Որոնել

1662977739739.JPG

Սրբազան Քահանայապետին խօսքը՝ ուղղուած Իտալական արդիւնաբերութեան գլխաւոր համադաշնութեան անդամներուն

Կարելի է ըլլալ վաճառական, ձեռնարկատէր և ըլլալ Քրիստոսի հետևորդ, Անոր Թագաւորութեան բնակիչ

Մարիամ Երեմեան – Վատիկան

Երկուշաբթի 12 սեպտեմբերին, ի շարս այլ հանդիպումներու, Նորին Սրբութիւնը ունկնդրութիւն շնորհեց Իտալական արդիւնաբերութեան գլխաւոր համադաշնութեան անդամներուն (Confindustria) եւ այս առթիւ անոնց ուղղուած իր խօսքին մէջ մանրամասն անդրադարձ կատարեց և համեմատական ակնարկ կատարեց դարեր շարունակ Եկեղեցւոյ հետ անոնց կապի միջև՝ սկսած Աստուածաշունչէն ու Աւետարաններէն, որ «միշտ չէ, որ հեշտ եղած է»:

«Իրականին մէջ կարելի է ըլլալ վաճառական, ձեռնարկատէր և ըլլալ Քրիստոսի հետևորդը, Անոր Թագաւորութեան բնակիչը», հաստատեց Ֆրանչիսկոսը և թուարկեց Երկնային Արքայութիւն մտնելու համար անհրաժեշտ որոշ պայմանները.

Կիսել հարստութիւնը

Առաջինը կիսել հարստութիւնը, որ մէկ կողմէ, շատ կ’օգնէ կեանքի մէջ. բայց նաև, յաճախ զայն կը բարդացնէ, քանի` որ «ոչ միայն մեր կուռքը կը դառնայ և կը խլէ մեր ողջ կեանքը, այլեւ պատասխանատուութիւն կը պահանջէ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, աւելցնելով, որ Յիսուսն ինքը մեզի կ’ըսէ թէ «հարուստ մարդու համար շատ դժուար է մտնել Աստուծոյ Արքայութիւն, դժուար, բայց ոչ անհնար» (տես Մատթ. 19:26): Երկնքի Արքայութիւն մտնելու համար բոլորէն չի խնդրուիր աղքատանալ, ոմանց, որոնք հարստութեան տէր են, կը խնդրուի կիսել զայն: «Կիսելը աւետարանական աղքատութեան մէկ այլ անուն է» յարեց Սրբազան Պապը։

Բարեգործութիւն ընել

«Բարեգործութիւնը` կիսելու ձևերէն մին է» ըսաւ Պապը եւ այս առնչութեամբ շնորհակալութիւն յայտնեց իտալացի արդիւնաբերողներուն և ձեռնարկատէրերուն ուքրանացի ժողովրդին՝ յատկապէս տեղահանուած մանուկներուն ցուցաբերած առարկայական աջակցութեան համար:

Աշխատանքի ստեղծում

«Աշխատանքի ստեղծումը կիսելու մէկ այլ միջոց է՝ յատկապէս երիտասարդներուն համար», ընդգծեց Քահանայապետը և աւելցուց «երիտասարդները ձեր վստահութեան կարիքն ունին, իսկ դուք՝ երիտասարդներու, քանի որ առանց այս վերջիններուս առևտուրները կը կորսնցնեն նորարարութիւնը, շարժիչ ուժը և ոգևորութիւնը»:

Աջակցութիւն ընտանիքներուն և ծնելիութեանը

Սակայն, շարունակեց Ֆրանչիսկոս Պապը, աշխատանքի խնդիրը հնարաւոր չէ լուծել, եթէ աշխատաշուկայի տրամաբանութեան սահմաններէն դուրս չելլենք: Այլ կերպ ըսած, պէտք է գործնական աջակցութիւն ընձեռել ընտանիքներուն և ծնելիութեանը, բայց նաև ձեռնարկատէր - բանուոր կապին։ «Ձեռնարկատէրն ինքը բանուոր է», հաստատեց Ան:

Հաւասար պայմաններով աշխատանքի ստեղծում

Նորին Սրբութիւնը այնուհետև անդրադարձ կատարեց հաւասար պայմաններով աշխատանքի ստեղծումին՝ ընդգծելով, որ չնայած գործառոյթներու տարբերութեան աշխատավարձերը պէտք չէ շատ տարբեր ըլլան, այլապէս կը կորսուի ընկերութեան պատկանելու զգացումը, համագործակցութիւնը, խնդիրներուն արձագանքելու տրամադրուածութիւնը, որ ապա այլ ճգնաժամեր կը յարուցէ։

Ի վերջոյ, Ֆրանչիսկոս Պապը քաջալերեց ներկաները ըլլալու լաւ ձեռներէցներ, զգալ ժամանակի հրատապութիւնը՝ դիմագրաւելու համար հասարակութեան մեծ մարտահրաւէրները: Այդ ճանապարհին ստեղծարարութեամբ և նորարարութեամբ ստեղծել շրջակայ միջավայրի պահպանութեան միտուած տնտեսական համակարգ:

Ան ապա շնորհակալութիւն յայտնեց և օրհնեց բոլոր ներկաներն ու անոնց ընտանիքները՝ խնդրելով աղօթել իրեն համար:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/09/2022, 12:24