Որոնել

1660558356171.JPG

Շարունակենք աղօթել աշխարհի խաղաղութեան համար. Ֆրանչիսկոս Պապին հրաւէրը

Սրբազան Պապը խրախուսեց հաւատացեալները Տիրամօր նուիրուած այս տօնին առթիւ այցելելու Մարեմեան սրբավայր մը` մեծարելու համար Երկնային մեր Մայրը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Լատինաց մօտ Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ երկինք վերափոխման տօնին առթիւ, երկուշաբթի 15 օգոստոսին, իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան աղօթքի աւարտին, Քահանայապետը ողջունելով Սուրբ Պետրոս հրապարակ ժամանած ուխտաւորները, բոլորին մաղթեց Աստուածամօր Վերափոխման բարի տօն, «նաեւ անոնց` որոնք արձակուրդի մէջ են եւ անոնց` որոնք չեն կարող իրենց թոյլ տալ հանգստեան շրջան մը ու առանձին եւ հիւանդ անհատներուն», ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրելով երբեք չմոռնալ այս վերջինները։

Ան ապա երախտապարտութեամբ յիշեց բոլոր անոնք` որոնք այս օրերուն հասարակութեան կ՜ապահովեն հիմնական ծառայութիւններ, շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց աշխատանքին համար։

Սրբազան Պապը խրախուսեց հուսկ հաւատացեալները Տիրամօր նուիրուած այս տօնին առթիւ այցելելու Մարեմեան սրբավայր մը` մեծարելու համար Երկնային մեր Մայրը, յիշելով, որ Հռովմէացիներէն շատեր կ՜այցելեն Մարիա Մաճճորէ տաճարը աղօթելու համար Սալուս Փոփուլի Ռոմանի սրբապատկերին առջեւ։

«Այնտեղ կը գտնուի նաեւ Խաղաղութեան Թագուհի Սուրբ Կոյս Մարիամին արձանը, զոր տեղադրած է Պենետիկտոս ԺԵ Սրբազան Պապը» ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը, հրաւիրելով շարունակել հայցել Տիրամօր բարեխօսութիւնը` «որպէսզի Աստուած աշխարհին պարգեւէ խաղաղութիւն» եւ , աւելցուց Ան «աղօթենք յատկապէս Ուքրանացի Ժողովուրդին համար»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/08/2022, 12:20