Որոնել

1662976493596.JPG

Սրբազան Քահանայապետին ողջոյնը Զուիցերական ուսանողական ընկերութեան անդամներուն

Յիսուս Քրիստոսը պատմութեան մեծագոյն դաստիարակն է. Ֆրանչիսկոս Պապ

Մարիամ Երեմեան – Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այսօր՝ սեպտեմբերի 12-ին ընդունած է Զուիցերական ուսանողական ընկերութեան անդամները:

«Դուք Զուիցերիոյ ուսանողական ամենէ մեծ միութեան մաս էք, որ կը համախմբէ տարբեր սերունդներու մարդիկը. սա շատ դրական է, սա սերունդներու միջև հանդիպումն է և երկխօսութիւնը»: Պապը այս խօսքերով սկսաւ իր խօսքը ընդգծելով, որ պէտք է շնորհակալ ըլլալ Աստուծոյ՝ կրթութեան հնարաւորութեան համար, ինչը շատերուն հասանելի չէ:

Ան ապա առաջարկեց ստեղծել առարկայական հնարաւորութիւն՝ նպաստելու կրթութեան իրաւունքի իրացմանը և եթէ այդպիսի նպատակը արդեն անոնց գործունէութեան մաս կը կազմէ, ապա հետամուտ ըլլալ անոր` նոր յանձնառութեամբ:

Սորվիլը ճանապարհորդութիւն է

Պապը ապա նշեց, որ՝ Զուիցերիոյ և անոնց Ընկերութեան Հովանաւոր Սուրբ Նիկողայոս Ֆլուէի սրբադասումի 75-ամեակի առիթով, դէպի Հռոմ ուսանողներու այս ուխտագնացութիւնը, իրեն գեղեցիկ մէկ համանմանութիւն նկատել տուած է՝ ուսանող ըլլալու և ուխտաւոր ըլլալու միջև: Ան շեշտեց, որ «սորվիլը ճանապարհորդութիւն է», իսկ ուսանող ըլլալ կը նշանակէ ցանկանալ սորվիլ, իմանալ և ունենալ աշակերտի ոգին, միշտ, ցանկացած տարիքին:

Եղէ՛ք Աստուծոյ Խօսքի «ուսանողներ»

Ֆրանչիսկոսը այնուհետև շեշտեց, որ «Յիսուս Քրիստոս պատմութեան մեծագոյն դաստիարակն է. Հօր սիրով և Սուրբ Հոգւոյն գործողութեամբ Ան մեզ կը ծնի «վերստին», ինչպէս, որ ըսաւ Նիկոդեմոսին (հմմտ. Յովհ. 3:3): Ան դուրս կը հանէ նոր մարդը հին մարդու պատեանէն: Ան կ’ազատէ մեզի մեր ես-ի ստրկութենէն և մեզ կը բանայ կեանքի լիարժէքութեան՝ Աստուծոյ, ուրիշներու, արարածներու և նոյնիսկ մենք մեզի հետ հաղորդակցուելու մէջ»:

Սրբազան Քահանայապետը յորդորեց ապա ուսանողներուն ըլլալ Աստուծոյ Խօսքի «ուսանողներ», ժամանակի մէկ մասը յատկացնելու Աստուածաշունչին, Աւետարանները կարդալու, իրենք զիրենք զգալ` որպէս Յիսուսի աշակերտներ, որոնք ցանկութիւնն ունին մտիկ ընել Անոր, հարցեր տալ, խորհիլ Անոր խօսքերու և արարքներու շուրջ:

«Ինձ կը թուայ, որ ուխտաւոր ըլլալ կը նշանակէ չի բաւարարուիլ «օրը օրին ապրելէն», այլ «կամենալ ապրիլ», ըսաւ ի վերջոյ, Ֆրանչիսկոս Պապը և հայցեց Սուրբ Նիկողայոս Ֆլուէի բարեխօսութիւնը, յորդորելով ըլլալ ճշմարիտի, լաւի և գեղեցիկի կրքոտ որոնողները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/09/2022, 12:10