Որոնել

WhatsApp-Image-2022-09-12-at-16.01.16aem.jpg

Ֆրանչիսկոս Պապը Տիրամօր յանձնեց Ղազախստանի «խաղաղութեան եւ երկխօսութեան ուխտագնացութիւնը»

«Salus Populi Romani» Տիրամօր պատկերը նկատուած է Հռոմ քաղաքի գերազանց պահպան սրբուհին, որ աւանդութեան համաձայն գծագրուած է Սուրբ Ղուկասի ձեռքով ու զանազան արկածախնդիր անցուդարձներէ ետք հասած է Հռոմ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Իր սովորութեան համաձայն, իւրաքանչիւր միջազգային ճամբորդութենէն առաջ ու ետքը Սրբազան Քահանայապետը այցելեց Սանթա Մարիա Մաճճորէ պազիլիքան ամփոփուելով Սալուս Փոփուլի Ռոմանի սրբապատկերին առջեւ ու անոր յանձնով քահանայապետութեան 38րդ միջազգային առաքելական ճամբորդութիւնը որ սկիզբ պիտի առնէ վաղը` 13 սեպտեմբերին ու պիտի աւարտի 15 սեպտեմբերին, ու Քահանայապետը պիտի առաջնորդէ Ղազախստան, ուր Ան Նուր Սուլթան մայրաքաղաքին մէջ պիտի մասնակցի «Աւանդական եւ Համաշխարհային կրօններու Ղեկավարներու Համագումարին»։

Հռոմ քաղաքի գերազանց պահպան սրբուհին

«Salus Populi Romani» Տիրամօր պատկերը  նկատուած է Հռոմ քաղաքի գերազանց պահպան սրբուհին, որ աւանդութեան համաձայն գծագրուած է Սուրբ Ղուկասի ձեռքով ու զանազան արկածախնդիր անցուդարձներէ ետք հասած է Հռոմ։

Չորս դարերէ ի վեր սրբապատկերը պահպանուած է երկու Քահանայապետերու մարմարէ շիրիմներու կողքին, Կղէմէս Ը եւ Պօղոս Ե։ Եւ այս վերջինս է որ ուզած է այս պատկերը զետեղել Սանթա Մարիա Մաճճորէ տաճարի ընտանեկան մատրան մէջ, 1613 թուականին։

«Ամէն տարի, Յունուար ամսուայ վերջին կիրակին, կը տօնախմբուի Սալուս Փոփուլի Ռոմանի Տիրամօր սրբապատկերին փոխադրումի տօնը, որ կ՛ուզէ հանդիսանալ հաւաքական գոհաբանական աղօթք՝ այդ սրբապատկերի պարգեւին համար։

Քահանայապետին աղօթքի խնդրանքը

Կիրակի օր Մարեմեան Աղօթքի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը հաւատացեալներէն խնդրած էր իրեն ընկերանալ աղօթքով եւ ահա այսօր Սուրբ Կոյս Մարիամի հովանիին յանձնեց այս առաքելական ճամբորդութիւնը եւս, ինչպէս ըրած էր իր Քահանայապետութեան առաջին օրէն իսկ։

Կիրակի օր, միշտ Մարեմեան Աղօթքի ընթացքին Նորին Սրբութիւնը Ղազախստանի ճամբորդութիւնը ներկայացուց` որպէս «առիթ հանդիպելու համար բազմաթիւ կրօններու ներկայացուցիչներուն հետ ու անոնց հետ զրուցելու` որպէս եղբայրներ, ոգեւորուած խաղաղութեան միասնական իղձով։

Խաղաղութեան ծարաւը

«Խաղաղութիւն` որուն ծարաւն ունի մեր աշխարհը» ըսած էր Նորին Սրբութիւնը իր ողջոյնները ուղղելով բոլոր մասնակիցներուն, Իշխանութիւններուն, քրիստոնեայ հասարակութիւններուն ու Երկրի համայն բնակչութեան»։

Ճամբորդութեան ներկայացումին առիթով Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն Տիար Մաթթէօ Պրունի, հաստատած էր, որ «այս ճամբորդութեան սիրտը երկխօսութիւն, հանդիպում, ու խաղաղութեան փնտռտուքն է», այն Երկրին մէջ` զոր Յովհաննէս Պօղոս Բ 21 տարիներ առաջ որակած էր «մարտիրոսներու եւ հաւատացեալներու հողատարածք։ Երկիր տեղահաններու եւ հերոսներու, Երկիր մտածողների և արուեստագէտներու ...»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/09/2022, 16:10