Որոնել

1662975851447.JPG

Ֆրանչիսկոս Պապին Նուր Սուլթանի մէջ երկրորդ օրուայ յայտագիրը

Կրօններու համագումարի բացման արարողութիւն եւ Սուրբ պատարագ
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Պապին Ղազախստանի մէջ երկրորդ օրը սկիզբ առաւ տեղական ժամով 9,40-ին (Հռոմի ժամով առաւօտեան կանուխ 5, 40- ին), երբ Ան փոխադրուեցաւ մայրաքաղաքի «Անկախութեան Պալատ» ուր տեղական ժամով 10ին նախատեսուած է Աւանդական եւ Համաշխարհային կրօններու Ղեկավարներու 7րդ համագումարի բացման նիստը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն յիսուն երկիներէն այնտեղ ժամանած աւելի քան 108 պատուիրակութիւններ։

հաւաքը սկիզբ կ՛առնէ լռելեան աղօթքով, ապա Ղազախստանի հանրապետութեան նախագահի ողջոյնի խօսքով, որուն կը յաջորդէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին պատգամը ապա ելոյթ կ՛ունենայ Ալ Ազհարի Աւագ Իմամ Ահմատ Ալ Թայըպ, Մոսկուայի Պատրիարքին ներկայացուցիչը եւ այլք։

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումները

Բոլոր մասնակցողներու խմբանկարէն ետք Սրբազան Պապը առանձնական հանդիպումներ կ՜ունենայ Հաւաքին ներկայ գտնուող մի քանի կրօնական առաջնորդներու հետ, որոնց շարքին Ալ Ազհարի Աւագ Իմամ` Ահմատ Ալ Թայըպը, Ղազախստանի Աւագ Միւֆթին` Նաուրիզպայ Քաժի Թականուլի, Հրեայ կրօնի ներկայացուցիչներ Տավիտ Պարուք Լաու եւ Եիթսխաք Եոսէֆը, Լուտերական պատուիրակութեան նախագահ` Արք. Ուրմաս Վիիլմա, Religions for Peace հաստատութեան ընդհանուր Քարտուղար` Ազզա Քարամ, Ռուսիոյ դաշնութեան Իսլամներու Կրօնական Խորհուրդի նախագահ Շէյխ Ռավիլ Կայնութտին, Երուսաղէմի Օրթոտոքս Պատրիարք Թէոֆիլոս Գ., Մոսկուայի Պատրիարքութեան արտաքին յարաբերութիւններու գրասենեակի նախագահ` Մետրոպոլիտ Անթոնի տի Վոլոքոլամսքը, եւ քաղաքակրթութիւններու դաշնութեան ի նպաստ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի բարձր ներկայացուցիչ` Տիար Միկել Անկել Մորաթինոսը։

Սուրբ պատարագ

Տեղական ժամով 16,15 անց (հռոմի ժամով 12,15-ին), Քահանայապետը կը փոխադրուի «EXPO Ground» կեդրոն, ուր կը նախագահէ Խաչվերացի տօնին նուիրուած սուրբ պատարագին, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն տեղական կաթողիկէ հաւատացեալներն ու կղերական դասը։

Սուրբ զոհէն ետք նոյն վայրէն շնորհակալական խօսք ուղղելով բոլոր անոնց` որոնք մասնակից եղան առաքելական ճամբորդութեան կազմակերպութեան Սրբազան Պապը կը վերադառնայ Առաքելական Նուիրակութիւն, աւարտելով 38րդ միջազգային ճամբորդութեան երկրորդ օրուան յայտագիրը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/09/2022, 06:00