Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Յիսուսեան միաբանութեան անդամներուն հետ Ֆրանչիսկոս Պապ Յիսուսեան միաբանութեան անդամներուն հետ 

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Հասկնալ այս պատերազմի պատճառները եւ ազատել սիրտերը ատելութենէն»։

Հանդիպումին ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադառնալով Ուքրանիոյ հակամարտութեան ընդգծեց, թէ պատերազմներուն մէջ ամենէն շատ տառապողը ժողովուրդն է ու ան որ պատերազմ կը կատարէ կը մոռնայ մարդկութիւնը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հինգշաբթի, 12 սեպտեմբերին, Ղազախստան կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս, Նուր Սուլթան մայրաքաղաքին մէջ գտնուող Պապական նուիրակի պալատէն ներս, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց եւ ունկնդրութիւն շնորհեց «Ռուսաստան մարզ»ի մէջ գործող Յիսուսեան միաբանութեան 19 անդամներուն։

Հանդիպումին ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադառնալով Ուքրանիոյ հակամարտութեան ընդգծեց, թէ պատերազմներուն մէջ ամենէն շատ տառապողը ժողովուրդն է ու ան որ պատերազմ կը կատարէ կը մոռնայ մարդկութիւնը։

Սխալ է մոռնալ թէ պատրեզամը cowboy-ի ֆիլմ մըն է ուր կան չարեր ու բարիներ։

Ֆրանչիսկոս Պապ Յիսուսեան միաբանութեան անդամներուն նկատել տուաւ, որ սխալ է մտածել, թէ cowboy-ի ֆիլմ մըն է որուն մէջ կան բարիներն ու չարերը։ «Անկասկած համաշխարհային պատերազմ մըն է ու անհրաժեշտ է քննարկել պատերազմը հրահրող պատճառները»։

Հռոմի եպիսկոպոսը յայտնեց, թէ պէտք չէ «պարզ» դառնալ, որովհետեւ Ինք հակամարտութիւններուն մէջ կայսերապաշտութիւններ կը տեսնէ ու երբ կայսերապաշտները ինքզինքնին վտանգի ու անկումի մէջ կը զգան կ՝արձագանգեն մտածելով, թէ լուծումը կը կայանայ պատերազմ կատարելու մէջ, նաեւ զէնքերը ծախելու եւ փորձելու համար։

Ուքրանիոյ այցելութիւնը, ոչ այս պահուն։

Ֆրանչիսկոս Պապ յայտնելով, թէ առաջին օրէն մինչեւ այսօր միշտ խօսած է այս պատեամզմին մասին, յիշեց Հռոմի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատան տուած այցելութիւնը՝ թելադրուած նախագահ Փութինին հետ խօսելէ եւ երկխօսութեան փոքրիկ պատուհան մը բանալէ։ Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց Զելենսքի Նախագահին հետ ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը, Ուքրանիոյ մէջ կարդինալ Չերնիի եւ կարդինալ Քրաեւսքիի ինչպէս նաեւ գերապայծառ Փոլ Կալլակերի այցելութիւնը, նկատել տալով որ ինք եւս կը փափաքի այցելել Ուքրանիան, սակայն այնպէս մը կը թուի, թէ այս պահուն Աստուծոյ կամքը չէ, որ այցելէ, պէտք է զայն ուսումնասիրել ժամանակի ընաթցքին։

Հանդիպումի աւարտին ֆրանչիսկոս Պապ Յիսուսեան միաբանութեան անդամները յորդորեց միշտ ժողովուրդը պաշտպանել ու ժողովուրդը միշտ զգան իրենց գուրգունարնքը, որոնք Պապին եղբայրներն են։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/09/2022, 11:11