Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Աշխարհին մէջ ենք Աստուծոյ հետ սիրոյ պատմութիւն մը ապրելու համար»։

Ֆրանչիսկոս Պապին 12 օգոստոսին թուիթը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ուրբաթ, 12 օգոստոսին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը քահանայապետական թուիթրեան կայքին վրայ հրապարակելով նոր թուիթ մը դիտել տուաւ որ մենք աշխարհի մէջ ենք` որպէսզի Աստուծոյ հետ ապրինք սիրոյ պատմութիւն մը։

Քահանայապետական այս թուիթին պարունակութիւնը քաղուած է անցեալ տարի 14 սեպտեմբեր 2021ին Սլովաքիա կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս Քոսիչէի մէջ երիտասարդներուն հետ ունեցած հանդիպումի առթիւ ուղղած ճառէն, որուն մէջ Սրբազան Պապը հրաւիրած էր երիտասարդները ձերբազատուելու եւ ըմբոստանալու ժամանակաւոր մշակոյթին դէմ, այս մէկը համարելով «իսկական յեղափոխութիւն»։

«Մենք շարքով չենք կազմուած, եզակի եւ ազատ ենք ու աշխարհի մէջ Աստուծոյ հետ ապրելու համար սիրոյ պատմութիւն մը» հաստատած էր Սրբազան Պապը որ խօսելով ապա Աստուծոյ ողորմութեան մասին յիշեցուցած էր որ «Խոստովանանքի խորհուրդին կեդրոնը մեղքերը չեն այլ Հայրը որ կը ներէ»։

Այսօրուան թուիթին մէջ Նորին Սրբութիւնը գրեց.

“«Աշխարհին մէջ ենք, ապրելու համար Աստուծոյ հետ սիրոյ պատմութիւն մը, յանդգնելու համար ուժեղ ընտրութիւններու խիզախութիւնը, եւ համարձակութիւն ունենալ ապրելու` սիրելու հրաշալի արկածախնդրութեան վտանգը»։”

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/08/2022, 13:30