Վերափոխման տօնին Մարեմեան աղօթքը. «Իսկական իշխանութիւնը ծառայել է եւ թագաւորել կը նշանակէ սիրել»

Մարիամ այսօր մեր մէջ կը վառէ յոյսը, Ան առաջին արարածն է, որ հոգիով ու մարմնով յաղթական կերպով մուտք կը գործէ երկինք։ Մեզի ցոյց կու տայ, որ Երկինքը հասանելի է երբ մենք եւս խուսափինք մեղքէն, Աստուած փառաբանենք հեզութեամբ եւ միւսներուն ծառայենք վեհանձնութեամբ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Լատինաց մօտ Սուրբ Կոյս Մարիամի վերափոխման տօնին օրը` 15 օգոստոսի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, որուն ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց օրուան աւետարանակին հատուածին վրայ, որ քաղուած էր Ղուկասի Աւետարանէն`հայող Մարիամի եւ Եղիսաբեթի միջեւ տեղի ունեցած զրոյցին, երբ Մարիամ իմանալով Եղիսաբեթին յղիութիւնը Անոր մօտ կը փութայ։

Օրհնեալ ես դուն կիներուն մէջ եւ օրհնեալ քու որովայնիդ պտուղը

Եղիսաբեթին արտասանած խօսքերը «Օրհնեալ ես դուն կիներուն մէջ եւ օրհնեալ քու որովայնիդ պտուղը» մաս կազմեցին Ողջոյն քեզ Մարիամ աղօթքին, «որով մենք եւս կ՛ողջունենք Մարիամը ու զայն կ՛օրհնենք, որովհետեւ մեզի կը բերէ Յիսուսը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը նշելով, որ «Մարիամ Եղիսաբեթին օրհնութիւնը ընկալելով կը պատասխանէ «Մեծացուսցէ»ով` յոյսի օրհներգով։

Աստուած Մարիամի միջոցաւ բացումը կատարեց պատմական անկիւնադարձի մը

Ան կը փառաբանէ Աստուած, որովհետեւ մեծամեծ բաներ ըրաւ իր մէջ, ապա կ՛աւելցնէ «Հզօրներն իրենց գահէն տապալեց, եւ խոնարհները բարձրացուց։ Անօթիները բարիքներով լիացուց եւ հարուստները ձեռնունայն արձակեց»։

«Այս խօսքերը կարծես իրականութեան չեն համապատասխաներ, արդարեւ մինչ ան կը խօսի Հերովդէսը տակաւին իր գահին վրայ նստած է ու աղքատները եւս կը շարունակեն ըլլալ աղքատ ու հարուստները բարգաւաճել» յարեց Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով, թէ այդ օրհներգի նշանակութիւնը այն է` թէ Աստուած մեզի կ՛ուզէ ըսել աւելի կարեւոր բան մը. «Աստուած Մարիամի միջոցաւ բացումը կատարեց պատմական անկիւնադարձի մը»։

«Տիրամայրը` փոքր ու խոնարհ, զոր կը տօնախմբենք այսօր, բարձրացաւ, տարուեցաւ Երկնքի փառքին մէջ, մինչ աշխարհիս հզօրները սահմանուած են մնալու ձեռնունայն» ըսաւ Քահանայապետը հաստատելով, որ «Տիրամայրը կ՛աւետէ հիմնական փոփոխութիւն մը։ Ան Եղիսաբեթին հետ խօսելով կը կանխէ իր Որդւոյն խօսքերը երբ Երանելի կը հռչակէ աղքատներն ու հեզերը եւ կը զգուշացնէ հարուստները ու անոնք` որոնք կը հիմնուին իրենց ինքնաբաւարարութեան վրայ։

Այլ խօսքով Տիրամայրը կը մարգարէանայ մեզի ըսելով, որ ծառայութիւնը, խոնարհութիւնը ու սէրն են առաջնակարգի վրայ եւ ոչ թէ իշխանութիւնը, յաջողութիւնն ու դրամը։

Իսկական իշխանութիւնը ծառայութիւն է 

«Նայելով Անոր իր փառքին մէջ կը հասկնանք, որ իսկական իշխանութիւնը ծառայութիւնն է ու թէ իշխել կը նշանակէ սիրել։ Եւ այս է դէպի Երկինք տանող ճանապարհը» ըսաւ հուսկ Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրելով հաւատացեալները իրենք իրենց հարց տալու թէ ինչպէս կ՜ապրին իրենց կեանքը` եթէ կը հաւատա՞ն թէ սիրելը իշխել է ու ծառայելը` իշխանութիւն, եթէ իրենց կեանքի նպատակակէտը Երկինքն է` կամ աւելի կը մտահոգուին երկրային, նիւթական հարցերով միայն։

Մարիամ մեր մէջ կը վառէ յոյսը

Մարիամ այսօր մեր մէջ կը վառէ յոյսը, Ան առաջին արարածն է, որ հոգիով ու մարմնով յաղթական կերպով մուտք կը գործէ երկինք։ Մեզի ցոյց կու տայ, որ Երկինքը հասանելի է երբ մենք եւս խուսափինք մեղքէն, Աստուած փառաբանենք հեզութեամբ եւ միւսներուն ծառայենք վեհանձնութեամբ։

«Օրհնաբանենք Մարիամը մեր աղօթքով ու Անորմէ հայցենք մարգարէական հայեացք մը` կարող Երկինքը տեսնելու աշխարհին մէջ» հրաւէր ուղղեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը եզրափակով խորհրդածութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/08/2022, 12:09

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >