Որոնել

1663267456084.JPG

«Երկխօսութիւնը դժուար է անոր հետ, որ պատերազմը սկսաւ, բայց անհրաժեշտ է», ըսաւ Սրբազան Պապը յիշելով նաեւ Հայաստանի սահմանի իրադարձութիւնները։

«Պատերազմը ինքնին սխալ մըն է. Սխալ մըն է։ Եւ մենք այժմ կը շնչենք այս օդը. եթէ պատերազմ չկայ կը թուայ թէ կեանք չկայ» դիտել տուաւ տխրութեամբ Քահանայապետը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Պէտք է երկխօսել միշտ»։ Ղազախստանէն Հռոմ թռիչքի ընթացքին Սրբազան Պապը սովորութեան համաձայն հանդիպեցաւ ու զրուցեց իր հետ ճամբորդող լրագրողներուն հետ պատասխանելով իրեն ուղղուած մի քանի հարցումներուն։ Զրոյցի ընթացքին Ան դարձեալ ակնարկեց Ուքրանիոյ պատերազմին, ինքնապաշտպանութեան իրաւունքին ու զէնքերու վաճառքի մասին, անդրադարձ կատարելով նաեւ Ազրպէյճանի Հայաստանի հողատարածքի վրայ յարձակումին։ Ան խօսեցաւ նաեւ քաղաքականութեան դերակատարութեան մասին ու Արեւմուտքին ապրած արժէքներու տագնապի մասին։ Պատասխանելով հուսկ Գերմանիոյ եկեղեցւոյ հայող հարցումի մը հաստատեց` թէ Եկեղեցւոյ համար հարկաւոր են հովիւներ ոչ թէ հովուական ծրագիրներ։

Ղազախստանը մեծ անակնկալ

Անդրադառնալով Ղազախստանի ճամբորդութեան, Նորին Սրբութիւնը ըսաւ, թէ իրեն համար ան եղաւ «մեծ անակնկալ մը», մասնաւորապէս շեշտը դնելով այդ երկրին մէջ 30 տարուայ ընթացքին արձանագրուած զարգացումին վրայ, ու կարեւոր նկատելով այնտեղ կազմակերպած կրօններու համագումարը` որ հասաւ 7-րդ փուլին։ «Երկիր մըն է` որ աշխարհին կը ներկայանայ երկխօսութեան առաջարկով» ըսաւ Սրբազան Պապը։

Ինքնապաշտպանութեան իրաւունքը

Այն հարցումին եթէ այս պահուն արդար է Ուքրանիոյ զէնք ուղարկելը, Նորին Սրբութիւնը նշեց, թէ այդ մէկը կախեալ է դիտաւորութենէն, եթէ այդ զէնքերը պիտի ծառայեն ինքնապաշտպանութեան համար կամ եթէ կը ծառայեն պատերազմ հրահրելու համար։ Ինքնապաշտպանութիւնը ոչ միայն օրինական է այլեւ արտայայտութիւնն է Հայրենիքի նկատմամբ սիրոյն։ «Ան` որ չի պաշտպաներ բան մը, զայն չի սիրեր, իսկ այն` որ կը պաշտպանէ կը սիրէ» հաստատեց Սրբազան Քահանայապետը։

Համաշխարհային պատերազմի մէջ ենք

«Բոլորս խաղաղութեան մասին կը խօսինք այսօր, Միացեալ Ազգերը բազմաթիւ տարիներէ ի վեր կը խօսին խաղաղութեան մասին` խաղաղութեան մասին բազմաթիւ ճառերով։ «Բայց այս պահուն քանի՞ պատերազմներ ընթացքի մէջ են», հարց տուաւ Սրբազան Պապը, ակնարկելով Ռուս Ուքրանական պատերազմին ապա Ատրպէյճան - Հայաստան հակամարտութեան, որ, ըսաւ Ան, «այժմ հանդարտեցաւ, որովհետեւ Ռուսիան կարողացաւ խաղաղութեան երաշխաւորը ըլլալ.... այնտեղ խաղաղութեան երաշխաւոր է բայց միւս տեղ պատերազմ կը կատարէ», նկատել տուաւ Քահանայապետը, ակնարկելով նաեւ Սուրիոյ, Մոզամբիկի, Եթովպիայի, Միանմարի ու աշխարհի այլ վայրերուն մէջ գոյութիւն ունեցող այլ պատերազմներու եւ հաստատելով որ «մենք համաշխարհային պատերազմի մէջ ենք»։

Պատերազմը ինքնին սխալ մըն է

Ան ապա յիշեց մանկութեան օրերուն` 1945ի մէկ դրուագը, երբ իրենց դրացին արցունքով լուր տուաւ, որ պատերազմը վերջացած է։

