Որոնել

1664351587351.JPG

Քահանայապետին պատգամը «Օրսոլինեան համաշխարհային կրթական պայմանագիրի» մասնակից երիտասարդներուն

«Եթէ երիտասարդները աշխարհը չի փոխեն ո՞վ պիտի ընէ այդ մէկը» հարց տուաւ Սրբազան Քահանայապետը ցոյց տալով նաեւ ուղին. Պաշտպանելով աշխարհի շատ վտարանդիներու սպիացած գեղեցկութիւնը. բացուելով ընդունելու ուրիշները, յատկապէս առաւել խոցելի և լուսանցքային պայմաններու մէջ գտնուողներ. Ինձմէ տարբերին նայելով ոչ թէ որպէս սպառնալիք, այլ որպէս հարստութիւն»:

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ 30 սեպտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը պատգամ մը յղեց «Օրսոլինեան համաշխարհային կրթական պայմանագիրի» մասնակցող երիտասարդ ուսանողներուն որուն սկիզբը մատնանշեց անոնց գործունէութեան` ի սպաս բնապահպանումին, կայունութեան, եւ մարդկային եղբայրութեան ինչպէս նաեւ աւելիով աղքատներուն ու դիւրաբեկներուն ուշադրութեան հաստատելով այս մէկը «իրենց պատիւ կը բերէ»։

Ան նաեւ նշեց թէ անոնք գործնականապէս կը մասնակցին «համաշխարհային կրթական պայմանագիրին» որուն մեկնարկ տուած էր Ինք երեք տարիներ առաջ որպէս բոլորին համար բաց դաշնութիւն մը` որուն նպատակն է կրթել ու կրթուիլ տիեզերական եղբայրութեան։

Ասկէ մեկնելով Սրբազան Պապը երիտասարդներուն առաջարկեց որպէս տիպար ընտրել Օրսոլին միաբանութեան հիմնադիր գեղեցիկ եւ սքանչելի Օրսոլան որ յատուկ գեղեցկութեամբ երիտասարդ աղջիկ մըն էր որ ներշնչում հանդիսացաւ բազմաթիւ անձերու համար ու նաեւ «Անճելա Մրիչիին որ անոր անունով հիմնեց կրթական հաստատութիւնը, որ կոչուած է «Օրսոնլին»» գրեց Սրբազան Քահանայապետը պատգամին մէջ երիտասարդները հրաւիրելով ի յայտ դնել իրենց գեղեցկութիւնը։

«Ոչ թէ աշխարհի նորութիւններուն համեմատ գեղեցկութիւնը այս իսկական գեղեցկութիւնը», ան որուն համաձայն ստեղծուած ենք Աստուծոյ պատկերին համաձայն, որուն միջոցաւ կարելի է աշխարհը փրկել։ Երկրորդ կէտը որուն վրայ շեշտը դրաւ Սրբազան Պապը կը վերաբերեր «գործելուն»։

Դուք կանչուած ենք գործելու, բան մը ընելու։ Իսկական գեղեցկութիւնը պտղաբեր է, կը մղէ դուրս ելլելու մենք մեզմէ ու շարժումի մէջ դնելու մենք զմեզ».....Մի կղզիանաք աշխարհէն այլ եղէք միշտ բաց ու քաջ նման Սրբուհի Օրսոլային որ քաջութիւնը ունեցաւ յանձն առնելու երկար ճամբորդութիւն մը, դիմագրաւելով յարձակումներ մինչեւ մարտիրոսութիւն» գրեց Քահանայապետը պատգամին մէջ երիտասարդները հրաւիրելով խոյս չտալ իրենց պատասխանատուիններէն։

«Եթէ երիտասարդները աշխարհը չի փոխեն ո՞վ պիտի ընէ այդ մէկը» հարց տուաւ Սրբազան Քահանայապետը ցոյց տալով նաեւ ուղին. Պաշտպանելով աշխարհի շատ վտարանդիներու սպիացած գեղեցկութիւնը. բացուելով ընդունելու ուրիշները, յատկապէս առաւել խոցելի և լուսանցքային պայմաններու մէջ գտնուողներ. Ինձմէ տարբերին նայելով ոչ թէ որպէս սպառնալիք, այլ որպէս հարստութիւն: Եւ նաև պաշտպանելով արարչագործութեան վիրաւոր գեղեցկութիւնը, պաշտպանելով մեր ընդհանուր տան կենսամիջոցները, որդեգրելով աւելի սթափ և բնապահպանական մաքուր ապրելակերպ:»

Սրբազան Պապը հրաւիրեց ապա զանոնք կարդալու Փրակայի մէջ յուլիսին գումարուած «EU Youth Conference»ի երիտասարդներուն ուղղած պատգամը եւ անոնց ժամադրութիւն տուաւ ԵՀՕ որոնք տեղի պիտի ունենան եկող տարի Լիզպոնի մէջ եւ որ պիտի ըլլայ «յոյսի եւ գեղեցկութեան մեծ նշան մը աշխարհի բոլոր երիտասարդներուն համար» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը հուսկ պատգամը աւարտեց բոլորին վրայ հայցելով Աստուծոյ օրհնութիւնները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/09/2022, 13:57