Որոնել

_SFO2022aem.jpg

Հաղորդութեան մասին Յիսուսի երազանքը կ’ազատէ մեզ միօրինակութիւնէն և բաժանումներէն. Ֆրանչիսկոս Պապ

Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Թրափիսթ միաբանութեան հայրերու միաբանութեան անդամները

Մարիամ Երեմեան – Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այսօր՝ սեպտեմբերի 16-ին ընդունեց Թրափիսթ հայրերու միաբանութեան անդամները՝ անոնց Ընդհանրական ժողովի կապակցութեամբ:

Պապը անոնց ուղղուած իր պատգամին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց Միաբանութեան Աբբահօրը ապա իր պատգամի առանցքը դարձուց «երազելը» և իր մտորումները ներկայացուց Թրափիսթ հայրերու Ընդհանրական ժողովի երկրորդ մասի մէջ ամփոփուած չորս երազանքներու առնչութեամբ, որոնք են, հաղորդութիւն, մասնակցութիւն, միսիոներութիւն և կրթութիւն:

Նորին Սրբութիւնն առաջարկեց այդ բոլոր «երազները» մեկնաբանել Աւետարանի միջոցաւ՝ նոյնացնելով մեզ Քրիստոսին հետ և պատկերացնելով թէ ինչպէս կ’երազէր Յիսուս այդ իրողութիւնները:

Հաղորդութեան երազանք

Մէջբերելով Յովհաննէսի Աւետարանէն Հօրն ուղղուած Յիսուսին աղօթքը. «Ես անոնց մէջ եմ, և դուն՝ իմ մէջ, որպէսզի անոնք կատարեալ ըլլան միասնութեան մէջ, և աշխարհն իմանայ, որ դուն ուղարկեցիր ինձ և սիրեցիր անոնց, ինչպէս ինձ սիրեցիր» (17:22-23), Նորին Սրբութիւնն ընդգծեց, որ այն թոյլ կու տայ երազել Յիսուսի հետ իր աշակերտներու հաղորդութեան մասին: Հաղորդութեան մասին Յիսուսի երազանքը կ’ազատէ միօրինակութիւնէ և բաժանումներէ: Մինչ, Սուրբ Հոգին կը սիրէ տարբերութիւններ առաջացնել և զանոնք ներդաշնակ դարձնել:

Մասնակցութեան երազանք

Մատթէոսի Աւետարանէն քաղուած մէկ այլ օրինակի վրայ հիմնուելով Պապը նշեց, որ Յիսուս՝ փարիսեցիներու հետ վիճաբանութեան ընթացքին իր աշակերտներուն կը յորդորէ «Մի՛ կոչուիք «ռաբբի», որովհետև ձեր Վարդապետը մէկ է, և երկրի վրայ ձեզմէ ոչ մէկուն «հայր» կոչեցէք, քանի որ մէկն է ձեր Հայրը՝ Երկնաւորը։ Եւ մի կոչուիք «ուղեցոյց», քանի որ միայն մէկն է ձեր Ուղեցոյցը՝ Քրիստոսը» (23:8-10): «Հոս երևան կու գայ Յիսուսի երազանքը եղբայրական համայնքի մասին, որտեղ բոլորը կը մասնակցին Հօր հետ ընդհանուր որդիական յարաբերութիւններու հիման վրայ և որպէս Յիսուսի աշակերտներ», ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոսը:

Միսիոներական երազանք

Աւետարանը նաև կը ներկայացնէ Յիսուսի երազանքը միսիոներական եկեղեցւոյ մասին. «Գացէ՛ք և աշակերտեցիք բոլոր ազգերը՝ մկրտելով զանոնք Հօր և Որդու և Սուրբ Հոգւոյ անունով, սորվեցնելով անոնց պահել այն ամէնը, ինչ ես պատուիրած եմ։» (Մտ 28.19-20), յարեց Սրբազան Պապը և աւելուց թէ «այս պատուէրը կը վերաբերի բոլորին Եկեղեցւոյ մէջ: Վանականը, որ կ’աղօթէ իր վանքին մէջ, իր դերը կը կատարէ Աւետարանի տարածումի գործին մէջ»:

Կրթութեան երազանք

Ֆրանչիսկոս տարբեր օրինակներ թուարկելով նշեց, որ բազմաթիւ են աւետարանական յղումները, որոնք կը վկայեն Տիրոջ կրթութեան երազանքի մասին, զայն անուանելով սրբութեան երազանք:

Աւարտին Քահանայապետը օրհնեց բոլոր ներկաները եւ խնդրեց որ աղօթեն իրեն համար:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/09/2022, 13:14