Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապին այցը Փանամայ 2014 թուականին Ֆրանչիսկոս Պապին այցը Փանամայ 2014 թուականին 

Բաց սրտով ընդառաջ երթալ դէպի միւսները. Քահանայապետը երիտասարդներուն

«Սիրելի երիտասարդներ պատգամս ձեզի, մեծ պատգամը որուն կրողն Եկեղեցին Յիսուսն է։ Նոյնինքն Յիսուս, անոր անհուն սէրը իւրաքանչիւրիս համար, անոր փրկութիւնը ու մեզի պարգեւած նոր կեանքը։ Եւ Մարիամը տիպարն է թէ ինչպէս մեր կեանքի այս մեծ պարգեւը ընկալել ու զայն հաղորդել միւսներուն, մեր կարգին դառնալով Քրիստոսը կրողները, Անոր ողորմած սէրը կրողները, եւ կրողները անոր վեհանձն ծառայութիւնը` ի սպաս մարդկութեան որ կը տառապի»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի 12 սեպտեմբերին հրապարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը նուիրուած Լիզպոնի մէջ 2023-ի օգոստոսին յիշատակուելիք Երիտասարդներու Համաշխարհային 37րդ Օրուան, որուն բնաբանը քաղուած է Ղուկասի աւետարանէն (Ղուկ. 1,39). «Այդ օրերը Մարիամ կանգնեցաւ, փութալով գնաց»։

Նորին Սրբութիւնը պատգամը կը սկսի յիշելով նախ Փանամայի ԵՀՕ բնաբանը` «Ես Տիրոջ աղախին եմ, թող ամէն բան ըլլայ ինծի քու խօսքիդ համաձայն:» (Ղուկ. 1,38) ապա կ՛ակնարկէ դէպի Լիզպոն առաջնորդող ուղեւորութեան 2020, 2021 եւ այս տարուայ պատգամներու բնաբաններուն, հաստատելով` որ երեք տարիներու բնաբաններու բանալի բառը «կանգնիլն»է ու թէ կանգնիլ կը նշանակէ «յարութիւն առնել», «վերազարթնիլ կեանքին»։

«Այս վերջին դժուարին ժամանակներուն մէջ, երբ համավարակի ողբերգութեան փորձանքէն վիրաւոր մարդկութիւնը կը տառապի պատերազմի աղէտէն, Մարիամը բոլորին համար ու յատկապէս ձեզի` իրեն նման երիտասարդներդ, կը բանայ մօտիկութեան ու հանդիպման ճանապարհը», կը նշէ Քահանայապետը հաստատելով, որ Լիզպոնը, «պիտի ներկայացնէ նոր սկիզբ` համայն մարդկութեան համար»։

Ոչ թէ թակարդի մէջ այլ բաց երիտասարդներ

Մարիամ կանգնեցաւ։ Մարիամ Աւետումէն ետքը կարող էր ինքնիր վրայ կեդրոնանալ, իր մտահոգութիւններուն վրայ,սակայն Ան ամբողջութեամբ Աստուծոյ կը վստահի եւ Եղիսաբեթին կը մտածէ։ Ան ոտքի կ՛ելլէ եւ կը մեկնի հակառակ իր կեանքին մէջ տեղի ունեցած «երկրաշարժին»։ Ան չի փակուիր ինքնիր մէջ, թոյլ չի տար անշարժութեան մատնուիլ» կը հաստատէ Ֆրանչիսկոս Պապը դիտել տալով, որ «Արթննալ, փորձարկել Քրիստոսին ներկայութիւնը «լոյսի ժայթքում մըն է, որ չի կարող ոչ մէկը անշարժ թողուլ»։

Մարիամ կը դառնայ Աստուծոյ տաճար, ուղեւորութեան մէջ Եկեղեցւոյ պատկերը, Եկեղեցին, որ դուրս կ՜ելլէ եւ ինքզինք ծառայութեան մէջ կը դնէ, Եկեղեցին որ Բարի Լուրի պատգամաւորն է։

