«Մի վախնար փոքրիկ հօտ. Պատրաստ ըլլալ» Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւն։

«Մեր կեանքին աւարտին Տէրը մեզմէ հաշիւ պիտի պահանջէ այն բարիքներուն համար, որ մեզի վստահեցաւ եւ ասոր համար հսկել կը նշանակէ ըլլալ նաեւ պատասխանատու, այսինքն այդ բարիքները պահպանել եւ մատակարարել հաւատարմութեամբ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրելով հաւացեալները իրենք իրենց հարց տալու` եթէ հոգ կը տանին ժառանգութեան զոր Տէրը թողուց, որոնց շարքին, կեանքը, հաւատքը, ընտանիքը, յարաբերութիւնները, աշխատանքը եւ շրջապատը…
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 7 Օգոստոս 2022-ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը աւանդութեան համաձայն իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, Սուրբ Պետրոս հրապարակ ժամանած հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ։

Աղօթքէն առաջ Նորին Սրբութիւնը ներկայացուց խորհրդածութիւն մը, որուն նիւթը եղաւ օրուան Աւետարանական հատուածը` քաղուած Ղուկասի Աւետարանէն (Գլ. 12,32 - 48) ուր Յիսուս խօսելով իր աշակերտներուն զանոնք կը հրաւիրէ «վախ չունենալու» ապա «արթուն ու պատրաստ ըլլալու»։

Քահանայապետը արդարեւ շեշտը դրաւ Յիսուսի երկու խօսքերուն վրայ «Մի վախնար փոքրիկ հօտ» ապա «պատրաստ եղէք»։

Մի վախնար փոքրիկ հօտ

Առաջին հերթին Յիսուս աշակերտները կը քաջալերէ։ Ան հազիւ աւարտած էր իր խօսքը` հայող Հօր նախախնամական հոգատարութեան, որ հոգ կը տանի թռչուններուն եւ դաշտի շուշաններուն ու առ աւելիով իր զաւակներուն ու ահա աշակերտներուն կ՛ըսէ. «Մի՛ վախնար, փոքրիկ հօ՛տ, որովհետեւ ձեր Հայրը հաճեցաւ տալ ձեզի արքայութիւնը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը։

«Յիսուսին այս քաջալերական խօսքը մեզ կը սրտապնդէ։ Յաճախ մենք մեզ կը զգանք բանտարկուած յուսալքումի եւ անձկութեան զգացումի մը մէջ. Անիկա չի յաջողելու վախն է, չճանչցուած ու չսիրուած ըլլալու վախն է, մեր ծրագիրները չիրականացնելու եւ երջանիկ չըլլալու վախն է» աւելցուց Քահանայապետը դիտել տալով, որ այս իրողութեան դիմաց կը փորձենք լուծումներ որոնել ապահովութիւններ ունենալու համար, բայց ի վերջոյ կ՛ապրինք հետեւողական մտահոգութեան եւ անձկութեան մէջ։

Մի վախնաք` այս է վստահութիւնը որուն պէտք է կառչի սիրտը

«Յիսուս մեզի կը վստահեցնէ ըսելով. Մի վախնաք։ Վստահեցէք Հօր, որ կը փափաքի ձեզի տալ այն ամէն ինչ` որուն կարիքը ունիք։ Ան արդեն ձեզի պարգեւեց իր Որդին, իր Թագաւորութիւնը, ու մշտապէս ձեզի կ՜ընկերանայ իր նախախնամութեամբ, ամէն օր հոգալով ձեր կարիքներուն։ Մի վախնաք։ Ահա այս է վստահութիւնը, որուն պէտք է կառչի սիրտը» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը։

«Սակայն գիտակից ըլլալ` որ Տէրը մեր վրայ կը հսկէ, մեզի թոյլ չի տար քնանալ։ Ընդհակառակը, մենք պէտք է արթուն ըլլանք, հսկենք» յարեց Նորին Սրբութիւնը ու հաստատեց թէ «Սիրել կը նշանակէ ուշադիր ըլլալ միւսին, զգոյշ ըլլալ անոր կարիքներուն, տրամադիր ըլլալ ունկնդրելու եւ ընկալելու, ըլլալ պատրաստ» եւ ասկէ մեկնելով անդրադարձաւ Յիսուսին երկրորդ հրաւէրին. «Պատրաստ եղէք»։

Պատրաստ եղէք

Յիսուս յաճախ կը կրկնէ այս հրաւէրը եւ այսօր զայն կ՜ընէ երեք առակներու միջոցաւ խօսելով տանտիրոջ մը մասին, որ նախ անակնկալ կերպով կը վերադառնայ հարսանիքէն «նմանեցէք այն մարդոց` որ իրենց տիրոջ կը սպասեն` թէ ե՛րբ պիտի դառնայ հարսանիքէն. որպէսզի երբ գայ եւ դուռը բախէ` իսկոյն բանան»։ Ապա «Տանտիրոջ մասին, որ իր դարձին, արթուն կը գտնէ ծառաները» եւ երրորդ` «տանտէրը` որ կը հսկէ, որպէսզի իր տունը չկողոպտուի աւազակներէն»։

Բոլորին մէջ հրաւէրը նոյնն է «պատրաստ եղէք», որովհետեւ ձեր չկարծած ժամուն` կու գայ Մարդու Որդին»։

Աստուած հաշիւ պիտի պահանջէ մեզի վստահած բարիքներուն համար

«Մեր կեանքին աւարտին Տէրը մեզմէ հաշիւ պիտի պահանջէ այն բարիքներուն համար, որ մեզի վստահեցաւ եւ ասոր համար հսկել կը նշանակէ ըլլալ նաեւ պատասխանատու, այսինքն այդ բարիքները պահպանել եւ մատակարարել հաւատարմութեամբ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրելով հաւացեալները իրենք իրենց հարց տալու` եթէ հոգ կը տանին ժառանգութեան զոր Տէրը թողուց, որոնց շարքին, կեանքը, հաւատքը, ընտանիքը, յարաբերութիւնները, աշխատանքը եւ շրջապատը… Ան ապա հրաւէր ուղղեց քալելու անվախ, այն վստահութեամբ, որ Տէր մեզի կ՛ ընկերանայ։ «Ապա արթուն մնանք եւ ջանանք չի քնանալ մինչ Տէրը կ՜անցնի» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը որ խորհրդածութիւնը աւարտեց հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամին օգնութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/08/2022, 12:06

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >