Որոնել

Քահանայապետը հրաժեշտ առաւ Ղազախստանէն ու վերադարձաւ Վատիկան

Նորին Սրբութիւնը Ղազախստանն մեկնած էր իր մասնակցութիւնը բերելու Աւանդական եւ Համաշխարհային կրօններու Ղեկավարներու 7րդ Համագումարին  որուն բացումը կատարուեցաւ 14 սեպտեմբերի առաւօտեան ու եզրափակուեցաւ այսօր` տեղական ժամով 12-ին, ի միջի այլոց Սրբազան Քահանայապետին Հաւաքի մասնակցողներուն ուղղած պատգամով։ Նորին Սրբութիւնը Հռոմ ժամանեց երեկոյեան 20,01ին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին երկու օրեր առաջ` 13 սեպտեմբերին, սկիզբ առած «Միութեան եւ խաղաղութեան պատգամաւորներ» կարգախօսով

առաքելական 38րդ միջազգային ճամբորդութիւնը այսօր` Հինգշաբթի 15 սեպտեմբերին, հասաւ իր աւարտին։

Նորին Սրբութիւնը Ղազախստանն մեկնած էր իր մասնակցութիւնը բերելու Աւանդական եւ Համաշխարհային կրօններու Ղեկավարներու 7րդ Համագումարին  որուն բացումը կատարուեցաւ 14 սեպտեմբերի առաւօտեան ու եզրափակուեցաւ այսօր` տեղական ժամով 12-ին, ի միջի այլոց Սրբազան Քահանայապետին Հաւաքի մասնակցողներուն ուղղած պատգամով։

Կրօններու համագումարի եզրափակիչ արարողութիւնը

Եզրափակիչ արարողութեան ընթացքին ընթերցումը կատարուեցաւ նաեւ Համագումարի Հռչակագիրին, որ ստորագրուեցաւ Հաւաքին մասնակցող կրօններու ներկայացուցիչներուն կողմէ, որուն մէջ անոնք յանձնառում յայտնեցին «ամէն ջանք դափելու` ապահովելու համար կրօններու, մշակոյթներու ու քաղաքակրթութիւններու միջեւ երկխօսութիւնը», ապա «առ աւելիով քայլեր ձեռնարկելու ի նպաստ խաղաղութեան», ընդգծելով Ապու Տապիի մէջ 4 փետրուար 2019-ին, Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Ալ Ազհարի Աւագ Իմամ Ահմատ Ալ Թայըպին միջեւ ստորագրուած աշխարհի խաղաղութեան եւ միասնական համակեցութեան ի նպաստ Մարդկային Եղբայրութեան հայող փաստաթուղթին կարեւորութիւնը։

Հռչակագիրի ստորագրութիւնն ու պարունակութիւնը

Կրօնապետերը հաստատեցին, որ «ծայրայեղականութիւնը, արմատականութիւնն ու ահաբեկութիւնը» այնպէս ինչպէս բռնութեան ու պատերազմի որեւէ այլ դրսեւորում, ոչ մէկ կապ ունին կրօնի հետ եւ ասկէ մեկնելով յորդոր ուղղեցին աշխարհի կառավարութիւններուն ու միջազգային կազմակերպութիւններուն, որպէսզի թիկունք կանգնին «կրօնական հասարակութիւններուն, որոնք թիրախ են ծայրայեղականութեան եւ բռնութեան ու վերջ դնեն  աշխարհի մէջ տեղի ունեցած հակամարտութիւններուն, ու զարգացնեն երկխօսութիւնը»։

Հռչակագիրին մէջ ընդգծուած է կրօնապետերու դերակատարութեան ու նաեւ միջկրօնական ու միջ դաւանանքային երկխօսութեան կարեւորութիւնը հրաւիրելով պետութիւնները` բոլոր քաղաքացիներուն երաշխաւորելու «արժանավայել կեանքի պայմաններ» ու քաղաքակրթութիւններու միջեւ խթանելու երկխօսութիւնը։

35 կէտերէ բաղկացած հռչակագիրը կը խնդրէ ծայրայեղականութիւնն ու ահաբեկչութիւնը չնոյնացնել խաղաղասէր ազգերու և կրօնների հետ. Այնտեղ ապա կը պահանջուի` Կրօնական կրթութեան և ուսուցման դերի ընդլայնումը. Ընտանիքի ամրապնդումը և կանանց արժանապատուութեան ու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը։

Ներկայի եւ ապագայի համար փաստատուղթ 

Կրօնապետերը կոչ կ՜ընեն ապա աջակցելու աշխարհի այն տարածքներուն, որոնք վնասներ կրած են ռազմական հակամարտութիւններու կամ բնական աղէտներու պատճառաւ, ինչպէս նաև միջազգային կազմակերպութիւններէն և ազգային կառավարութիւններէն կը խնդրեն՝ յաղթահարել` քորոնավիրուսային համաճարակի հետևանքները:

Հռչակագիրը և Համագումարի արդիւնքները կը դառնան «կարևոր կողմնորոշում մարդկութեան ժամանակակից և ապագայ սերունդներուն համար՝ խթանելու հանդուրժողականութեան, փոխադարձ յարգանքի և անդորրութեան մշակոյթը»։

Կրօնական ղեկավարներու յաջորդ համագումարը տեղի կ՛ունենայ 2025 թուականին, միշտ Ղազախստանի մէջ։

Մեկնում

Տեղական ժամով 17-ին (հռոմի ժամով 13-ին) Նուր Սուլթանի միջազգային օդակայանին մէջ կայացած Հրաժեշտի արարողութեան աւարտին, Ղազախստանի նախագահին ու պատկան իշխանութիւններուն ներկայութեամբ, նորին Սրբութիւնը բարձրացաւ օդանաւ ու անոր մուտքին վերջին անգամ հեռուէն բարեւելէ ետք Ղազախստանը, իր տեղը գրաւեց։

«ITA» Իտալական ընկերութեան օդանաւը թռիչք առաւ տեղական ժամով 13,17 անց։ Անոր ժամանումը նախատեսուած է երեկոյեան 8-ին մօտերը, գրեթէ 7 ժամ տեւող թռիչքի մը աւարտին, որուն ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը, սովորութեան համաձայն կը հանդիպի իր հետ ճամբորդող լրագրողներուն հետ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/09/2022, 13:23