Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Աստուած ողորմած է ու մեզմէ չի պահանջեր կատարելիութիւն»։

Ֆրանչիսկոս Պապին 18 օգոստոսի թուիթը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հինգշաբթի, 18 օգոստոսին, Ֆրանչիսկոս Պապին քահանայապետական թուիթըրի վրայ հրապարակուեցաւ նոր թուիթ մը, որուն պարունակութիւնը քաղուած է Ֆրանչիսկոս Պապին կրօնաւորական կեանքի նուիրուած օրուան առթիւ մատուցած սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզէն։

Քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը ընդգծեց Սիմէոն Ծերունիին սիրտին համբերութեան արժէքը, ով տարիներ շարունակ սպասեց տեսնելու Մեսիան, այն վստահութեամբ, որ Աստուած հաւատարիմ է իր Խոստումին։

Թուիթրին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ գրած է.

“«Յիսուս մեզի կը բացայայտէ Աստուծոյ համբերութիւնը, Հայրը՝ որ ողորմած է եւ մեզ կը կանչէ մինչեւ վերջին ժամը, որ չի պահանջեր կատարելիութիւն, այլ սիրտի խթան, որ կը փորձէ թափանցել մեր մէջ, նոյնիսկ եթէ սիրտը փակ է»։”

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/08/2022, 13:42