«Մայրս ու մեր դրացին կու լային պատերազմի աւարտին համար, հեռու մէկ երկրի մը մէջ, որովհետեւ անոնք գիտէին, որ խաղաղութիւնը աւելի մեծ է քան բոլոր պատերազմները եւ անոնք կու լային ուրախութենէն» ըսաւ Սրբազան Պապը հաստատելով որ ինք «չի մոռնար այդ մէկը»։ Ան ապա հարց տուաւ.  եթէ այսօր մեր սրտերը դաստիարակուած են լալու` երբ ականատես ըլլան խաղաղութեան։ «Այսօր ամէն ինչ փոխուած է։ Եթէ պատերազմ չընես, օգտակար չես։ Ապա կայ զէնքերու գործարանը։ Ոճրային խանութ մը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը նշելով, որ «մէկ մը իրեն ըսած է, որ եթէ մէկ տարուայ տեւողութեամբ դադրինք զէնքի արտադրանքը կարելի պիտի ըլլայ աշխարհին անօթութեան հարցը լուծել»։

«Պատերազմը ինքնին սխալ մըն է. Սխալ մըն է։ Եւ մենք այժմ կը շնչենք այս օդը. եթէ պատերազմ չկայ կը թուայ թէ կեանք չկայ», դիտել տուաւ տխրութեամբ Քահանայապետը:

Երկխօսութեան անհրաժեշտութիւնը

Շարունակելով խօսիլ պատերազմի մասին, Սրբազան Քահանայապետը, նշեց «Կը մտածեմ, որ դժուար է հասկնալ երկխօսութիւնը այն պետութիւններուն հետ, որոնք սկսան պատերազմը։ Դժուար է բայց պէտք չէ բացառել այդ մէկը։ Պէտք է երկխօսութեան հնարաւորութիւն տանք բոլորին, բոլորին» շեշտեց Ան, «որովհետեւ երկխօսութեան միջոցաւ միշտ կարելիութիւնը կայ փոխելու իրադարձութիւնները»։

«Ես, աւելցուց Սրբազան Պապը, չեմ բացառեր երկխօսութիւնը, որեւէ մէկու հետ, նոյնիսկ յարձակողին հետ։ Երկխօսութիւնը միշտ պէտք է կատարուի» հաստատեց Ան։

Արեւմուտքի մէջ արժէքներու անկումը

Նորին Սրբութիւնը ապա խօսեցաւ Արեւմուտքի մէջ արժէքներու անկումի մասին։ «Արեւմուտքը, ըսաւ Սրբազան Պապը, սխալ ճամբայ բռնած է», ակնարկելով ընկերային անարդարութեան, միջերկրականին` որ դարձած է մարդկութեան ամենամեծ գերեզմանը, Արեւմուտքի մէջ ապրուած ժողովրդագրական ձմռան... ու նաեւ գաղթականութեան հարցին, նշելով որ, իր երկրին մէջ կան աւելի քան 49 միլիոն գաղթականներ, նկատել տալով, որ բնիկներու թիւը շատ փոքր է ու մատնանշելով, որ հարկաւոր է գաղթականներու հիւրընկալութեան ի սպաս քաղաքականութիւն մը, որովհետեւ անոնց ներկայութիւնը կարող է լուծել բազմաթիւ հարցեր. ներառեալ ժողովրդագրական ձմեռը։

Ֆրանչիսկոս Պապը զգուշացուց ապա ժողովրդապաշտութեան երեւոյթէն հրաւիրելով վերականգնել Եւրոպայի արժէքները, Եւրոպական Միութեան Հայրերուն արժէքները։

Պատասխանելով հեշտամահի հայող հարցումին Քահանայապետը հաստատեց որ «սպաննելը տմարդկային է ու լաւ է, որ այդ մէկը թողունք գազաններուն»։

Քաղաքականութիւնը սիրոյ ամենավսեմ ձեւ

Իտալական քաղաքականութեան հայող հարցումի մը պատասխանելով Սրբազան Պապը ըսաւ, որ քաղաքականութիւնը սիրոյ ամենավսեմ ձեւն է ու թէ ան ազնիւ կոչում մըն է։ Պէտք է պայքարինք, որպէսզի քաղաքական մարդոց օգնենք որ բարձր պահեն քաղաքականութեան մակարդակը։ Քաղաքականութիւնը պէտք է լրջութեամբ դիմագրաւէ հարցերը եւ Եւրոպան պէտք է միշտ բաց ըլլայ ուրիշներու փորձառութեան։

Կրօնի ազատութիւնը` Չինաստանը եւ Նիքարակուան

Ֆրանչիսկոս Պապին ուղղուեցաւ ապա կրօնի ազատութեան հայող հարցում մը, ու մասնաւորապէս հայող Չինաստանի մէջ Կարդինալ Զէնի դէմ յարուցուած դատավարութեան։ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ, որ «Չինաստանը հասկնալու համար մէկ դար պէտք է ու մենք մէկ դար չենք ապրիր», ապա շարունակեց «Մենք ընտրեցինք երկխօսութեան ճանապարհը» ու թէ «գոյութիւն ունի երկկողմանի յանձնաժողով մը Վատիկան - Չինաստան, որ դանդաղ բայց լաւ ընթացքով կ՜ընթանայ»։ «Չինացիները անհուն համբերութեամբ ժողովուրդ մըն է», դիւրին չէ հասկնալ չինական մտայնութիւնը, սակայն պէտք է յարգել զայն։ «Չինաստանը հասկնալը դժուար է, բայց երբեք պէտք չէ կորսնցնել համբերութիւնը» ըսաւ Քահանայապետը։

Ան խօսեցաւ նաեւ Նիքարակուայի մէջ տիրող մտահոգիչ կացութեան մասին, մասնաւորապէս կղերական դասին դէմ խտրականութիւններուն։ Այստեղ եւս Պապը ակնարկեց երկխօսութեան, լուծելու համար հարցերը։

Ան ապա անգամ մը եւս նշեց թէ ծնկացաւը կը շարունակուի բայց պիտի շարունակէ ճամբորդութիւնները մինչ անցեալ յուլիսին սկիզբը նախատեսուած ու յետաձգուած Հարաւային Սուտանի ճամբորդութիւնը հաւանականօրէն պիտի կատարուի յառաջիկայ փետրուարին, ընդգրկելով նաեւ Քոնկոն։

Եթէ երկխօսութիւն չկայ, կայ կամ տգիտութիւն կամ պատերազմ

«Աւելի լաւ է ապրիլ որպէս եղբայրներ, մենք ունինք մեզ միացնող բան մը, բոլորս ալ միացած մարդիկ ենք։ Կ՜ապրինք մարդկային կերպով, խօսինք, իրար ճանչնանք։ Եթէ երկխօսութիւն չկայ, կայ կամ տգիտութիւն կամ պատերազմ։ Շատ անգամ «կրօններու» միջեւ անհասկացողութեան պատերազմները կը բխին ճանաչողութեան պակասէն» ըսաւ ի միջի այլոց Սրբազան Քահանայապետը ակնարկելով Ղազախստանի մէջ իր ապրած փորձառութեան ու կրօններու միջազգային համագումարին, որուն ընթացքին բացայայտ էր, թէ բոլորն ալ կը խօսէին ու իրար կ՛ունկնդրէին յարգանքով, եւ ասիկա այն բարի գործերէն մին է որ կատարեց Ղազախստանը։

Գերմանիոյ եկեղեցին

Նորին Սրբութեան ուղղուած վերջին հարցումը կը վերաբերեր Գերմանիոյ Եկեղեցւոյ ու հաւատացեալներու կորուստին որուն մասին արտայայտուելով Ան նշեց,, թէ այսօր կը տիրէ աշխարհականացումի հոգի մը եւ ասոր համար պէտք է սեփական հաւատքի հետ համահունչ ըլլալ, երբ եպիսկոպոս մը, քահանայ մը համահունչ չապրիր իր հաւատքին հետ, երիտասարդները կը նկատեն այդ մէկը, եւ կը հեռնան։ Երբ Եկեղեցի մը, որեւէ մէկ երկրին մէջ, կը մտածէ դրամին, զարգացումին, հովուական ծրագիրներուն եւ ոչ թէ հովուական խնամքին, ասիկա մարդիկը չի ներքաշեր։ Հովիւները պէտք է ունենան ոչխարներուն հոտը» եթէ անոնք կորսնցնեն այդ մէկը անկարելի է յառաջ ընթանալ։

Կարիքը կայ հովիւներու եւ ոչ միայն հովուական ծրագիրներու

Յիսուսը Եկեղեցին կազմեց հովիւներով, տգէտ մարդոցմով, ոչ թէ քաղաքական առաջնորդներով։ Եւ հակառակ ասոր Եկեղեցին յառաջ ընթացաւ։ Հարցը այսօրուայ հովիւներն են, արդեօ՞ք անոնք մօտիկ ենք հօտին։ Եթէ պակսի հովիւին սիրտը ոչ մէկ հովուական ծրագիր կը յաջողի։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/09/2022, 21:15