Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Տարեցներու եւ մանուկներու դաշինքը պիտի փրկէ մարդկութիւնը»։

Ֆրանչիսկոս Պապ շարունակեց խօսիլ ծերութեան մասին։ Տարեցներու վկայութիւնը որ անոնք կու տան երիտասարդներուն եւ մանուկներուն, հաւատալի է, որովհետեւ կը նայի մեր ժամկէտի հորիզոնին՝ յաւիտենական կեանքը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Չորեքշաբթի, 17 օգոստոսին, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճէն ներս բազմաթիւ հաւատացեալներու եւ ուխտաւորներու ներկայութեամբ Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհեց հրապարակային ունկնդրութիւն։

Մեկնաբանելով Յայտնութիւն Յովհաննու գիրքէն հատուած մը, ուր Յարուցեալ Յիսուս Քրիստոսը կ՝երեւնայ մարգարէին, որպէս Մեսիա, Քահանայ ու թագաւոր, ֆրանչիսկոս Պապ շարունակեց խօսիլ ծերութեան վարդապետութեան մասին։ Յայտնութիւն Յովհաննու (1,17-18)։

Սրբազան Հայրը անդրադառնալով Քրիստոսին տեսիլքին նշեց, թէ տեսիլքը կը հաղորդէ ուժ, ազնուութեան, գեղեցկութեան եւ հմայքի տպաւորութիւն։ Հագուստը, աչքերը, ձայնը, ոտքերը ամէն ինչ հիանալի են։ Անոր մազերը թէպէտ ճերմակ են, բուրդի եւ ձիւնի նման։ «Նման ծերուկի մը», ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծելով, որ աստուածաշունչին մէջ ամենատարածուած բառը որ ցոյց կու տայ ծերը, “zaqen”: da “zaqan”, է, որ կը նշանակէ «մօրուք»։

Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տուաւ, որ սպիտակ մազերը՝ երկար ժամանակներուն, անյիշելի անցեալի եւ յաւիտենական գոյութեան հնագոյն խորհրդանիշն են։

Սպիտակ մազերով ծերուկ Աստուծոյ պատկերը, յիմար պատկեր մը չէ այլ՝ աստուածաշնչական, վեհ եւ նաեւ քնքուշ պատկեր մըն է։

Նորին Սրբութիւն ապա խօսքը կեդրոնացուց Սիմէոն ծերունիին եւ Աննայի վրայ յայտնելով թէ Արեւելեան եկեղեցիներու մէջ Տիրոջ հետ հանդիպումի տօնը կը նշուի 2 փետրուարին ու անիկա ծիսական տարուան 12 տօներէն մին է ու այդ տօնը ի յայտ կը դնէ մարդկութեան հետ հանդիպումը, ներկայացուած տարեց Սիմէոնի եւ Աննայի՝ Քրիստոսի հետ հանդիպումով, մարդացած Աստուծոյ յաւիտենական Որդին, որուն գեղեցիկ սրբապատկերը կարելի է վայելել Հռոմի մէջ, Թրասթեւերէ շրջանի Սրբուհին Մարիամի մոզայիքներուն մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծեց, որ ծերութիւնը պէտք է մանուկներու վկայել անոնց օրհնութիւնը։ Ծերերուն վկայութիւնը հաւատալի է. երիտասարդներն ու չափահասները կարող չեն անիկա դարձնել այնքան վաւերական, այնքան քնքուշ եւ յուզիչ ինչպէս կարող են դարձնել տարեցները։

Երբ՝ տարեցը կ՝օրհնէ կեանքը, որ իրեն դէմ յանդիման կու գայ՝ մէկ կողմ դնելով ամէն վրդովմունք՝ կեանքին համար, որ կ՝անցնի, անիկա անդիմադրելի է։

Տարեցներու վկայութիւնը կը միացնէ կեանքի տարիքները ինչպէս ժամանակի միեւնոյն ծաւալները, ներկայ եւ ապագան։ Ցաւալի եւ վշտահար է տեսնել որ կեանքի տարիքները կ՝ընկալուին, որպէս առանձին աշխարհներ, որոնք կը մրցին իրարու հետ ու իւրաքանչիւրը կը փորձէ ապրիլ ուրիշին ծախսերու վրայ։

Մարդկութիւնը հին է եւ շատ հին եթէ նայինք ժամացոյցի ժամին։ Սակայն Աստուծոյ Որդին, որ ծնաւ Կինէն, Առաջին եւ վերջին է ամէն ժամանակի։ Կը նշանակէ, ոչ մէկը դուրս կը մնայ Անոր յաւիտենական սերունդէն, Անոր շքեղ ուժէն, եւ Անոր սիրավառ մերձաւորութենէն։

Ֆրանչիսկոս Պապ շեշտեց որ տարեցներու եւ մանուկներու դաշինքը պիտի փրկէ մարդկային ընտանիքի, ուր մարդկութիւնը, որ իր բոլոր յառաջդիմութեամբ կարծես երեք ծնուած չափահաս մըն է, պիտի կարողանայ վերագտնել ծերութեան շնորհքը, որ հաստատ կը պահէ մեր նպատակակէտի հորիզոնը։

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց ունկնդրութիւնը նշելով, որ «մահը, վստահ կեանքի դժուար անցք մըն է ,սակայն նաեւ անցքը, որ կը փակէ անորոշութեան ժամանակը եւ կը դուրս կը թափէ ժամացոյցը։ Որովհետեւ կեանքի գեղեցկութիւնը որ չ՝ունի պայմանաժամ մը, այդ ժամանակուանէ կը սկսի»։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/08/2022, 10:28