Որոնել

«Յիսուսը տեսնենք որպէս ամենամեծ ու հաւատարիմ Բարեկամ». Ֆրանչիսկոս Պապ

«Աղօթքը աստիճանաբար, բայց արդիւնաւէտ կերպով մեզ կը մղէ միշտ աւելիով կարողութիւն ունենալ ճանաչելու այն բաները, որոնք էական են, որպէս բան մը` որ կը բխի մեր էութեան խորքէն» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը հրաւիրելով Տիրոջմէ հայցելու շնորհքը իր հետ բարեկամական փոխյարաբերութիւն մը ապրելու ու այդ շնորհքը հայցելու նաեւ մէկս միւսին համար, որպէսզի Յիսուսը տեսնենք որպէս ամենամեծ ու հաւատարիմ Բարեկամ որ մեր վրայ չի ճնշեր ու մեզ երբեր չի լքեր նոյնիսկ երբ մենք Իրմէ կը հեռանանք։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Եղբայրներ զգուշութեամբ քալեցէք, ո՛չ թէ անմիտներու պէս,  Հապա իմաստուններու պէս…. Անոր համար անմիտ մի՛ ըլլաք, հապա իմացէք թէ ի՞նչ է Տիրոջը կամքը….Հոգիո՛վ լեցուեցէքսաղմոսներով ու օրհնութիւններով եւ հոգեւոր երգերով ձեր մէջ խօսակցելով՝ երգեցէ՛ք ու սաղմոս ըսէ՛ք Տիրոջը ձեր սրտերուն մէջ։  Ամէն ատեն ամէն բանի համար գոհութիւն տուէք Աստուծոյ ու Հօրը՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին անունովը (Եփեսացիք 5,15.17-20 )

Սուրբ Պօղոսին Եփեսացիներուն ուղղած նամակէն վերոնշեալ հատուածը առանցքը կազմեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին 28 սեպտեմբեր 2022ի հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան խորհրդածութեան, զոր Ան ներկայացուց Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ ու դարձեալ նուիրեց վերջերս սկսած «զատորոշումի» հայող նոր նիւթին, այս անգամ խօսելով Տիրոջ հետ մտերմութեան մասին ու զատորոշումի բաղկացուցիչ տարերէն` աղօթքի մասին։

Աղօթքը զատորոշումի բաղկացուցիչ մասնիկ

«Աղօթքը, ըսաւ Սրբազան Պապը, անփոխարինելի օգնութիւն է հոգևոր խորաթափանցութեան համար, յատկապէս, երբ ան ներգրաւէ զգացմունքներ, թոյլ տալով պարզութեամբ և հարազատութեամբ դիմելու Աստուծոյ, այնպէս ինչպէս կը խօսինք ընկերոջ մը հետ։ Աղօթքը իսկական հարազատութիւն  ու մտերմութիւն է Աստուծոյ հետ։ Անիկա թութակի նման կրկնում կատարել չէ։ Իսկական աղօթքը ինքնաբուխ սէր է Տիրոջ նկատմամբ» յարեց Քահանայապետը եւ աւելցուց. «Անիկա կը նշանակէ երթալ մտածումներէն անդին, մտնել Տիրոջ հետ մտերմութեան մէջ, սիրալիր ինքնաբուխութեամբ», դիտել տալով, որ «Սուրբերու կեանքին գաղտնիքը Աստուծոյ հետ մտերմութիւնն ու վստահութիւնն է, որ անոնց մէջ կ՛աճի ու միշտ աւելի դիւրին կը դարձնէ այն բաները, որոնք Անոր հաճելի են»։

Աստուծոյ հետ մտերմութիւնը

«Մտերմութիւնը կը յաղթէ վախին ու կասկածին» ըսաւ Քահանայապետը հաստատելով, որ զատորոշումը չի պահանջեր բացարձակ վստահութիւն, քանի, որ ան կը վերաբերի կեանքին, որ միշտ ալ տրամաբանական չէ:

«Քանի անգամներ փորձարկեցինք Սուրբ Պօղոսին ապրումը. «Ես չեմ կատարեր բարիքը, որ կը փափաքիմ այլ չարը որ չեմ փափաքիր» (հռոմ. 7,19)։ Մենք միայն բանականութիւն չենք, գործիքներ չենք, որոնք միայն ցուցմունքներ կ՜ընդունին զանոնք գործադրելու համար» նշեց ապա Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով, որ «զատորոշումը կը պահանջէ նաեւ զգացական մօտեցում»։

