Որոնել

Կարդինալ Խօսէ Թոլենթինօ Կարդինալ Խօսէ Թոլենթինօ  

Ֆրանչիսկոս Պապ մշակոյթի եւ Կրթութեան վերատեսչութեան նոր վերատեսուչ անուանեց կարդինալ Թոլենթինոն։

Քահանայապետական անուանումներ, Մշակոյթի եւ կրթութեան վերատեսչութեան համար։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի, 26 սեպտեմբերին, Հռոմի Քուրիայէն ներս ֆրանչիսկոս Պապ կատարեց նոր անուանումներ։

Նորին Սրբութիւնը, Կրթութեան եւ մշակոյթին վերատեսչութեան վերատեսուչ անուանեց կարդինալ Խօսէ Թոլենթինօ տէ Մենտոնքան ու միեւնոյն վերատսեսչութեան քարտուղար նշանակեց, Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետական աստուածաբանութեան համալսարանին դասատու գերապայծառ Ճովաննի Չէզարէ Փակացցին։

Կարդինալ Խօսէ Թոլենթինօ տէ Մենտոնքա ծնած է Փորթուկալի Մատէյրա կղզիին Ֆունչաք քաղաք՝ 15 սեպտեմբեր 1965ին։ Ան քահանայ ձեռնադրուած է իր ծննդավայրի թեմին համար՝ 28 յուլիս 1990ին ու միեւնոյն տարուան ընթացքին արձանագրուած է Հռոմի քահանայապետական Սուրբ Գիրքին համալսարանին մէջ, մասնագիտանալով Սուրբ գրային գիտութիւններուն մէջ

Հայր Տէ Մենտոնքա 1995ին, փոխադրուած է Փորթուկալ ուր նշանակուած որպէս մատրանապետ Փորթուկալի կաթողիկէ համալսարանին մէջ։ 2001ին, առաքուած է Հռոմ եւ նշանակուած է տեսուչ Փորթուկալցիներու քահանայապետական վարժարանին։

Լիզպոնի արքեպիսկոպոս նշանակուելէ ետք, 5 հոկտեմբեր 2019ին, ֆրանչիսկոս Պապին օրով բարձրացած կարդինալական դասին։

Գերապայծառ Ճովաննի Չէզարէ Փակացցի

Գերապայծառ Ճովաննի Փակացցի ծնած է Իտալիոյ Քրեմա քաղաք՝ 8 յունիս 1965ին։ Ան քահանայ ձեռնադրուած է 23 յունիս 1990ին, Լոտի թեմին համար։ Հռոմի Գրիգորեան քահանայապետական համալսարանին մէջ աստուածաբանութեան ճիւղին մասնագիտանալէ ետք, դասաւանդած Իտլալիոյ եկեղեցական տարբեր համալսարաններէն ներս։ Այժմ ան դասատու է Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետական համալսարանէն ներս ուսուցանելով Ամուսնութեան եւ ընտանիքի գիտութիւն։

2021ին, Հաւատքի վարդապետութեան վերատեսչութեան մէջ նշանակուած է խորհրդատու, Այժմ ան կը համագործակցին Օսերվաթորէ Ռոմանօ օրաթերթին հետ եւ խմբագիր է Իտալական Rivista del Clero պարբերաթերթին։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/09/2022, 13:37