Որոնել

«Բորբոքինք Աստուծոյ սիրոյ կրակով». Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը։

Աւետարանը նման է կրակի մը, որովհետեւ պատգամ մըն է` որ երբ պատմութեան մէջ կը ներխուժէ, կ՛այրէ կեանքի հին հաւասարակշռութիւնները, մարտահրաւէր կը նետէ դուրս գալու անհատականութենէն, յաղթելու եսասիրութիւնը ու մեղքի եւ մահուան ստրկութենէն անցնելու Յարուցեալի նոր կեանքին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Կրակ ձգելու եկայ երկրի վրայ, եւ ո՛րքան կը փափաքիմ` որ արդէն իսկ բորբոքած ըլլար ան»: Ղուկասի Աւետարանէն քաղուած Յիսուսին արտասանած այս խօսքերը առանցքը կազմեցին Ֆրանչիսկոս Պապին 14 օգոստոսի կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութեան։

Այդ խօսքերէն մեկնելով Նորին Սրբութիւնը հարց տուաւ թէ ի՞նչ նշանակութիւն ունին այդ բառերը մեզի համար ու թէ ո՞ր կրակի մասին կը խօսի Յիսուս։

Աւետարանը կրակի նման պատգամ է

Մենք գիտենք, որ Յիսուս եկաւ աշխարհին բերելու համար Աւետարանը, այսինքն Աստուծոյ մեզմէ իւրաքանչիւրիս համար սիրոյ բարի աւետիսը։ Ուստի Ան մեզի կ՜ըսէ, որ Աւետարանը նման է կրակի մը, որովհետեւ պատգամ մըն է` որ երբ պատմութեան մէջ կը ներխուժէ, կ՛այրէ կեանքի հին հաւասարակշռութիւնները, մարտահրաւէր կը նետէ դուրս գալու անհատականութենէն, յաղթելու եսասիրութիւնը ու մեղքի եւ մահուան ստրկութենէն անցնելու Յարուցեալի նոր կեանքին։

Աւետարանը փոփոխութիւն կը յառաջացնէ

«Այսինքն Աւետարանը իրերը չի թողուր ինչպէս որ են, այլ փոփոխութիւն մը կը հրահրէ ու կը հրաւիրէ դարձի։ Ան հետաքրքրութիւն կը յառաջացնէ, որ մեզ ուղեւորութեան մէջ կը դնէ ու կը մղէ բացուելու Աստուծոյ եւ եղբայրներուն։ Ան նման է կրակին. Երբ մեզ կը ջերմացնէ Աստուծոյ սիրով, կ՜ուզէ այրել մեր եսասիրութիւնները, լուսաւորել կեանքի խաւար կողմերը, ու սպառել կեղծ կուռքերը, որոնք մեզ ստրուկ կը դարձնեն» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը։

Յիսուսին խօսքերը մեզ կը հրաւիրեն վերահրահրելու հաւատքին բոցը

«Յիսուս եւս լի է Սուրբ Հոգիով որ բաղդատուած է կրակին հետ ու իր լոյսով ու զօրութեամբ կը յայտնէ Աստուծոյ ողորմած դէմքը եւ յոյս կու տայ անոնց` որոնք կորսուած նկատուած են, կը տապալէ խտրականութեան պատնէշները, կը բուժէ մարմնի եւ հոգւոյ վէրքերը, կը թարմացնէ արտաքին գործունէութիւններու վերածուած կրօնականութիւնը» աւելցուց Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով, որ «Յիսուսին խօսքերը մեզ կը հրաւիրեն վերահրահրելու հաւատքին բոցը, որպէսզի ան չդառնայ լոկ երկրորդական իրականութիւն մը, կամ անհատական բարեկեցութեան միջոց, որ մեզ փախչիլ կու տայ կեանքի մարտահրաւէրներէն ու ընկերութեան եւ Եկեղեցւոյ մէջ յանձնառումէն»։

Վառենք վկայութեան կրակը

Քահանայապետը հրաւիրեց առ այդ հարց տալ մենք մեզի` եթէ կրքոտ ենք Աւետարանին նկատմամբ։ Եթէ զայն յաճախ կը կարդանք։ Եթէ մեր հետ կը կրենք զայն։ Եթէ հաւատքը, զոր կը դաւանինք մեզ կը մղէ երանութեան հանգստութեան կամ մեր մէջ կը վառէ վկայութեան կրակը։ Այս հարցումները կարող ենք ուղղել նաեւ որպէս Եկեղեցի» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը ու հրաւիրեց հաւատացեալները ստուգելու այս մէկը, որպէսզի մենք եւս կարողանանք ըսել Յիսուսին նման` թէ «վառուած ենք Աստուծոյ սիրոյ կրակով եւ կ՛ուզենք զայն «նետել« աշխարհին մէջ, տանիլ բոլորին, որպէսզի իւրաքանչիւրը բացայայտէ Հօր քնքշութիւնը եւ ապրի Յիսուսին ուրախութիւնը. որ կը լայնեցնէ սրտերը եւ գեղեցիկ կը դարձնէ կեանքը»։

«Ասոր համար աղօթենք Սուրբ Կոյսին` Ան, որ ընկալեց Սուրբ Հոգիին կրակը, բարեխօսէ մեզի համար» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը աւարտելով խորհրդածութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/08/2022, 12:06

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >