Որոնել

_SFO1592aem.jpg

Ֆրանչիսկոս Պապը Ինքնագիր նամակով «Populorum progressio» հիմնարկը վերածեց` հիմնադրամի, պահպանելով անոր նպատակները։

Ցանկանալով, որ ծրագրերու զարգացմանն ուղղուած օգնութիւնը մնայ Քահանայապետի բարեգործութեան արտայայտութիւնը, բայց իր կենտրոնը չունենայ Հռոմէական Քուրիայի մէջ, ես CELAM-ին` (Լատին Ամրակայի Եպիսկոպոսներու խորհուրդ) վստահեցայ պարտականութիւնը մեզի օգնելու նախագիծերու վերլուծութեան և անոր իրականացման գործին մէջ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ 16 սեպտեմբերի առաւօտեան ի շարս այլ հանդիպումներու Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց "Populorum Progressio" հիմնարկի անդամներուն։ Հիմնարկ որ ստեղծուած է 26 Մարտ 1969-ին, որպէս հիմնադրամ, Սուրբ Պօղոս Զ-ի օրով, «օգնելու համար աղքատ գիւղացիներուն և նպաստելու գիւղատնտեսական բարեփոխումներուն, սոցիալական արդարութեան և խաղաղութեան` Լատին Ամերիկայի մէջ՝ համաձայն այդ տարածաշրջանի եպիսկոպոսներուն առաջարկած ուղեցոյցներուն»։

Ներկաներուն ուղղած իր ճառին մէջ Քահանայապետը ակնարկեց Հիմնադրամի 30 տարուայ պատմութեան զանազան հանգրուաններուն, որոնց շարքին 1992 թուականը` երբ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ ստեղծեց“Populorum Progressio” ինքնավար հիմնադրամը, Ամերիկեան ցամաքամասի աւետարանութեան սկիզբի հինգհարիւրերորդ անդրադարձին առիթով, նպատակ ունենալով նպաստել Լատինական Ամերիկայի ամենաաղքատ գիւղական համայնքներու ամբողջական զարգացման։

Ֆրանչիսկոս Պապը շնորհակալութիւն յայտնելով 30 տարուայ աշխատանքին համար նշեց որ հիմնադրամը շարունակելով պահպանել իր առաքելական նպատակները ու մնալով միշտ Քահանայապետի բարեսիրութեան գործունէութիւն այժմ կը փոխէ ձեւը։

Ասկէ մեկնելով Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց Լատին Ամերիկեան ցամաքամասի մէջ տիրող աղքատութեան, Ամազոնեան շրջանի նուիրուած սիւնհոդոսին ինչպէս նաեւ ընթացքի մէջ եղող սիւնհոդոսականութեան ուղիին, «որով պէտք է աճինք որպէս «սամարացի» եկեղեցի մը, որ կը սփոփէ եւ յանձնառու է խնամելու Քրիստոսին վէրքերը, որոնք կը գտնուինք ժողովուրդին մէջ»։

«Ան որ ուզեց նոյնանալ աւելիով աղքատներուն ու խոցելիներուն հետ ու մեզի կը նուիրէ իր ողորմած ներկայութիւնը անոնց մէջ» ըսաւ Սրբազան Պապը մատնանշելով, որ «մաղթանքն է` որ զօրակցութեան ձեռնարկները ցոյց տան որ կարելի է փոխել իրականութիւնը»։

Ան ապա խօսեցաւ Հռոմի Քուրիայի բարեփոխումներու մասին, որուն ծիրէն ներս «հարկաւոր է», ըսաւ Ան, «աւելի մեծ կապ հաստատել տեղական Եկեղեցիներուն հետ, աւելի արդիւնաւէտ դարձնելու համար ծրագիրները»։

«Աղքատները պէտք չէ տեսնուին, որպէս միայն բարեգործութեան հասցէատէրեր։ Անոնք պէտք է մաս կազմեն հրատապ կարիքներու զատորոշումի գործընթացին»։

Այս պատճառներով, ցանկանալով, որ ծրագրերու զարգացմանն ուղղուած օգնութիւնը մնայ Քահանայապետի բարեգործութեան արտայայտութիւնը, բայց իր կենտրոնը չունենայ Հռոմէական Քուրիայի մէջ, ես CELAM-ին` (Լատին Ամրակայի Եպիսկոպոսներու խորհուրդ) վստահեցայ պարտականութիւնը մեզի օգնելու նախագիծերու վերլուծութեան և անոր իրականացման գործին մէջ։

Մարդկային համապարփակ զարգացումի ծառայութեան Վերատեսչութիւնը կը շարունակէ կրել հիմնադրամի կառավարման պատասխանատուինը, որը կապուած կը մնայ այս առաքելութեան ծառայութեան հետ:

Ճառին աւարտին Քահանայապետը մէջբերեց Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին 14 յունիս 2007-ին արտասանած խօսքերը. «տասնհինգ տարի առաջ ձեռնարկուած այս աշխատանքը պէտք է շարունակէ հետևիլ այն սկզբունքներուն, որոնք եղան անոր առանձնայատուկ յանձնառութիւնը` ի նպաստ իւրաքանչիւր մարդու արժանապատուութեան և աղքատութեան դէմ պայքարի»:

Ան ապա դարձեալ իր գնահատանքը արտայայտեց բոլոր անոնց որոնք իրենց ծառայութիւնը մատուցեցին Հիմնարկէն ներս ապա անոնց համար հայցեց Սուրբ Կոյս Մարիամին բարեխօսութիւնը ու բոլոր ներկաներուն շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/09/2022, 12:43