Որոնել

1663843679547.jpg

Ֆրանչիսկոս Պապը շաբաթավերջին կ՜այցելէ Ասսիզի ապա Մաթերա քաղաքները

Ասսիզիի մէջ Ան փակումը կը կատարէ “Economy of Francesco” ծրագրին, մինչ Մաթերա քաղաքին մէջ կ՛եզրափակէ Սուրբ Հաղորդութեան ազգային 27րդ համագումարը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Շաբաթ 24 սեպտեմբերի առաւօտեան Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանէն կը մեկնի ժամը ինին եւ ինքնաթիռով կը փոխադրուի Ասսիզի, ուր կը ժամանէ կէս ժամ տեւող թռիչքէ ետք, դիմաւորուելով «Economy of Francesco» ծրագրին մասնակցող երիտասարդներէն, կազմակերպիչներու յանձնախումբի անդամներէն ու քաղաքի եւ շրջանի քաղաքական իշխանութիւններու ներկայացուցիչներէն.

Ժամը 10-ին նախատեսուած է Նորին Սրբութեան հանդիպումը «Economy of Francesco» ծրագրին մասնակցող երիտասարդ տնտեսագէտներու եւ գործարանատէրերու հետ, որուն առիթով ութը երիտասարդներ Քահանայապետին կը պատմեն իրենց կեանքի փորձառութիւնը, որմէ ետք Սրբազան Պապը անոնց կ՛ուղղէ իր պատգամը հուսկ տեղի կ՛ունենայ «Պայմանագիրի» ստորագրութիւնը։

Հանդիպումի աւարտին Քահանայապետը վերադարձ կը կատարէ Վատիկան։

Սուրբ Հաղորդութեան ազգային 27րդ համագումարի եզրափակում

Երկրորդ օրը` Կիրակի 25 սեպտեմբերին Նորին Սրբութիւնը, միշտ Ինքնաթիռով, կը փոխադրուի Մաթերա` եզրափակումը կատարելու Սուրբ Հաղորդութեան ազգային 27րդ համագումարին։

Մեկնումը նախատեսուած է առաւօտեան եօթին ու ժամանումը 8,30ին, ուր Ան կը դիմաւորուի Իտալիոյ Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահ` Կարդինալ Մաթթէօ Մարիա Ծուփիի կողմէ, որուն կ՜ընկերանայ Մաթերա-Իրսինա թեմին Արքեպիսկոպոսը` գերապայծառ Անթոնիօ Ճուզեփէ Քայացցօ, Պազիլիքաթա Նահանգի նախագահ` Վիթօ Պարտի, Մաթերա քաղաքի ոստիկանապետ` Սանթէ Քոփփոնի, քաղաքապետ Տոմենիքօ Պեննարտի եւ մարզի նախագահ` Փիերօ Մարրեզէ։

Ժամը ինին նախատեսուած է Սուրբ պատարագ, որուն առիթով Նորին Սրբութիւնը կը ներկայացնէ յաւուր պատշաճի քարոզը ու արարողութեան աւարտին նոյն վայրէն կ՛արտասանէ կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը։ Սուրբ Զոհի աւարտին Սրբազան Պապը վերադարձ կը կատարէ Վատիկան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/09/2022, 11:20