Որոնել

1664188711545.JPG

Շալոմ հասարակութեան անդամները` Սուրբ Պետրոսի յաջորդին առջեւ նորոգեցին իրենց ուխտը

Հասարակութիւնը հաւատացեալներու միջազգային ընկերակցութիւն մըն է, որ ճանչցուած է Սուրբ Աթոռէն 22 փետրուար 2007-ին։ Ան ներկայ է աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ, նպատակ ունենալով ապրիլ հասարակական եւ առաքելական կեանք մը, Քրիստոսի Աւետարանը տանելով բոլոր մարդոց ու կիներուն ու մասնաւորապէս անոնց` որոնք հեռու են Քրիստոսէն եւ Եկեղեցիէն։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի 26 սեպտեմբերին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ ի շարս այլ հանդիպումներու, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց «Շալոմ» կաթողիկէ հասարակութեան անդամներուն։ Հասարակութիւնը հաւատացեալներու միջազգային ընկերակցութիւն մըն է, որ ճանչցուած է Սուրբ Աթոռէն 22 փետրուար 2007-ին։

Ան ներկայ է աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ, նպատակ ունենալով ապրիլ հասարակական եւ առաքելական կեանք մը, Քրիստոսի Աւետարանը տանելով բոլոր մարդոց ու կիներուն ու մասնաւորապէս անոնց` որոնք հեռու են Քրիստոսէն եւ Եկեղեցիէն։

Շալոմ հասարակութիւնը Վատիկանի մէջ
Շալոմ հասարակութիւնը Վատիկանի մէջ

Շալոմ հասարակութեան ծագումը 

Հասարակութեան անդամներուն հետ ունեցած հանդիպումի առթիւ ներկաներուն ուղղած իր ճառին մէջ Քահանայապետը նախ ակնարկեց հասարակութեան ծագումին. «Ան չի ծնաւ սեղանի մը շուրջ, ծրագիրի մը հիման վրայ, այլ սուրբ պատարագի մը ընթացքին» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը մատնանշելով Շալոմ հասարակութեան հիմնադիր Մոյզէսի խօսքերուն, որ Քահանայապետէն առաջ խօսք առնելով հաստատած էր` թէ «հասարակութիւնը ծնած էր քառասուն տարիներ առաջ սուրբ պատարագի ընթացքին»։

«Այս մէկը շատ կարեւոր է» ըսաւ Սրբազան Պապը դիտել տալով, որ Եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ Հոգին է, որ կը գործէ, ինչպէս եղաւ նաեւ Յիսուսին առաքեալներուն հետ։

«Ան է, որ կենդանի կը պահէ Եկեղեցին ու զայն յառաջ կը մղէ» ըսաւ Ան, ընդգծելով որ «Ծիսակատարութիւնը գեղեցիկ տօնախմբութիւն մը չէ, որուն կեդրոնը մեր շարժումները կամ աւելի վատ մեր զգեստները կան։ Ոչ։ Ծիսակատարութիւնը Աստուծոյ ներգործութիւն է մեր հետ, եւ պէտք է ուշադիր ըլլանք Անոր. Ան է որ կը խօսի, կը գործէ, կը կոչէ եւ կ՛առաքէ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ապա պատասխանեց իրեն ուղղուած չորս հարցումներուն, որոնցմէ առաջինը Ֆապիոլա անունով երիտասարդուհիի մը հարցումն էր, թէ ի՞նչպէս կարելի է Աստուծոյ հետ բարեկամութիւնը պահպանել այսպիսի արագընթաց աշխարհի մը մէջ։

Շալոմ հասարակութիւնը Վատիկանի մէջ
Շալոմ հասարակութիւնը Վատիկանի մէջ

Մնացէք իմ մէջս

Սրբազան Պապը ակնարկեց Յիսուսին խօսքին «մնացէք իմ մէջս, մնացէք իմ սիրոյս մէջ» հաստատելով, թէ եթէ «մնանք միացած Քրիստոսին, նման որթատունկի ճիւղերուն, մենք կը պահպանենք այդ բարեկամութիւնը եւ կը դառնանք նաեւ վարակիչ»։

Այդ միութիւնը կը կայանայ աղօթքի մէջ, Աստուծոյ Խօսքին ունկնդրութեան մէջ, երկրպագութեան աղօթքի մէջ...որպէսզի շատ պտուղներ տանք, ինչպէս խոստացաւ Տէրը «Ան որ իմ մէջս կը մնայ շատ պտուղ կու տայ», եւ «այդ պտուղը սէրն է» հաստատեց Քահանայապետը Քրիստոսին սէրը, որ կը դպչի սրտերուն։

«Մեզի կ՜իյնայ անոր մէջ մնալ ու մնացածը թողունք Սուրբ Հոգիին» յորդորեց Սրբազան Պապը։

Բաց մնալ Սուրբ Հոգւոյն

Մատնանշելով ապա Պերթրան անունով երիտասարդի մը վկայութեան ու անոր հարցումին, թէ ի՞նչպէս կարելի է վառ պահել ու կարեւորել երիտասարդներուն դերակատարութիւնը Եկեղեցւոյ մէջ, Նորին Սրբութիւնը նշեց, թէ այդ ընելու համար պէտք է բաց մնալ Սուրբ Հոգիին. «Ան է, որ կը նորոգէ սրտերը, կեանքը եւ կը նորոգէ նաեւ Եկեղեցին ու աշխարհը»։

