը պատգամ մը յղելու ախոյեանութեան մասնակցող բոլոր մարզիկներուն։»

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ամէն բարիք մաղթելով մարզիկներուն ու անոնց հարազատներուն եւ շնորհելէ ետք իր առաքելական օրհնութիւնը խնդրեց որ կարդացուի մարզիկներու յղած պատգամը։

Պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը կ՝ողջունէ մարզիկները, որոնք շուրջ մէկ ամիս վերջ Հռոմի մէջ պիտի մասնակցին լողի եւրոպական ախոյեանութեան մրցումներուն։ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա իր ուրախութիւնը յայտնեց այն առումով որ ամէն մեծ մարզանքի նախաձեռնութիւնը, տարբեր երկիրներու երիտասարդներու միջեւ առանձնաշնորհեալ պահ մըն է, ինչպէս նաեւ աւելի լաւ աշխարհի մը յոյսի նշան։

Նորին Սրբութիւնը պատգամին մէջ նշեց թէ մարզիկները եւս իրեն նման տխուր են, որովհետեւ մարզական այս տօնին վրայ կ՝իշխէ Ուքրանիոյ մէջ պատերազմի մութը։ Սակայն Սրբազան Հարը մաղթանք յայտնեց որ ախոյեանութեան մրցումը առիթ դառնայ աւելի ուժգին ցոյց տալու առանց պատերազմի աշխարհի մը, ինչպէս նաեւ առանց ժողովուրդներու միջեւ ատելութեան եւ հիւլէական սպառնալիքին բոլորին յանձնառութիւնը

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց, մաղթելով մարզիկներուն, որ Հռոմի եւրոպական ախոյեանութիւնը ապրին որպէս տօն եւ եղբայրութեան պահ, խաղաղ մթնոլորտին մէջ։ Ապա ապա տալով իր առաքելական օրհնութիւնը խնդեց որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/07/2022, 10:56