«Տիրոջ Մայրը տիպար է շարժումի մէջ երիտասարդներուն, ոչ թէ անոնց, որոնք անշարժ են հայելիին դիմաց, սեփական պատկերը դիտելով կամ ցանցերու թակարդներուն թիրախ։ Ան ամբողջութեամբ նախագծուած է դէպի դուրսը, դէպի Ելքը» կը գրէ Սրբազան Պապը։

Իսկական կապը հանդիպումի կապն է

Դուք կարող չէք լուծել աշխարհին բոլոր հարցերը» կը շարունակէ Նորին Սրբութիւնը «Բայց միգուցէ կարող էք սկսիլ ձեզի ամենամօտ մարդոցմէ, ձեր տարածքի խնդիրներէն» կ՛աւելցնէ Ան, մատնանշելով Կալկաթայի Մայր Թերեզային- որ խօսելով իր կատարած բարի գործերուն մասին, զանոնք կը նկատէր ովկիանոսին մէջ կաթիլ մը, «բայց եթէ այդ մէկը չընեմ ովկիանոսը նուազ կաթիլ մը պիտի ունենար», կ՜ըսէր աղքատներու Սրբուհին, որուն օրինակին վրայ հիմնուելով Քահանայապետը հրատապ կը նկատէ «գործի լուծուիլ արագօրէն»։

Փութալով ճամբայ ելլել

«Քանի անհատներ աշխարհի մէջ կը սպասեն մէկու մը այցելութեան, որ հոգ տանի իրենց։ Քանի տարեցներ, հիւանդներ, բանտարկեալներ, գաղթականներ պէտք ունին մեր գթասիրտ հայեացքին, մեր այցելութեան, եղբօր մը, քրոջ մը, որ շրջանցէ անտարբերութեան պատնէշները» հարց կու տայ Քահանայապետը ակնարկելով «արագընթացութեան», որ կը խռովէ երիտասարդները, որոնք համավարկի, պատերազմի, բռնի գաղթականութեան, աղքատութեան, բռնութեան ու բնական աղէտներու իրականութիւններուն թիրախ դարձած, հարց կու տան «ի՞նչու այդ մէկը ինծի պատահեցաւ»։ Եւ ասկէ մեկնելով կը հրաւիրէ երիտասարդները օրինակ առնելու Մարիամի շտապումէն, որ կը պատկանի անոնց` որոնք արտակարգ պարգեւներ ընդունեցան եւ չեն կրնար ուրիշ բան ընել եթէ ոչ զայն կիսել միւսներուն հետ։

Մարիամը տիպար երիտասարդներուն

Մարիամը օրինակ է երիտասարդներուն համար, որ ժամանակ չի կորսնցներ միւսներուն ուշադրութիւնը կամ հաւանութիւնը փնտռելու, ինչպէս կը պատահի երբ կախեալ ենք ընկերային ցանցերու «լայք»երէն», կը գրէ Ֆրանչիսկոս Պապը, «Ան շարժումի մէջ կը դնէ ինքզինք փնտռելու համար հարազատ կապը, ան որ կու գայ հանդիպումէն, բաժնեկցութենէն, սերէն եւ ծառայութենէն» կ՛աւելցնէ Ան, մատնանշելով Մարիամի մօտիկութեան հանդէպ իր ժողովուրդին, հաւատացեալներուն, երեւումներու միջոցաւ ու հրաշքներու բարեխօսը ըլլալով։

Սրբազան Պապը առ այդ կը խօսի «բարի» արագութեան մասին, որ մեզ կը մղէ միշտ դէպի միւսը ու այն գէշ արագութիւնը, որ մեզ մակերեսային կերպով ապրիլ կու տայ, երբ կ՛անտեսենք մեր շուրջինները, ըլլան անոնք ընտանիքի անդամ, բարեկամներ, գործընկերներ, կամ կարիքի մէջ գտնուողներ։