Յիսուսին հետ հանդիպումի նշանը ուրախութիւնն է

Ան ապա յատկանշական նկատեց Մարկոսի Աւետարանին մէջ Յիսուսին կատարած առաջին հրաշքը, որ դիւահանում էր, որով Ան մարդ մը ազատեց Աստուծոյ կեղծ կերպարէն, որ մշտապէս սատանայէն առաջարկուած է. Աստուած մը` որ մեր երջանկութիւնը չուզեր։

«Շատերը՝ նոյնիսկ քրիստոնեաներ, կը մտածեն, որ Յիսուս կարող է Աստուծոյ Որդին ըլլալ բայց կասկած ունին, եթէ Ան մեր երջանկութիւնը կը փափաքի։ Իսկ ուրիշներ կը կարծեն թէ Անոր առաջարկը լուրջի առնելը կարող է մեր կեանքը կործանել։ Բայց մենք տեսանք, որ Տիրոջ հետ հանդիպումի նշանը ուրախութիւնն է։ Մինչ տխրութիւնը կամ վախը Անորմէ հեռանալու նշաններն են» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ակնարկելով Յիսուսին հարուստ երիտասարդին ուղղած խօսքերուն. «Եթէ կ’ուզես յաւիտենական կեանքը մտնել, պատուիրանները պահէ» (Մատթ 19,17)։

«Բայց այդ երիտասարդին առջեւ կայացած մի քանի պատնէշներ թոյլ չտուին, որ ան իրականացնէ իր սրտին մէջ թաքուն իղձը ու մօտէն հետեւի «բարի վարդապետին», անոր համար հարստութիւնները շատ աւելի կարեւոր էին», յարեց Սրբազան Պապը նշելով, որ «Յիսուս զայն չի ստիպեր այլ կը տխրի անոր հեռանալուն պատճառաւ» եւ աւելցնելով որ,  «Յիսուս երբեք չի ստիպեր իրեն հետեւելու, Ան քեզի ցոյց կու տայ իր կամքը բայց ազատ կը թողու եւ ահա այս է ամենագեղեցիկ բանը Յիսուսին հետ աղօթքին, Անոր մեզի թողած ազատութիւնը»։

Սուրբերը կը փայլին արտացոլուած լոյսով

Զատորոշելը դիւրին բան չէ, քանի որ արտաքին տեսքը խաբէական է, բայց Աստուծոյ հետ մտերիմ ըլլալը կարող է փարատել կասկածներն ու վախերը՝ մեր կեանքը աւելի ընկալունակ դարձնելով անոր «քաղցր լոյսի» հանդէպ ըսաւ հուսկ Քահանայապետը ակնարկելով սուրբերուն «որոնք կը փայլին արտացոլուած լոյսով և իրենց օրերու պարզ արարքներուն մէջ ցոյց կու տան Աստուծոյ սիրավառ ներկայութիւնը, որ անհնարինը կը դարձնէ հնարաւոր»:

Յիսուս հաւատարիմ է` մեզի կ՛իյնայ զԱյն ընկալելը կամ մերժելը

«Աղօթքը աստիճանաբար, բայց արդիւնաւէտ կերպով մեզ կը մղէ միշտ աւելիով կարողութիւն ունենալ ճանաչելու այն բաները, որոնք էական են, որպէս բան մը` որ կը բխի մեր էութեան խորքէն» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը հրաւիրելով Տիրոջմէ հայցելու շնորհքը իր հետ բարեկամական փոխյարաբերութիւն մը ապրելու ու այդ շնորհքը հայցելու նաեւ մէկս միւսին համար, որպէսզի Յիսուսը տեսնենք որպէս ամենամեծ ու հաւատարիմ Բարեկամ, որ մեր վրայ չի ճնշեր ու մեզ երբեք չի լքեր նոյնիսկ երբ մենք Իրմէ կը հեռանանք։

«Ան միշտ կը մնայ մեր սրտին դռան մօտ։ Որովհետեւ Ան հաւատարիմ է։ Մեզի կը մնայ կամ մերժել զԱյն  ու կամ թոյլ տալ որ մուտք գործէ այնտեղ», ըսաւ Սրբազան Պապը հրաւիրելով Տիրոջ դիմել մտերմիկ աղօթքով, սիրոյ ու մօտիկութեան աղօթքով, քիչ խօսքերով բայց բարի գործերով ու արարքներով»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/09/2022, 09:44

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >