Որոնել

ֆրանչիսկոս Պապ ֆրանչիսկոս Պապ

Նոր հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ֆրանչիսկոս Պապին եւ նախագահ Զելենսքիին միջեւ

Ուրքանիոյ նախահաը թուիթրի մը մէջ յայտնեց Քահանայապետին հետ զրոյցի մասին, որուն ընթացքին խօսած է Ուքրանիոյ ժողովուրդին կրած սարսափներու մասին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ուրբաթ, 12 օգոստոսին, երեկոյեան, հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը տեղի ունեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Ուքրանիոյ նախագահ, Վոլոտիմիր Զելենսքիի միջեւ, Ուքրանիոյ մէջ սկիզբ առած պատերազմէն գրեթէ երեք ամիս վերջ։

Հեռաձայնային հաղորդակցութեան լուրը հաղորդեց Նախագահ Զելենսքին, հրապարակելով թուիթ մը, որուն մէջ անդրադառնալով Ուքրանիոյ բնակչութեան կրած սարսափներու մասին՝ անցեալ 24 փետրուար Ռուսիոյ ներխուժումէն ետք,  իր երախտագիտութիւնը յայտնեց  Ֆրանչիսկոս Պապին աղօթքներու համար։

Նշենք, թէՍուրբ Աթոռի մօտ Ուքրանիոյ դեսպան, Տիար Անտրիի Եուրաշ եւս Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Նախագահ Զելինքիին միջեւ հեռաձայնաին հաղորդակցութեան լուրը հաղորդեց, յայտնելով նաեւ, որ Ուքրանիոյ հասարակութիւնն ու պետութիւնեը ուրախ պիտի ըլլային ողջունելու Սրբազան հօր, յոյս յայտնելով որ Ֆրանչիսկոս Պապը այցելէ Քիեւ ։

Ֆրանչիսկոս Պապին կոչերը

Ուքրանիոյ մէջ հակամարտութեան սկիզբէն ի վեր ֆրանչիսկոս Պապ բազմիցս անգամ յիշեց ու մտածեց Ուքրանիոյ Ժողովուրդի մասին։
Անցեալ 10 օգոստոսին, հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին, ֆրանչիսկոս Պա խօսեցաւ Ուքրանիոյ ժողովուրդին կրած տառապանքներու մասին դաժան պատերազմին հետեւանքով, յատուկէն յիշելով Ուքրանիայէն փախուստ տուած բազմաթիւ գաղթականները։

Նորին Սրբութիւնը անցեալ ամիսներուն կոչ ուղղած է չվարժուելու պատերազմին եւ չյոգնելու բարիք կատարելէ հիւրընկալելով եւ զօրակցելով պատերազմէն տառապող եղբայրներուն եւ քոյրերուն։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/08/2022, 08:49