Հիւրընկալութիւնը

«Եղիսաբեթն ու Զաքարիան հիւրընկալեցին Մարիամը եւ Յիսուսը։ Սորվինք այս երկու տարեցներէն հիւրընկալութեան իմաստը» կը գրէ Ֆրանչիսկոս Պապը հրաւիրելով երիտասարդները իրենց ծնողներուն ու պապիկ մամիկներուն հարցնելու թէ ի՞նչ կը նշանակէ հիւրընկալ ըլլալ` Աստուծոյ եւ միւսներուն նկատմամբ։ «Լաւ կ՛ըլլայ ունկնդրել ձեզ կանխողներուն փորձառութիւնները» կը թելադրէ Սրբազան Պապը հաստատելով, որ «սերունդներու միջեւ հանդիպումը կ՛օգնէ յաղթահարելու տարածքները ընդմէջ «ընկերային դասակարգերուն, ցեղերուն, խումբերուն», ու կ՛օգնէ նաեւ յաղթահարելու պատերազմները։

Երիտասարդները միութեան յոյս

«Երիտասարդները միշտ կը մնան բաժանուած ու մասնատուած մարդկութեան մը նոր միութեան յոյսը, միայն եթէ անոնք ունին յիշողութիւն, միայն եթէ մտիկ ընեն տարեցներու երազներուն ու ողբերգուիններուն» դիտել կու տայ Նորին Սրբութիւնը մատնանշելով, որ «Պատահական չէ, որ դարձեալ պատերազմ կայ Եւրոպայի մէջ ճիշտ այն ժամանակ երբ անցեալ դարուն մէջ անոր ականատես եղած սերունդը սկսաւ անհետանալ։ Պատմութեան դասերը կը ծառայեն յաղթահարելու համար ծայրայեղութիւնները» կը շեշտէ Սրբազան Պապը։

«Սիրելի երիտասարդներ պատգամս ձեզի, մեծ պատգամը որուն կրողն Եկեղեցին Յիսուսն է։ Նոյնինքն Յիսուս, անոր անհուն սէրը իւրաքանչիւրիս համար, անոր փրկութիւնը ու մեզի պարգեւած նոր կեանքը։ Եւ Մարիամը տիպարն է թէ ինչպէս մեր կեանքի այս մեծ պարգեւը ընկալել ու զայն հաղորդել միւսներուն, մեր կարգին դառնալով Քրիստոսը կրողները, Անոր ողորմած սէրը կրողները, եւ կրողները անոր վեհանձն ծառայութիւնը` ի սպաս մարդկութեան որ կը տառապի» կը գրէ միշտ Ֆրանչիսկոս Պապը ԵՀՕ նուիրուած իր պատգամին մէջ որուն աւարտին կը նորոգէ իր հրաւէրը` աշխարհի բոլոր երիտասարդներուն, կղզիացումներէն ետք մասնակցելու Փորթուկալի մէջ կայանալիք ԵՀՕ, փորձարկելու համար հանդիպումին ուրախութիւնը։

Վերականգնելու ժամը հիմա է

«Փորթուկալը երկիրն է ուր Մարիամ ուզեց այցելութիւն կատարել Ֆաթիմայի մէջ բոլոր սերունդներուն թողած զօրեղ պատգամով» դիտել կու տայ հուսկ Սրբազան Քահանայապետը յիշեցնելով յառաջիկայ 20 նոյեմբերին` Յիսուս Թագաւոր Տիեզերքի տօնին առիթով տեղական եկեղեցիներուն մէջ յիշատակուող թեմական

Երիտասարդութեան օրերը ապա կը դիմէ Սուրբ Հոգիին, որպէսզի անոնց սրտերուն մէջ վառէ իղձը` կանգնելու եւ ուրախութիւնը բոլորը միասին քալելու, սիւնհոդոսական ոճով։

«Վերականգնելու ժամը հիմա է։ Ոտքի ելլենք փութով։ Ու Մարիամի նման Յիսուսը կրենք մեր մէջ, որպէսզի զայն հաղորդենք բոլորին։ Ձեր կեանքի այս գեղեցիկ ժամանակահատուածի ընթացքին, յառաջ ընթացէք, մի յետաձգէք այն բաները զոր Սուրբ Հոգին կարող է գործել ձեզ մէջ։ Ի սրտէ կ՜օրհնեմ ձեր երազները ու ձեր քայլերը», կը գրէ Ֆրանչիսկոս Պապը եզրափակելով պատգամը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/09/2022, 12:30