Որոնել

1660471964241.JPG

Ֆրանչիսկոս Պապը կոչ ուղղեց օգնելու Սոմալիային ու ողորմութիւն հայցեց Ուքրանացի նահատակ ժողովուրդին համար։

«Ողորմութիւնը մեզմէ իւրաքանչիւրիս ու համայն աշխարհին համար փրկութեան ուղին է։ Հայցենք ուրեմն Տիրոջմէ, յատուկ ողորմութիւն, ողորմութիւն եւ գութ նահատակ ուքրանացի ժողովրդուին համար» հրաւէր ուղղեց Ֆրանչիսկոս Պապը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

14 օգոստոսի կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի աւարտին, Սրբազան Պապը ողջունելով սուրբ Պետրոս հրապարակ ժամանած ուխտաւորները եւ ուղիղ եթերով աղօթքին հետեւող հաւատացեալները ուզեց անոնց ուշադրութիւնը հրաւիրել Սոմալիան ու անոր շրջակայ երկիրները հատուածող մարդասիրական տագնապին վրայ` «ուր այդ տարածաշրջանի ժողովուրդները մահուան սպառնալիքի տակ են` երաշխի պատճառաւ», ըսաւ Սրբազան Պապը մաղթելով, որ «միջազգային զօրակցութիւնը կարողանայ արդիւնաւէտ կերպով պատասխանել այս ճգնաժամին»։

Սոմալիայի մարդասիրական ճգնաժամը երաշտի պատճառաւ

«Ցաւօք, պատերազմը կը շեղէ ուշադրութիւնն ու կենսամիջոցները, բայց առաւելագոյն յանձնառութիւն պահանջող նպատակները ասոնք են. պայքար սովի դէմ, առողջութիւն, կրթութիւն» հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը, որ ապա ողջունեց հրապարակ ժամանած ուխտաւորներու տարբեր խումբերը յատուկէն յիշելով Քրաքովիայի մէջ այսօր տեղի ունեցող Աստուածային Ողորմութեան սրբավայրի ուխտագնացութիւնը, «ուր քսան տարիներ առաջ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ը աշխարհը նուիրագործեց Աստուածային ողորմութեան» յարեց Նորին Սրբութիւնը մատնանշելով, որ «այսօր աւելի քան երբեք այդ արարքին իմաստը պէտք է նորոգել մեր աղօթքներուն ու կեանքի վկայութեան մէջ»։

Ողորմութիւն Ուքրանիոյ ժողովուրդին 

«Ողորմութիւնը մեզմէ իւրաքանչիւրիս ու համայն աշխարհին համար փրկութեան ուղին է։ Հայցենք ուրեմն Տիրոջմէ, յատուկ ողորմութիւն, ողորմութիւն եւ գութ նահատակ ուքրանացի ժողովրդուին համար» հրաւէր ուղղեց Ֆրանչիսկոս Պապը, որ Մարեմեան աղօթքը աւարտեց բոլորին մաղթելով բարի կիրակի եւ ինչպէս միշտ խնդրելով` որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/08/2022, 12:37