Դերակատարութեան մասին արտայայտուելով Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց սրբութեան դերակատարութեան, առաջարկելով Քարլօ Աքութիսի, Փիերճորճօ Ֆրասսաթիի ու այլ երիտասարդ երանելիներու ու սուրբերու օրինակները, «որոնք կառուցեցին Եկեղեցին ու կը շարունակեն զայն կառուցել իրենց վկայութեամբ, համապատասխանելով Աստուծոյ շնորհքին», ըսաւ Քահանայապետը ապա ընդգծեց նաեւ Հովիւներու դերակատարութեան կարեւորութիւնը հանդէպ երիտասարդներուն, հաստատելով որ «հովիւները պէտք է սորվին ունկնդրել երիտասարդները»։

Շալոմ հասարակութիւնը Վատիկանի մէջ
Շալոմ հասարակութիւնը Վատիկանի մէջ

Կալկաթայի Մայր Թերեզայի օրինակը

Աղքատներուն հետ բարեկամութեան ուրախութեան մասին ուղղուած Տիլմա անունով երիտասարդուհիի հարցումին, Սրբազան Պապը օրինակ բերաւ Կալկաթայի Մայր Թերեզան, որ եղաւ աղքատներու սրբուհին ու անոնց մէջ տեսաւ Յիսուսին դիմագիծը, որ իրեն կ՛ըսէր «ծարաւի եմ»։

Քահանայապետին ուղղուած չորրորդ հարցումը կը վերաբերէր Շալոմ հասարակութեան ուղեւորութեան, որուն մասին արտայայտուելով Սրբազան Պապը ակնարկեց հասարակութեան յատկանիշներուն ու անոր առաքելութեան, հրաւիրելով ներկաները վառ պահելու ստեղծագործութեան քաջութիւնը, հիւրընկալութիւնը եւ առաքելական սլացքը։

Խաղաղութիւն ձեզի

Ան ապա ակնարկեց «Շալոմ» անունին, որ կու գայ Աւետարանէն ու նոյնինքն Յարուցեալ Յիսուսի շրթներէն եւ սրտէն, երբ Ան երեւնալով աշակերտներուն ըսաւ «Խաղաղութիւն ձեզի» (Յովհ. 20,19.21.26)։ «Խաղաղութիւն, որ ու գայ Յիսուսին հետ անձնական հանդիպումէն» յարեց Նորին Սրբութիւնը մատնանշելով հասարակութեան անունին մաս կազմող «Կաթողիկէ» բառին, որ ըսաւ Ան, «Մայր Եկեղեցւոյ անունն է, որուն ծոցին մէջն է որ դուք ծնունդ առիք»։

«Արժեւորեցիք պարգեւներն ու կենսունակութիւնը եւ զարգացուցիք ձեր խարիզմը, որպէս միջակէտ ընտրելով Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդը, երկրպագութիւնը, խոստովանանքի խորհուրդը, սատարելով «կաթողիկէութեան» հարստութեան» ըսաւ ի միջի այլոց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, հաստատելով նաեւ թէ հասարակութիւնը կաթողիկէ է նաեւ որովհետև կը քալէ միշտ Եկեղեցւոյ Հովիւներու կողքին ։

Շալոմ հասարակութիւնը Վատիկանի մէջ
Շալոմ հասարակութիւնը Վատիկանի մէջ

Հովիւներու հետ համագործկացութիւն

«Պահպանեցէք միշտ այս որդիական հնազանդութեան, սիրոյ ու հովիւներու մօտիկութեան հոգին» յորդորեց Քահանայապետը խրախուսելով նաեւ մնալ հնազանդ Սուրբ Հոգիի ներգործութեան, բաց փոխադարձ ունկնդրութեան ու Եկեղեցւոյ ուղեցոյցներուն, լաւապէս զատորոշելու համար ինչպէս շարունակել ուղեւորութիւնը։

Ան ապա ճառը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով Աստուծոյ հասարակութեան գործունէութեան համար, օրհնաբանելով Տէրը նաեւ բազմաթիւ երիտասարդներուն համար որոնք կը յաճախեն հասարակութիւնը, ընտանիքներուն համար` որոնք անոր մէջ կազմուեցան ու բազմաթիւ կոչումներուն ու ապաշխարութեան արարքներուն համար։

Յանձնում Սուրբերուն, Տիրամօր ու Տիորջ

Ակնարկելով ապա ուխտագնացութեան նպատակին Սուրբ Պետրոսի յաջորդին առջեւ նորոգելու համար իրենց ուխտը, Սրբազան Պապը հայցեց որ Սուրբ Ֆրանչիսկոսը եւ Յիսուս Մանուկի Սրբուհի Թերեզան առաջնորդեն անոնց ուղեւորութիւնը, Տիրամայրը պահապանէ անոնց վստահութեան հոգին եւ օգնէ իրենց ընտրանքներուն մէջ եւ Տէրը ընդունի անոնց կեանքին նուիրումը ու թիկունք կանգնի անոնց իր շնորհքներով։

«Ձեզ կ՛օրհնեմ ի սրտէ եւ կը խնդրեմ բարեհաճեցէք աղօթել ինծի համար» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը եզրափակելով իր ճառը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/09/2022, 12:51