Որոնել

Ըլլանք աղքատ հոգիով եւ հարուստ փոխադարձ սիրով. Ընկերային բարեկամութիւն հրահրենք. Ֆրանչիսկոս Պապ

Անիրաւ տնտեսին առակը առանցքը կազմեց Քահանայապետին կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Կիրակի 18 սեպտեմբերի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Պապը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Աղօթքին սկիզբը Նորին Սրբութիւնը սովորութեան համաձայն ներկայացուց խորհրդածութիւնը, որուն առանցքը կազմեց Ղուկաս Աւետարանիչէն քաղուած «Անիրաւ Տնտեսին» առակը (Ղուկաս 16,1-13)։

Ըլլալ խորամանկ եւ հնարամիտ

Յիսուս, ըսաւ Քահանայապետը, կը պատմէ կաշառակերութեան դրուագ մը։ Տնտեսի մը` որ իր Տիրոջ բարիքներէն օգտուելուն համար կը գտնուի դժուարութեան մէջ։ Սակայն չի վհատիր, ընդհակառակը, խորամանկութեամբ կը գործէ, հնարամիտ է եւ կը ջանայ լուծում մը գտնել։

«Տէրը անիրաւ տնտեսը գովեց, որ խելացութեամբ գործեց. վասն զի այս աշխարհին որդիները իրենց ցեղին մէջ՝ լուսոյ որդիներէն աւելի խելացի են», գրուած է Աւետարանին մէջ եւ ասկէ մեկնելով է որ Քահանայապետը նշեց, թէ «Յիսուսին աշակերտները, այսինքն մենք, շատ անգամ քնացած ենք, կամ ալ միամիտ ենք ու չենք գիտեր յանձն առնել ձեռնարկներ` դժուարութեան մէջ ելքի ճամբայ մը փնտռելու»։

Ստեղծագործութեամբ որոնել բարի լուծումներ

Յիսուս կ՜ուզէ մեզի սորվեցնել, որ կարելի է խորամանկ ըլլալ Աւետարանին համաձայն, ըլլալ ուշադիր եւ արթուն` զատորոշելու համար իրականութիւնը, ըլլալ ստեղծագործ, որոնելու համար բարի լուծումներ` մեզի եւ ուրիշներուն համար։

Յիսուս ապա անիրաւ տնտեսի առակով մեզի կը ներկայացնէ բարիքներու օգտագործումի մասին ուսուցում մը. «Անիրաւ մամոնայէն ձեզի բարեկամներ ըրէք, որպէսզի երբ անիկա պակսի ձեզ յաւիտենական բնակարաններու մէջ ընդունին»։

Սէրն է արժէքաւորը

«Ժառանգելու համար յաւիտենական կեանքը կարիքը չկայ այս աշխարհիս բարիքները դիզելու, այն ինչ որ արժէքաւոր է` սէրն է, որ ապրեցանք մեր եղբայրական յարաբերութիւններուն մէջ», ըսաւ Սրբազան Պապը ակնարկելով, որ այսօրուայ աշխարհին մէջ եւս կան կաշառակերութեան պատմութիւններ, նման Աւետարանի պատմութեան. Անազնիւ վարքագիծ, անարդար քաղաքականութիւն, եսասիրութիւն, որ կը գերակշռէ անհատներու և հաստատութիւններու ընտրութիւններուն վրայ, և շատ այլ անհասկանալի իրավիճակներ» ըսաւ Ան։ 

Հոգիով աղքատ ու սէրով հարուստ

«Բայց մեզի քրիստոնեաներուս թոյլ չէ տրուած յուսալքուիլ եւ աւելի վատ` մնալ անտարբեր», աւելցուց Քահանայապետը։ «Ընդհակառակը, մենք կանչուած ենք ըլլալու ստեղծագործ` բարիք կատարելու մէջ, Աւետարանի խոհեմութեամբ և խելամտութեամբ՝ օգտագործելով այս աշխարհի բարիքները, ոչ միայն նիւթականը, այլ այն բոլոր պարգևները, զոր ստացած ենք Տիրոջմէ, ոչ թէ որպէսզի մենք հարստանանք, այլ եղբայրական սէր և ընկերական բարեկամութիւն առաջացնելու համար» յարեց ապա Ֆրանչիսկոս Պապը ու հրաւիրեց աղօթել Ամենասուրբ Կոյս Մարիամին, «որպէսզի մեզ օգնէ ըլլալու իրեն նման աղքատ հոգիով եւ հարուստ փոխադարձ սիրով»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/09/2022, 12:13

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >